Արխիւ
Բարեկենդանի առթիւ Պատրիարքարանի մէջ վերակենդանացուեցաւ հնամենի աւանդութիւն մը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մեծ պահոց շրջանին համար կարողութիւն մաղթեց միաբան հայրերուն:
Անգլիա-Լիբանան գործարարութեան խմբակի ներկայացուցիչները վերջերս այցելեցին Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական համալսարանը։
«Մարալ» միութիւնը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մարալ» միութեան ներկայացուցիչները՝ Մարի Աքպաշ, Սելմա Մելեքեան, Լեռնա Փափազեան եւ Ալին Քումրալ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Երկուշաբթի տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալի ժամերգութիւնը, որուն նախագահեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին փութաց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներու այցելութեան։ Խումբը գլխաւորեց դպրապետ Խաչիկ Սարկաւագ Սարըլը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մանուկներու անմեղութիւնը արդիւնքն է՝ իրենց պարզամտութեան, աննենգութեան եւ դիւրահաւանութեան։
«Մավի Մարմարա» նաւուն պարագային ապրուած ճգնաժամէն վերջ, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը կը շարունակուին։ Կը հաղորդուի, որ երկու երկիրներու դիւանագէտներն ալ արդէն աշխատանքի լծուած են այս ուղղութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ցրտութիւն կ՚ապրուի ԵՓԿ-ի հանդէպ դիրքորոշման հետեւանքով:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու.«Քանտիլի պարագային մեր ըրածը կրնանք ընել նաեւ Սուրիոյ մէջ»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան պիտի մասնակցի Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան համաժողովին, որու շրջագծով պիտի քննարկուին միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը։
Փեքինի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Սէրկէյ Մանասարեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր արդէն ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը։
Թուրքիա միշտ կ՚ընդգծէ, որ ԵՄ-ի կողմէ նախատեսուած 3 միլիառ եւրօ յատկացումը պիտի ծախսուի գաղթականներուն ի նպաստ:
Ահմէտ Տավուտօղլու Լախէյի մէջ քննադատեց այն շրջանակները, որոնք Սուրիոյ տարածքէն ներս չեն կրնար կասեցնել Ռուսաստանի ռմբակոծումները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը: Ըստ վարչապետին, Անգարա միշտ իր դռներն ու սիրտը բաց կը պահէ ապաստանեալներուն համար:
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան նիւթերու վերաբերեալ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։
Շաբաթավերջին վայրագօրէն սպաննուած մեր համայնքի երէց անդամներէն Յակոբ Տեմիրճիի ոճրագործութեան կապակցութեամբ ոստիկանութիւնը հսկողութեան տակ առաւ ութ հոգի։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցան Միացեալ Նահանգներու հրէական ազդու կազմակերպութիւններու ղեկավարներէն բաղկացեալ պատուիրակութեան մը հետ։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ վերջին օրերուն կ՚ապրուի տարակարծութիւն մը։ Թէեւ միջոցէ մը ի վեր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հանդէպ ցուցաբերուած ընտրովի մօտեցման բերումով Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ կ՚ապրուին որոշ անհամաձայնութիւններ, սակայն երէկ այդ երեւոյթը հասաւ ճգնաժամի մը մակարդակին։
Եւրոմիութիւնը բարեփոխումներով կը պայմանաւորէ յառաջիկայ շրջանին Հայաստանին ցուցաբերելիք աջակցութեան չափը:
Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալշթրէօմ աւարտեց դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութիւնը՝ Արեւելեան գործընկերութեան մասին պատգամներով:
Րաֆֆի եւ Զիւհալ Փորթագալ ամոլը երէկ երեկոյեան կազմակերպեց մտերմիկ ընդունելութիւն մը:
Հանրածանօթ գեղարուեստի տան հիմնադրութեան յոբելեանին ձօնուած չորս հրատարակութիւն:
Շուէտի հնագոյն թանգարանի՝ Թագաւորական զինապալատին մէջ կ՚իրականացուին Հայաստանի օրեր, որոնք կազմակերպուած են թանգարանի եւ Հայաստանի մօտ Շուէտի դեսպանութեան համատեղ ջանքերով:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Կիւվերճին» երաժշտական ընկերութիւնը վերջերս թողարկած է «Ճամբորդ» խորագրեալ սկաւառակ մը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրոցն ալ պատշաճօրէն յարդարուած էր այս խրախճանքին առթիւ եւ փոքրիկները ունեցան անմոռանալի ժամանց։