Արխիւ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօրերուն քաղաքս կ՚այցելէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան։ Ան կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի հիւրանոցին մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ասորի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթինին։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները այս առթիւ ունեցան սիրալիր տեսակցութիւն մը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 26-ին կը լրանայ ծննդեան 148-րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամենէն հոգեհարազատին՝ Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորած, այլեւ՝ աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սփիւռքահայ երկու երիտասարդ բարեկամներ ամէն գիշեր, ուշ ժամերուն, տան ճամբան բռնած կը զրուցեն, տեղ մըն ալ կը նստին ու գաւաթ մը սուրճով կը թօթափեն օրուան հեւքը: Քիչ մը հինէն, քիչ մը նորէն, հայրենիքէն, ծննդավայրէն... նիւթեր կ՚արծարծեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն» եւ «անկախութիւն»՝ ահաւասիկ երկու արժէքներ, որ մարդս «մարդ» կ՚ընեն եւ կը զգացնեն, թէ ան ինքնութիւն մը ունի, անհատ մըն է՝ դատելու, որոշելու եւ իր կեանքի ընթացքը ընտրելու կարողութեամբ օժտուած։ Այս երկու արժէքներն են որ անհատը «ա՛նձ» մը կ՚ընեն եւ առիթ կու տան, որ ան արժանապատ-ւութեան տէր, ինքնակամ անձնաւորութիւն մը ըլլայ։
Երէկ, Հայաստանի մէջ սկսաւ Գերմաներէնի շաբաթը։ Այս առթիւ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը տեղեկացուց, որ մինչեւ տարեվերջ Երեւանի մէջ գործել պիտի սկսի Կէօթէի կաճառի կեդրոնը։
Անգարա կը հետեւի Հիւսիսային Իրաքի հանրաքուէի յաջորդած իրադարձութիւններուն:
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ քննարկուեցաւ տարածքաշրջանի ընդհանուր վիճակը:
Հայկական ճատրակի յառաջատարներէն Լեւոն Արոնեան երէկ ապահովեց նոր նուաճում մը, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէն ներս եւ առիթ հանդիսացաւ մեծ ուրախութեան։ Այսպէս, Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան աւարտին Լեւոն Արոնեան ապահովեց առաջին տեղը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
71 տարեկան Պրայն Տիւմոլին կ՚ուզէ իր երկյարկանի բնակարանը ծախել, սակայն կը գտնուի սահմանային խոչընդոտի մը առջեւ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Հայերէն առաջին Աստուածաշունչի հրատարակութեան 350-ամեակին ձօնուած կարեւոր ձեռնարկ մը:
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան մասնակցութիւն բերաւ յոբելենական գիտաժողովին:
«Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» նախագծի շնորհանդէսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան օրուան զուգադիպեցաւ անոր կեանքի երազներէն մէկուն իրականացման ազդարարումը:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը արդէն կեդրոնացած է այս շաբաթավերջին նախատեսուած Սամաթիոյ տարեկան սիրոյ սեղանին վրայ։ 2017-2018 շրջանի մատաղօրհնութիւնները կը բացուին այս շաբաթավերջին Սամաթիոյ մէջ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած աւանդական հանգանակութիւնով։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Զբաղած եմ, գլուխս քերելու ժամանակ չունիմ», «Ծանրաբեռնուած եմ», «Ժամանակս ոսկի է»։ Նման յանկերգներով կրկնուող պատճառաբանութիւնները՝ խօսելու սովորութենականացած ձեւ մըն են այլեւս, որ ստէպ կը գործածուին որպէս պատրուակ՝ պատասխանատուութենէ փախուստի, յանձնառութենէ խուսափումի, կամ, թերացումի պարագային՝ ինքնարդարացման։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վիճաբանութիւնը, իր շնորհալի կերպով եւ մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութեան սահմաններուն մէջ՝ բանականութեան եւ խորհելու ու արտայայտուելու ազատութեան բնական մէկ պահա՛նջքն է։ Արդարեւ, պարզ է եւ հասկնալի, թէ խորհող մարդը կը վիճաբանի, քանի որ թէեւ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, բայց զայն գտնելու ճամբաները եւ միջոցները՝ տարբե՛ր։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն դպրոցական եւ կամ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբն է: Մէկ խօսքով՝ վերամուտ, որուն հարազատ արդիւնք, քանի մը ամիսներու վրայ երկարող արձակուրդէ մը ետք, հազարաւոր աշակերտներու դիմաց միօրեայ եւ ամէնօրեայ բոլոր վարժարանները իրենց դռները կը վերաբանան:
ՍԵՒԱՆ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ
2016 Դեկտեմբերին, Հալէպի տանջանքը վերջ գտնելով, վերջ գտաւ նաեւ հալէպահայութեան մղձաւանջը: Հինգ տարի շարունակ տիրող անապահովութիւնը, կենցաղային դժուարութիւնները, անմարդկային արարքները, մահուան սարսափազդու պատկերները եւ ամէն տեսակի զրկանքն ու տառապանքը վերացան… Հալէպը ապահով քաղաք յայտարարուեցաւ:
Գեղանկարիչներու «Համագործակցութեան եւ բարեկամութեան ներկապնակ» միջազգային փառատօն-ցուցահանդէսին ներկայացուեցան աշխարհի տասն երկիրներէ Հայաստան ժամանած ստեղծագործողներու վաթսուն գեղանկարչական աշխատանքներ։ Կտաւորներու մէջ պատկերուած էին հայոց բնաշխարհը, մարդիկ օտարներու ընկալմամբ։
Յակոբ Կիւլլիւճեան կը մեկնաբանէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու կրթական ու մշակութային երեսակները:
UCLA-ի Հայագիտական ամպիոնի դասախօսին խօսքերով՝ որեւէ լեզուով ուսանող թեկնածուները ընդհանրապէս պարտաւոր կ՚ըլլան այդ լեզուով ուսումնասիրութիւն մը շարադրելու կամ դասախօսութիւն մը տալու ճարտարութիւնը ունենալ, սակայն հայագիտութեան պարագային սա կ՚առթէ ծիծաղ, երբեմն ալ տեղի կու տայ մեկուսապաշտութեան ակնարկութիւններու:
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կազմակերպած հանրաքուէին պատճառով լարուածութիւն:
Անգարա եւ Պաղտատ համատեղ ռազմափորձեր կը կատարեն սահմանի վրայ - Էրտողան խօսեցաւ Փութինի հետ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի զանազան ձեռնարկներով նշուեցաւ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու քսանհինգամեակը: Հայաստանի եւ Եգիպտոսի հանրապետութիւնները դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 1992 թուականի Մարտին: