Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Եզ­նի­կի «Եղծ Ա­ղան­դոց»էն հա­տուած­ներ կ՚ու­զենք ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն, քա­նի որ ա­նոնք կար­ծես «մեր օ­րե­րու հա­մար գրուած» են։ Այս կը նշա­նա­կէ, որ մարդս բնու­թեամբ միշտ նո՛յնն է, որ­քան ալ փո­խուին շրջան­նե­րը, թե­րեւս միայն ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թով փո­փո­խու­թիւն­ներ կ՚ըլ­լան, բայց ըստ էու­թեան մար­դը մի՛շտ նոյն «մարդ»ն է եւ շրջան­նե՜ր, դա­րե՜ր ալ փո­խուին՝ ան չի փո­խուիր իր էա­կան թե­րու­թիւն­նե­րով եւ մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րով

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Ս. Զատ­կի ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի 2015 թուա­կա­նի պիւտ­ճէն։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Ազ­գա­յին մե­ծա­նուն ու ան­մո­ռա­նա­լի բա­րե­րար Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի ծննդեան 147-րդ տա­րե­դար­ձը Մար­տի 23-ին նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ մը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րու թար­մաց­ման։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Զատ­կի ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պէյ­քո­զի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հոր­դը ո­րո­շած է Պատ­րիար­քա­րա­նին յանձ­նել եր­բեմ­նի գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի մա­կե­րե­սի գոր­ծա­ծու­թեան ի­րա­ւուն­քը։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ԳՐԻ­ԳՈՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Զատ­կի տօ­նի առ­թիւ սո­վո­րու­թիւն է եւ ժո­ղովր­դա­կան-մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դու­թիւն՝ հաւ­կիթ ներ­կե­լը, ձուա­խա­ղը կամ հաւ­կիթ­ներ ի­րար զար­նե­լով մրցե­լու սո­վո­րոյ­թը։ Ար­դա­րեւ Զատ­կի տօ­նը եւ հաւ­կի­թը կար­ծես նոյ­նա­ցած է թէ՛ ըն­կե­րա­յին եւ թէ ըն­տա­նե­կան կեան­քէն ներս եւ այս սո­վո­րու­թիւ­նը, սե­րուն­դէ սե­րունդ շա­րու­նա­կուե­լով «ա­ւան­դու­թեան» ար­ժէք է ստա­ցած։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Յի­սուս սոսկ պատ­մա­կան դէմք մը չէ, այլ ան­ժա­մա­նակ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մէջ յա­րա­կեն­դան եւ գոր­ծօն անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը։ Ան «կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ Որ­դին»՝ Ինք կեն­դա­նի Աս­տուած է։ Յի­սուս հաս­տա­տեց այս ճշմար­տու­թիւ­նը.

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

​«Այլ շնորհք Աս­տու­ծոյ, որ ետ մեզ զյաղ­թու­թիւն ի ձեռն
Տեառն մե­րոյ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի» (Ա. Կորնթ. ԺԵ. 57)։

 

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Ս. Յա-րութեան տօնին առթիւ։ 

Յա­նուն Հօր եւ Որդ­ւոյ եւ Հոգ­ւոյն Սրբոյ. ա­մէն։ 
«Յա­րեար ի մե­ռե­լոց Քրիս­տոս,
Այ­սօր զդոժխս ա­ւե­րեալ,
Եւ կեն­դա­նու­թիւն պար­գե­ւե­ցեր
Ա­րա­րա­ծոց քո­յով յա­րու­թեամբդ»
(Շա­րա­կան)։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

«Առ մեզ ագիր. զի ընդ երեկս է եւ տարաժամեալ է օրս» (Ղուկաս, 24.29)

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն վերջ­նա­կան նպա­տա­կը եւ գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան եր­կա­րա­տեւ լու­ծու­մը։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

Այ­սօր կէս գի­շե­րին պի­տի սկսի ամ­րան ժա­մու դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Ժա­մը՝ 03.00-ին ժա­մա­ցոյց­նե­րը պի­տի առնուին ժամ մը ա­ռաջ։ Ու­ժա­նիւ­թի խնա­յո­ղու­թեան հա­մար կը կա­տա­րուի այս կար­գադ­րու­թիւ­նը, Նախարարաց խորհուրդի որոշման հիման վրայ։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016

Տա­ղա­ւա­րի օր մը դար­ձեալ... Սուրբ Զա­տի­կը կը թա­կէ մեր դռնե­րը։ Հա­յաս­տե­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն տօ­նա­կան ա­ւե­տի­սով։ Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան հո­գե­ւոր հրճուան­քով հա­մա­կուած է՝ հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ Հա­մայն քրիո­տո­նեայ աշ­խար­հը տօ­նա­կան ցնծու­թեան մէջ է, իսկ այդ ու­րա­խու­թեան մէջ ան­պա­կաս՝ խա­ղա­ղու­թեան մաղ­թան­քը հա­մայն աշ­խար­հին հա­մար։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ԱՅ­ՏԱ ՄԱՀ­ՍԵ­ՐԷ­ՃԵԱՆ-ՍՐԱ­ՊՈ­ՆԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեալ ու­նի մօ­տե­ցու­մի ձեւ մը առ Աս­տուած: Ո­մանք ա­ռանձ­նա­նա­լով կը ջա­նան կեդ­րո­նա­նալ ու խո­կալ, ո­մանք ալ ար­տա­սա­նու­թեան ձե­ւով կը կրկնեն այն, ինչ որ սոր­ված են ի­րենց մե­ծե­րէն, յա­ճախ չհասկ­նա­լով ի­մաս­տը ի­րենց ը­սա­ծին:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ար­ցախ այ­ցե­լող օ­տար զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն թի­ւը տա­րե­կան 30-40 տո­կո­սով աճ ար­ձա­նագ­րած է։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­մա­ձայն, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յայտ­նած է Ար­ցա­խի Տնտե­սու­թեան փոխ-­նա­խա­րար Սէր­կէյ Շահ­վեր­տեան։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­հը՝ կեան­քին ան­խու­սա­փե­լի վախ­ճանն է։ Մա­հուան քրիս­տո­նեայ ի­մաս­տը կը յայտ­նուի Քրիս­տո­սի մա­հուան եւ յա­րու­թեան «Զատ­կա­կան խոր­հուրդ»ին լոյ­սին մէջ, այն Քրիս­տո­սին՝ ո­րուն վրայ դրուած է մար­դուս միա՛կ յոյ­սը։ Քրիս­տո­նեան որ կը վախ­ճա­նի ի Քրիս­տոս Յի­սուս, «կը թո­ղու այս մար­մի­նը եւ կ՚եր­թայ բնա­կե­լու Տի­րոջ մօտ» (Բ ԿՈՐՆ. Ե 8)։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Շա­հէն Ա­ւա­գեան, Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Զուի­ցե­րիոյ դես­պան Լու­քաս Կաս­սէր ե­րէկ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Հարկ է նշել, որ Լու­քաս Կաս­սէր Հա­յաս­տա­նի մէջ ֆրան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րու նա­խա­գահն է։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ յայտնի իրաւաբանը մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Պետական լրջագոյն վերաբերմունք:
Անթիլիասի կողմէ սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքին սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար բացուած դատին շրջագծով՝ սահմանադրական ատեանը հարցը յանձնած Է Արդարադատութեան նախարարութեան նկատառման:
Ըստ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլուի, մինչեւ աշուն կրնայ արձակուիլ վճիռը: Չի բացառուիր, որ բարձրագոյն դատարանը յարմար նկատէ առաջին օղակներէն սկսեալ այս թղթածրարին քննարկումը:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

- Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ՓՔՔ­-ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րը ոչն­չա­ցու­ցին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան 11 թի­րախ­նե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2016

29 Մար­տին, Ե­րե­ւա­նի Վազ­գէն Սարգ­սեա­նի ա­նուան հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տան-Դա­նիա մրցու­մը, որ կը գտնուի Եւ­րո­պա­յի քսան­մէկ տա­րե­կա­նէն վար 2017-ի ա­խո­յե­նու­թեան զտու­մի մրցա­շար­քի ծի­րին մէջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Կեան­քէն հե­ռա­ցած է հայ ա­նուա­նի օ­փե­րա­յի եր­գիչ (թե­նոր) եւ բե­մադ­րիչ, Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար, Լի­թուա­կան վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ա­րուես­տա­գէտ, «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» եւ «Հայ­րե­նի­քին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­մար» ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նի մե­տայ­լա­կիր Գե­ղամ Միհ­րա­նի Գրի­գո­րեան:

Էջեր