Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

​Քսան­հին­գա­մեայ ան­կախ հայ­րե­նի­քը կը թնդայ իր ար­ծա­թեայ տա­րե­դար­ձը տօ­նե­լով: Ա­մէն տեղ կը ծա­ծա­նի ե­ռա­գոյ­նը, ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը՝ մե­ծերն ու փոք­րե­րը փո­ղոցն են ու կ՚ուղ­ղուին Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ: Ար­ծա­թեայ յո­բե­լեա­նը պի­տի տօ­նուի նախ զօ­րա­հան­դէ­սով, ո­րուն նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փոր­ձե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ամ­բողջ ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Ե­րէկ, Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ շաբ­թուան հեր­թա­կան Ս. Պա­տա­րա­գը՝ ձե­ռամբ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ գտնուե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Մու­րատ Իչ­լի­նալ­չա­յի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Քրիս­տին Ծա­ռուկ վեր­ջերս շատ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րած է՝ կօ­շիկ­նե­րու գծագր­ման մրցոյ­թի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ելոյթներով հանդէս եկաւ Պէօրքլիի եւ Սթենֆորտի համալսարաններուն մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան հայկական կողմի տեսակէտները մանրամասնօրէն կը բացատրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ փուլին շուրջ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լորտ Պայ­րըն կ՚ը­սէ, թէ՝ «այս աշ­խար­հի վրայ ա­ռա­քի­նու­թե­նէ ա­ւե­լի ազ­նուա­կան եւ ըն­տիր բան չկա՛յ»։ Ա­ռա­քի­նի մարդ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ՝ ազ­նիւ մարդ ըլ­լալ, ըն­տիր մարդ ըլ­լալ, տի­պա՛ր մարդ ըլ­լալ եւ մէկ խօս­քով՝ մա՛րդ ըլ­լալ։ Ար­դա­րեւ բազ­մա­թիւ ա­րա­րած­նե­րու մէջ «մարդ» ստեղ­ծուած ըլ­լալ, «մարդ» ա­նուա­նուիլ՝ ի­րա­պէս շնորհ մըն է, ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը, բա­ցա­ռու­թի՛ւն մըն է։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի «Հօր մը իր զաւ­կին հետ մտե­րիմ խօ­սակ­ցու­թիւն» յօ­դուա­ծա­շար­քէն՝ 11 Սեպ­տեմ­բեր 1937 թուա­կիր «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի մէջ հրա­տա­րա­կուած հե­տաքրք­րա­կան յօ­դուա­ծը։ Ար­դա­րեւ, մե­զի հա­մար մեծ հա­ճոյք է մօ­տա­ւո­րա­պէս ութ­սուն տա­րի ա­ռաջ, մեր մեծ­հօր Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի, այս նոյն սիւ­նակ­նե­րուն մէջ հրա­տա­րա­կուած յօ­դուա­ծին անդ­րա­դառ­նալ եւ զայն ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի հրա­ւէ­րով Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լէ ետք Der Standard օ­րա­թեր­թի լրագ­րող Քրիս­տիան Շա­խին­կըր յօ­դուած հրա­պա­րա­կած է Հա­յաս­տա­նի մա­սին՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան շարք մը զբօ­սաշր­ջա­յին ուղ­ղու­թիւն­ներ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս օ­րե­րուն Պո­լիս կ՚այ­ցե­լէ սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան Տքթ. Վար­դան Օ­զի­նեան։ Ան Փա­րի­զէն քա­ղաքս փու­թա­ցած է իր քրոջ՝ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Մա­րի Քա­րա­քա­շեա­նի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահը պիտի յուղարկաւորուի այս Ուրբաթ:
Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր ղեկավարը իննսունչորս տարեկան էր:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ միջ­նորդ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն աշ­խոյժ աշ­խա­տանք տա­նիլ կող­մե­րուն հետ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով հրա­դա­դա­րի յար­գու­մը խրա­խու­սե­լու հա­մար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր կա­ռա­վար­ու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի վար­չա­պետ նշա­նա­կուե­լուն զու­գա­հեռ սկսած գոր­ծըն­թա­ցը ար­դէն հա­սուն­ցած է բա­ւա­կա­նա­չափ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ մին­չեւ շա­բա­թա­վերջ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի նոր կազ­մը յայտ­նի պի­տի դառ­նայ վերջ­նա­կա­նօ­րէն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ՀՕՖ-ի պատուիրակութիւնը:
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ կառոյցի ղեկավար Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի մասին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Ագարայի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց իր պաշտօնակցին հետ՝ անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ ԵՓԿ-ի խնդրին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս ար­դէն ա­ւար­տին հա­սած է ար­քու­նի ճար­տա­րա­պե­տաց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն շիր­մին վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը։ Յու­շար­ձա­նի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ վե­րա­նո­րո­գուած է շի­րի­մը, Փա­րի­զէն՝ Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բար­նե­րու բա­րե­րա­րու­թեամբ եւ «Հայ­ճար»ի նպաս­տով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս նշուե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րի օծ­ման վե­ցե­րորդ տա­րե­դար­ձը, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ շնոր­հուած շքան­շան­նե­րու տու­չու­թիւ­նը։ Այս­պէս, Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան յանձ­նեց բա­րե­րար­նե­րուն շքան­շան­նե­րը։ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի դի­ւա­նէն ստա­ցանք հե­տե­ւեալ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, զոր կը հրա­տա­րա­կենք ստո­րեւ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան ծէ­սի ըն­կե­րու­թեան 6-րդ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը։ Եէյ­լի հա­մալ­սա­րա­նէն Պրա­յան Սփինկ­սի կող­մէ գլխա­ւո­րուած այս ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ­ներն ու գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Ար­մէնփ­րէս» հայ­կա­կան լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան ջան­քե­րով՝ Ռու­սաս­տա­նի Աստ­րա­խան քա­ղա­քին մէջ Սեպ­տեմ­բերի 24-ին բա­ցուած է «Հա­յաս­տա՛ն, յա­ւեր­ժա­կան իմ սէր» խո­րա­գի­րը կրող լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ նուի­րուած Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեան­նե­րուն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­թաց­քի մէջ է «Կո­մի­տա­սը եւ միջ­նա­դա­րեան ե­րաժշ­տու­թեան մշա­կոյ­թը» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նին ծրա­գի­րը։ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սա­ւոր հա­մեր­գէն վերջ, ե­րէկ «Կո­մի­տաս» թան­գա­րան-կա­ճա­ռի յար­կէն ներս սկսան գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ար­ժան­թի­նի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն սա­ներ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Զե­փիւռ Տիզ­չէ­քէ­նեան։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ծա­նօ­թա­ցաւ իւ­րա­քան­չիւր սա­նի հետ, իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, նաեւ վեր­յի­շեց դէ­պի Ար­ժան­թին հո­վուա­պե­տա­կան ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին վար­ժա­րան տուած այ­ցը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016

Արթիւր Պաղտասարեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Իսթանպուլահայ երգիչը պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:

Էջեր