Արխիւ
Երուսաղէմի հայոց վանքէն դարձեալ հասաւ զգայացունց լուր մը։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ կարգաթող եղած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Հայկազուն Վրդ. Եղիայեան։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը՝ առաջին փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Պին Նաիֆ Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտը։
Ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարին, առաջնորդները պատրաստ չեն հիմնախնդրի կարգաւորման:
Ճոն Քերիի համոզմամբ, տակաւին պայմաններ չեն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս շաբաթավերջին կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան ամրան սկիզբին այցելած էր Հայաստան եւ տակաւին այդ շրջանին յայտարարուած էր նաեւ իր ներկայ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Հալէպի երէկուան դէպքերուն ընթացքին հայաբնակ թաղամասեր ենթարկուեցան սաստիկ յարձակումներու:
5 հայեր զոհուեցան, 11 վիրաւոր:
Երեւանի ղեկավարութիւնը յայտնեց խոր մտահոգութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրահանգով:
Մօտ օրէն Հայաստանէն երկու օդանաւով մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի փոխադրուի Սուրիա:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մեր տան մօտ նպարատուն մը կար, որ մօտ երկու տարիէ ի վեր փակուած է՝ ի՜նչ, ի՜նչ պատճառներով չենք գիտեր։ Հողին տէրը բնականաբար կ՚ուզէ շէնքը վարձու տալ ուրիշի մը, սակայն կաշկանդուած է պետական անուղղակի ճնշումներով։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 28-ին լրացաւ մահուան 69-րդ տարելիցը հայ մշակոյթի ճանաչման, պահպանման ու զարգացման բանասիրական մեծ գործին եւ ազգային նուիրական ծառայութեան մարզին մէջ հսկայական եւ մեծարժէք աւանդի տէր Գարեգին Լեւոնեանի (1872-1947)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի պատմական նշանակութեան ու անոր դերին մասին շատ գրուած է: Մենք՝ հայերս կը հաւատայինք, ու դեռ ալ կը հաւատանք, որ Հալէպը մեզի համար միայն կարեւոր տեղ մը ունի:
Այսօր Աշտարակի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Պոպոկի մրցոյթ-փառատօն»ը։ Պոպոկի (ընկոյզ) փառատօնը-մրցոյթը կ՚իրականացուի չորրորդ տարին ըլլալով՝ հայրենադարձ գործարարներ Պաղտատեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ, Աշտարակի «Պասկալ եւ Դիոդատո» սրճարանին մէջ, Կարմրաւոր եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն»ը կ՚արտայայտէ անձին ինքնութիւնը եւ էութիւնը, եւ անոր կեանքին իմաստը։
Աստուած ալ, այս իմաստով ունի անո՛ւն մը։
26 Սեպտեմբեր-5 Հոկտեմբեր թուականներու միջեւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ 1960-1961 թուականի աշխարհի ճատրակի ախոյեան Միխայիլ Տալի (1936-1992) յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը։ Սոյն մրցաշարքին կը մասնակցի Լեւոն Արոնեան:
Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւան քաղաքի «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան այս տարուան կարգախօսն է «Երեւան արեւի քաղաք»: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան ձեռնարկներու աշխատանքային խումբի համակարգող, փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան:
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «ԵՈՒՆԻՄԱ- Հայաստան»ի (Տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոն) նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Լոռիի, Շիրակի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ կայացաւ «Թումանեանական հեքիաթի օր» տիկնիկային թատրոններու միջազգային 11-րդ փառատօնը:
Չինաստանի մէջ սկսաւ գործել աշխարհի մեծագոյն հեռադիտակը, որուն բացման արարողութեան Կոնկճու նահանգին մէջ ներկայ էին այլ երկիրներէն հրաւիրուած հարիւրաւոր գիտնականներ: Հեռադիտակը ունի 500 մեթր տրամագիծով տեղաորոշիչ (ռատար), որ քանի մը անգամով կը գերազանցէ Փորթօ Ռիքոյի «Արեսիպօ» աստղադիտարանին մէջ գտնուող հեռադիտակին չափերը:
Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջազգային համագումարը՝ ամբողջ աշխարհի այս մարզի ամենէն մեծ իրադարձութիւններէն մէկը, 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Վերջերս Ֆրանսայի մէջ նշանակուած է Microsoft-ի նոր ղեկավար: Այժմ ընկերութեան ֆրանսական մասնաճիւղը կը ղեկավարէ հայազգի Վահէ Թորոսեան: Le Point ամսագրին ան հարցազրոյց մը տուած է՝ մասնաւորապէս խօսելով Microsoft-ի գրպանի հեռաձայններու ապագային մասին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, 2018 թուականի աշխարհի ախոյենութեան զտումի հանգրուանին 8 Հոկտեմբերին պիտի երթայ Ռումանիա, ուր պիտի մրցի այդ երկրի ազգային հաւաքականին դէմ, իսկ 11 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանը: Պատրաստուելով այդ ճակատումներուն՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականը 3-9 Հոկտեմբերին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Երեւանի մէջ:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Մխիթար Աբբահօր ի յիշատակ պատրաստուած ցուցատախտակ մը, որ զետեղուեցաւ դպրոցի շէնքի մուտքը։
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս վաղը տեղի պիտի ունենայ արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներուն նորակերտ յուշարձան-դամբարանին պաշտօնական բացումը։ Այս շիրիմը կառուցուած է Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու բարերարութեամբ, ի յիշատակ իրենց հոգելոյս ծնողաց՝ Շնորհիկ եւ Վահրամ Քըրմըզեաններու, որոնք անցեալի մէջ եղած են Սկիւտարի բնակիչներ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անոնք անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, եւ մանաւանդ Հալէպի կացութիւնը ծայր աստիճան մտահոգիչ դարձած է՝ բախումներու սաստկացման հետեւանքով։