Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Ուղղափառ աշխարհի մետրապոլիտները համախմբուած Իսթանպուլի մէջ:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը կը նախագահէ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններուն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րէն բա­նաս­տեղծ, գրա­կա­նա­գէտ ու թարգ­մա­նիչ Հեն­րիկ Է­դո­յեան այս օ­րե­րուն կը նշէ իր ծննդեան 75-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան 75-րդ տա­րե­դար­ձին կա­պակ­ցու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կած է Հեն­րիկ Է­դո­յեա­նին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Նո­յեմ­բե­րի 1-ին նա­խա­տե­սուած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ստեղ­ծուած ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ յայտ­նի դար­ձան փոխ-վար­չա­պետ­նե­րու լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւառ­նե­րը։ Այս­պէս, Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն հա­մա­ձայն, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը մաս պի­տի կազ­մէ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մու­շի վե­րահս­կո­ղու­թեան յանձ­նուած կա­ռոյց­նե­րու շար­քին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ե­րէկ ու­նե­ցաւ մեծ կո­րուստ մը։ Այս­պէս, 83 տա­րե­կան հա­սա­կին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց մե­ծա­նուն բա­րե­րար, սփիւռ­քա­հայ գոր­ծիչ եւ ա­մե­րի­կա­հայ գոր­ծա­րար Վա­հագն Յով­նա­նեան։ Սա իս­կա­պէս մեծ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի կո­րուստ մըն է, ո­րով­հե­տեւ Վա­հագն Յով­նա­նեան հայ­կա­կան Սփիւռ­քի խորհր­դան­շա­կան ու տի­րա­կան դէմ­քե­րէն մին էր ու բե­րած էր վիթ­խա­րի նպաստ մը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ատրպէյճան:
Սէրկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամէտեարով բանակցութիւններուն ընթացքին կ՚անդրադառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ող­ջա­խո­հու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ հա­մա-լը­րու­մը ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ բա­նա­կա­նու­թեան մար­դուն մէջ։ Ա­ւե­լի նեղ ու յա­տուկ ի­մաս­տով, կը նշա­նա­կէ՝ ժուժ­կա­լու­թիւն, չա­փա­ւո­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կրթական մշակներուն համար տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
Վեհափառ Հայրապետը վերամուտի առթիւ համախմբուեցաւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րէկ լրա­ցաւ նի­ժե­րիա­ցի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն Պո­քօ Հա­րամ ծայ­րա­յե­ղա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ա­ռե­ւանգ­ման 500-րդ օ­րը: Այս առ­թիւ Նի­ժե­րիոյ տարբեր շրջան­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ա­պո­ժա­յի մէջ բո­ղո­քի մեծ եր­թեր կազ­մա­կեր­պուե­ցան: Եր­թե­րուն գլխա­ւոր ռահ­վի­րան Bring Back Our Girls (Մեր աղ­ջիկ­նե­րը տուն դար­ձու­ցէք) շար­ժումն է, որ կը վա­յե­լէ ոչ միայն երկ­րի, այլ նաեւ՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Քոպանիէն Թովմասեան ընտանիքին Իսթանպուլ-Երեւան ուղեւորութիւնը մնաց Չորեքշաբթի օրուան:
Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, օդակայանին մէջ ծագած են փաստաթուղթերու վերաբերեալ հարցեր:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը կեն­դա­նի գոր­ծա­րա­նա­ւո­րու­թիւն մը ու­նե­նա­լու հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է ըն­կե­րակ­ա­նու­թեան-հա­սա­րա­կաց միտք։ Ար­դա­րեւ ըն­կե­րու­թիւ­նը կազ­մող ա­մէն մէկ ան­հատ «ան­դամ» է ամ­բող­ջու­թեան եւ ա­ռանց այդ մէկ ան­դա­մին պա­կաս կը մնայ միու­թիւ­նը, չի կազ­մուիր ամ­բող­ջու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

ԺԻ­ՐԱՅՐ ՉՈ­ԼԱ­ՔԵԱՆ

Յու­լիս 29-30-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­նե­րը» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վը, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա­յի նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միոյ «Հրա­չ-եայ Ա­ճա­ռեան» լե­զուի կաճառին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

​Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած պասքեթպոլի, վոլէյպոլի եւ ճատրակի ամրան դասընթացքները պսակուեցան յաջողութեամբ:
Եղանակի եզրափակիչ արարողութիւնը երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի բարձունքին վրայ Մուսա լերան հովը փչեց՝ նուիրական արժէքներու եւ ժողովրդական ապրումներու համադրութեամբ:
Շաբաթ երեկոյեան կատարուած տօնախմբութեան աւարտին պատրաստուիլ սկսած աւանդական հարիսան երէկուան Ս. Պատարագէն վերջ բաժնուեցաւ ժողովուրդին: Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

Ե­րե­ւա­նի «news.am» կայ­քէ­ջը շա­բա­թա­վեր­ջին անդ­րա­դար­ձաւ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ բա­ցուած դա­տին՝ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

Մինչ Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը, շա­բա­թա­վեր­ջին կա­րե­ւոր հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մի­ջեւ։ Ե­րեք ղե­կա­վարն­ե­րը այս հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին որ­պէս հիմ­նա­կան նիւթ անդ­րա­դար­ձան Ուք­րայ­նոյ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին եւ Մինս­քի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015

Թրքական ռազմաօդանաւերը շաբաթավերջին ռմբակոծեցին Հալէպի հիւսիս-արեւեալ շրջանները:
Անգարա անվտանգ գօտիի մը ստեղծումը միշտ կը կարեւորէ՝ ԻՇԻՊ-ը հեռու պահելու համար իր սահմանէն:

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ շատ մը հնարք­նե­րո­վը ու գիւ­տե­րո­վը կը պար­ծե­նայ, կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու ինք­նա­խա­բէու­թեամբ ինքն իր­մով կը հպար­տա­նայ։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015

ԺԻ­ՐԱՅՐ ՉՈ­ԼԱ­ՔԵԱՆ

Ան­կա­խու­թեան սկիզ­բին, Սփիւռ­քի հա­յա­խօս շրջա­նակ­նե­րուն մե­ծա­գոյն յոյսն էր, որ Հա­յաս­տա­նի եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ե­ռա­գոյ­նին եւ զի­նանշա­նին կող­քին պի­տի վե­րա­կանգ­նէ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը իբր հաշ­տու­թեան ամ­բող­ջա­կան նշան իր ժա­ռան­գու­թեան հետ, կամր­ջե­լով եր­րոր­դը ա­ռա­ջի­նին, որ հռչա­կուած էր եւ ձեռք բե­րուած ա­նա­սե­լի ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու եւ սխրանք­նե­րու գնով։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015

Այս տա­րի, աշ­խար­հա­տա­րած Ռամ­կա­վար կու­սակցա­կան­ներ կը պատ­րաստուին Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) նոր Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան մը ընտ­րու­թեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015

«Միու­թիւն 2015. յաղ­թա­նա­կի ժա­ռան­գորդ­նե­րը» ռազ­մա­մար­զա­կան հա­ւա­քի եզ­րա­փա­կիչ մի­ջո­ցա­ռու­մը նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ։

Էջեր