Արխիւ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Պէյօղլուի «Թուրքուազ» գրատունը։ Ծանօթ է, որ Բիւզանդ Աքպաշի մականին ներքեւ կը գործէ «Թուրքուազ»ը, որ միեւնոյն ժամանակ հրատարակչութեան մարզէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանի մականին ներքեւ։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս, թաղային խորհուրդին ջանքերով այս տարի եւս կը շարունակուի Մեծ պահոց շրջանի սիրոյ սեղաններու աւանդութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր Մեծ պահոց շրջանին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս մայրամուտին կը սարքուի պահքի սիրոյ սեղան։
Մեր համայնքի ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է «Մենք եւ մեր պարերը» խորագրեալ ծրագրի մը։ Այսպէս, Կիւլէչները կը կազմակերպեն հայկական ժողովրդական պարերու դասընթացքներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լեզուն զսպել, խօսքի չափը գիտնալ առաքինութիւն է, որ մարդս կ՚ազնուացնէ, լուրջ եւ վստահելի կը դարձնէ։ Լեզուն պահպանել, լեզուին տէրը ըլլալ կը նշանակէ, այն ի՛նչ որ ծանրախոհ, խոհեմ եւ ողջամիտ մարդ ըլլալու նշան մըն է։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան, որ միեւնոյն ժամանակ Առաջնորդարանի մշակոյթի յանձնախումբը կը գլխաւորէ, արժանացաւ բարձր պատիւի մը։
Հայկական ֆութպոլի ժամանակակից աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ իր եւս մէկ ուշագրաւ առանձնայատկութիւնով։
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը երէկ վերյիշեցին Մարտի 1-ի դէպքերուն զոհուած տասը քաղաքացիները:
Ազատութեան հրապարակէն դէպի Միասնիկեանի հրապարակը տեղի ունեցաւ հաւաք-երթ մը՝ բացայայտման պահանջով:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ վերջերս դէպի Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան հաւանական նկատեց, որ Հայաստան եւ Վրաստան պիտի կարենան այլընտրանքային ճանապարհ մը գտնել՝ Վերին Լարսի սահմանային անցակէտին համար։
Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային հերթական անգամ քննադատեց Հայաստանի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան մասնակցեցաւ՝ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Փաքիստանի մէջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յարգելի Տքթ. Մինաս Գոճայեան,
Կարդացինք Երուսաղէմի Պատրիարքի Իսթանպուլ այցելութեան վերաբերեալ ձեր գրութիւնը, որ լոյս տեսած է Պէյրութի «Զարթօնք»ի եւ Լոս Անճելըսի «Նոր Օր»ի այսօրուան թիւերուն մէջ։ Խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր արձագանգին համար եւ հաւատացէք՝ սա զուտ քաղաքավարական մղումներով չէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ, ի թիւս կարգ մը հայկական ծիսական, ժողովրդական, աւանդական տիկնիկներու, կայ նաեւ զուարճալի տիկնիկ մը, որուն անունն է Ակլատիզ կամ Պաս պապիկ: Հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի Ակլատիզ տիկնիկը:
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իր արտասովոր պաշտօնավարութեան առաջին մէկ ամսուան ընթացքին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցոյց տուաւ, որ ոչ միայն իբրեւ նախագահութեան թեկնածու կարեւորութիւն չի տար իրականութեանց, այլ պատրաստ է իր շահերուն չյարմարող ճշմարտութեանց դէմ պայքարը շարունակելու՝ Սպիտակ տունէն եւս:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կոտայքի մարզ, Աղուերան, լեռներուն գագաթներով շրջապատուած գողտրիկ, իւրայատուկ գեղեցկութեամբ վայր մը: Ձիւնը սպիտակ քօղով հարսի պէս շողշողուն զգեստներ հագցուցած է գագաթներուն, արեւն ալ կը զմայլի կարծես ու իր ժպիտով անոնց փայլքին շողը կը կրկնապատկէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուտ»ը՝ որ ճշմարտութեան հակադրումն է՝ խաւարի եւ լոյսի, չարի եւ բարիի, վնասակարի եւ օգտակարի, շահամոլութեան եւ առատաձեռնութեան նման, միշտ կ՚ապրի պահուըտա՛ծ, որպէսզի չյայտնուի իր իսկական երեսը։ Ծածուկ կը շարժի, գաղտնօրէն կը վարէ իր կեանքը, քանի որ մի՛շտ վախը ունի յայտնուելու։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աւարտեց իր երկօրեայ աշխատանքային այցը դէպի Պրիւքսել:
Սերժ Սարգսեան ԵՄ-ի ղեկավարութեան նկատառման յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առկայ վիճակը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիայէ ներս՝ Ճերապլուսի, Ռայիի, Տապըքի եւ Էլ Պապի մէջ շատ յաջող գործողութիւններ յառաջ տարած են ու ներկայ փուլի թիրախն է Մենպիչ քաղաքը։ Էրտողան շեշտեց նաեւ, որ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ պէտք է ետ քաշուին դէպի Եփրատի արեւելքը։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կեանքը ինքնին գոյամարտ է… սակայն երբ հաւաքականութիւն մը կը հաստատուի կ՚ամրանայ իր հողին վրայ, ու երկար ժամանակամիջոցին յարաբերական խաղաղութեան տիրանայ, ժամանակի ընթացքին կարծես կը մոռցուին արտաքին պայքարները ու կ՚ընթանայ սովորական դարձած օրինաչափութեան մը վրայ:
Արդէն սկսաւ Մեծ պահքը: Այդ շրջանը կը տեւէ 48 օր՝ Բուն բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Ս. Զատկի) տօնի նախօրէն: Պահքի շրջանին կ՚օգտագործեն բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մշակութային կենսունակութեան եւ ազգային տաղանդին ամենէն խօսուն վկան է հայ թատրոնը, որուն արժանաւոր հսկաներէն Մարտիրոս Մնակեանի (1837-1920) մահուան 97-րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք Փետրուար 22-ին: