Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Մարտ 21-ին վախ­ճա­նած է հայ գրա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն բա­նաս­տեղծ ­Վա­հան ­Մի­րա­քեան (1866-1942), ո­րուն ծննդեան 150-ա­մեա­կը կը նշո­ւի այս տա­րի։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Զ. ՍՕ­ՆԱ

Թոռ­նի­կը կը ձայ­նէր մեծ­մօր. «Ե­կո՛ւր եաեա(x), տե՛ս քեզ շատ յու­զող պատ­կեր մը կայ հա­մա­կար­գի­չին մէջ»։ Երբ մեծ­մայ­րի­կը ակ­նո­ցը ա­ռած, մօ­տե­ցաւ թոռ­ա­նը՝ պար­զուած տե­սա­րա­նը իս­կա­պէս յու­զիչ եւ կեր­պով մը դաս­տիա­րա­կիչ էր մար­դոց հա­մար։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Զուի­ցե­րիա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան Ժը­նե­ւի մէջ կը մաս­նակ­ցի՝ Սու­րիա­յէն խոյս տա­լով այլ եր­կիր­նե­րու մէջ ա­պաս­տան գտած փախս­տա­կան­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տա­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պուած բարձր մա­կար­դա­կի հան­դիպ­ման։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հայաստանի մէջ նոր նախագիծ մը կեանքի կոչուած է։ Քանի մը տարիէն նոր շէնք կամ թաղամաս պիտի գոյանայ կեդրոնին մէջ, «Հին Երեւան» անունով: Ամէն մարդ անհամբերութեամբ կը սպասէ, թէ ինչ տեսք պիտի ունենայ «Հին Երեւան» անունը կրող այդ փողոցը, որու կառուցումը արդէն հաստատուած է պետական մակարդակով եւ աւարտին պիտի հասցուի նախատեսուած ժամկէտներուն մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ո­խա­կա­լու­թիւն». ա­հա­ւա­սի՛կ մո­լու­թիւն մը՝ հո­գե­կան ախտ մը, վատ սո­վո­րու­թիւն մը, կիրք մը, որ դժբախ­տա­բար մարդս գե­րի կը դարձ­նէ, իր ճի­րան­նե­րուն մէջ բան­տար­կե­լով զայն։ «Ո­խա­կա­լու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ քէն, քի­նախնդ­րու­թիւն, քէ­նէ մղուած վրէժխնդ­րու­թիւն։ Եւ այս կիր­քը կ՚ար­ծար­ծէ, կը հրահ­րէ թշնա­մու­թիւն­նե­րը, հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րը, կը տե­ւա­կա­նաց­նէ կռի­ւը, պայ­քա­րը։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Բրի­տա­նա­կան «Ին­տի­փեն­տընթ» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ 8-րդ դա­րուն ա­րա­բա­կան Օ­մա­յատ­նե­րու կայս­րու­թիւ­նը (661-750) աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն կայս­րու­թիւնն էր եւ ստեղ­ծած էր ա­րուես­տի, գրա­կա­նու­թեան, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ գի­տու­թեան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի եր­կայն­քին վեր­ջին օ­րե­րուն շա­րու­նա­կուե­ցան լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ար­ձա­կուր­դա­յին օ­րե­րուն ի­րա­վի­ճա­կը ե­ղած է ան­հան­գիստ։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր շփում­նե­րու կը ձեռ­նար­կէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ուր կու տայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը։ 31 Մարտ-1 Ապ­րիլ թուա­կան­նե­րուն ան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կը մաս­նակ­ցի Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան Դ. գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Հարկ է նշել, որ այս գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րը 2010 թուա­կա­նէն ի վեր տե­ղի կ՚ու­նե­նան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ եւ Թուր­քիա սկիզ­բէն ի վեր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ ա­նոնց։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016

«Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հաս­տա­տու­թե­նէն ներս բա­ցուած է նոր գրա­դա­րան մը։ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի գրա­դա­րա­նը ուղ­ղուած է հայ­կա­կան հար­ցի եւ Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն վրայ մաս­նա­գէտ­նե­րը եւ հե­տա­զօ­տող­նե­րը խրա­խու­սե­լու հա­մար։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Ս. Զատ­կի ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ար­ծար­ծուե­ցաւ թրքա­հա­յու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց կա­ռոյց­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Զատ­կի ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց ազ­գա­պատ­կան կարգ մը կա­րե­ւոր կա­լուած­նե­րու ընդ­հա­նուր վի­ճա­կին շուրջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ե­րեք­շաբ­թի, 22 Մարտ 2016-ին, «Եւ­րո­պա­յի սիր­տը»ը հա­մա­րուող Պրիւք­սէ­լը հա­րուա­ծած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը սպա­սե­լի էր: Տասն օր ա­ռաջ Սա­լահ Ապ­տըլ Սա­լա­մը ձեր­բա­կա­լած Պել­ժի­ո­յ ա­պա­հո­վա­կան ու­ժեր ձա­խո­ղե­ցան եր­կի­րը անվ­տանգ պա­հե­լու ի­րենց վստա­հուած գոր­ծին մէջ:

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան այ­սօր կը մեկ­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր պի­տի մնայ շուրջ շա­բաթ մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան յանձ­նա­խում­բի նիս­տին ըն­թաց­քին։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Ս. Զատ­կի ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի։ Հարկ է նշել, որ տա­ղա­ւա­րի նա­խոր­դող օ­րե­րուն լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած էին լսում­ներ եւ պնդում­ներ, ըստ ո­րոնց տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու թի­րախ պի­տի դառ­նա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց սրբա­վայ­րե­րը։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

​Թրքահայութիւնը այս տարի եւս աւանդական խանդավառութեամբ նշեց Սուրբ Զատիկը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ եղբայրական սիրոյ վերանորոգման:
Գումգաբուի մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց համայնքային շրջանակներու շնորհաւորութիւնները:

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սու­րիա­հա­յոց հեր­թա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը։ «Սու­րիա­հայ մշա­կոյ­թի շուն­չը Ե­րե­ւա­նի մէջ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռը այս ան­գամ եւս ար­ժա­նա­ցաւ բո­լո­րի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէ­կուան Ս. Զատ­կի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, թէ յա­ռա­ջի­կայ կրթա­կան շրջա­նէն սկսեալ Գում­գա­բուի Դրսի եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը պի­տի տրա­մադ­րուի Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով Իս­թան­պուլ հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րու կրթու­թեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րի­ցա­գոյն հո­գե­ւո­րա­կա­նը՝ Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեան ի Տէր հան­գեաւ Ուր­բաթ Մարտ 18, 2016, Է­մըր­սը­նի (Նիւ Ճըր­զի) Հայ­կա­կան հանգս­տեան տան մէջ: Ե­ղի­շէ Ար­քե­պիս­կո­պոս 91 տա­րե­կան էր:

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Լաս Վե­կա­սի մէջ պի­տի բա­ցուի գա­նա­տա­հայ մե­ծա­նուն նկա­րիչ Եու­սուֆ Քար­շի գոր­ծե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը գրեց, թէ տեղ­ւոյն «Պե­լա­ճիօ» ցու­ցադ­րաս­րա­հին մէջ պի­տի բա­ցուի ան­մո­ռա­նա­լի լու­սան­կա­րիչ Եու­սուֆ Քար­շի ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնեց Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն:

Էջեր