Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

Ե­րէկ, մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին հեր­թա­կան ժո­ղո­վը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած նիս­տին ա­ռա­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցե­ցան Նո­յեմ­բե­րի 1-ին նա­խա­տե­սուած ընտ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ կազ­մուած ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան պատ­կան ան­դամ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

Իս­թան­պու­լի 14-րդ պիէ­նա­լը Սեպ­տեմ­բե­րի 5-էն սկսեալ պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ ա­րուես­տա­սէր­նե­րը։ Այս տա­րուան պիէ­նա­լը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Ա­ղի ջուր. մտա­պատ­կեր­նե­րու տե­սու­թիւն» խո­րագ­րով։ Ա­րո­ւես­տի հե­ղի­նա­կա­ւոր փա­ռա­տօ­նի շրջագ­ծով պի­տի ըլ­լայ նաեւ հայ­կա­կան ծրա­գիր մը՝ «Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» հիմ­նադ­րա­մի Դի­լի­ջա­նի ա­րուես­տի նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Քոպանի-Սուրուչ-Իսթանպուլ-Երեւան առանցքին վրայ ապրուած ոդիսականին աւարտը:
Թովմասեանները օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան եւ իրենց կացավայրը առաջնորդուեցան պատասխանատուներուն կողմէ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

ԼԵՌ­ՆԱ ԳԱ­ՐԱ­ԳԻՒ­ԹԻՒՔ

Ձգե­ցէ՛ք զիս, ձգե­ցէ՛ք ծո­վուն մէջ­տե­ղը

Մա­զերս կարծ­րա­նան ծո­վու ա­ղով

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեանի յայտարարութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
«Անկասկած երջանիկ է այն կաթողիկոսը, որ իր գահակալութեան ընթացքին նոյնիսկ անգամ մը կ՚օրհնէ Սրբալոյս Միւռոնը»:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը ռուս-ազէրի բանակցութիւններու օրակարգին վրայ:
Սէրկէյ Լաւրով Պաքուի շփումներուն շրջագծով հիւրընկալուեցաւ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 1:
Մեր վարժարանները կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ՝ արդիական ուսում մը ջամբելու, ինքնութեան հարցերու եւ ծնողներու ակնկալութեանց խաչմերուկին վրայ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մկրտիչ Ա. Վա­նե­ցի Խրի­մեան՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս (1892-1907), Հայ ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թեան մէջ ե­զա­կի դէմ­քե­րէն մէկն է ե­ղած եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով, ա­նուա­նուած է «Խրի­մեան Հայ­րիկ»։ Իր «տի­պա՛ր հո­գե­ւո­րա­կան»ի կե­ցուած­քով, կեան­քով եւ գոր­ծու­նէու­թեամբ ար­ժա­նա­ցած է «Հայ­րիկ» յոր­ջոր­ջու­մին՝ մա­նա­ւանդ իր հայ­րախ­նամ հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեամբ եւ հո­գա­ծու­թեամբ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

Շու­շիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցա­ւ Ա­լիո­նա Ստեր­լի­կո­վա­յի ստեղ­ծած նո­րա­ձեւ հա­գուս­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։
Նո­րա­ձե­ւու­թեան ցու­ցադ­րու­թեան մտայ­ղաց­ման հե­ղի­նակ, հա­գուս­տի ձե­ւա­ւո­րող Ա­լիո­նա Ստեր­լի­կո­վա­յի հա­մա­ձայն,  ձեռ­նար­կին նպա­տա­կն­ է ներ­կա­յաց­նել Ար­ցա­խի գրաւ­չու­թիւնն ու ա­նոր ա­նա­ղարտ բնու­թիւ­նը, ազ­գա­յին, ա­ւան­դա­կան, մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը գրա­սէր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է հեր­թա­կան շա­հե­կան գիր­քը։ Հայ սպա­յի մը Տար­տա­նէ­լի եւ ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տին վրայ բռնած օ­րագ­րու­թիւնն է այս մէ­կը, ո­րու հե­ղի­նակն է Ա­ւե­տիս Ճէ­պէ­ճեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

Ատր­պէյ­ճա­նի տնտե­սու­թիւ­նը գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ հիմ­նուած է քա­րիւ­ղի ար­տա­հան­ման վրայ։ Կաս­պից ծո­վու քա­րիւ­ղի եւ կա­զի հան­քե­րը կը հան­դի­սա­նան աշ­խար­հի եր­րորդ խո­շո­րա­գոյն պա­շա­րը, սա­կայն անս­պառ չեն ա­նոնք։ Հինգ տա­րի ա­ռաջ այս ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը հա­սած էին ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին, բայց վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ա­նոնց քա­նա­կի նուա&sh

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԵ­ՐԵԱՆ

Այ­րե­րու տի­րա­կան ներ­կա­յու­թեամբ յատ­կան­շուող կա­տա­կեր­գու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սկսած է «գլուխ ցցել» գրող, դե­րա­սա­նու­հի, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Էյ­մի Շու­մըր, որ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս այ­րե­րու այլ մարզ մը նկատուող զէն­քի տա­րած­ման դէմ պայ­քա­րին մէջ եւս «քի­թը մխրճած է»: Ե­թէ հա­ւա­քա­կան քան­դու­մի զէն­քե­րու տա­րա­ծու­մը այ­սօր մարդ­կու­թեան հրա­տապ հար­ցե­րէն մին է, նուազ կեն­սա­կան չէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բնակ­չու­թեան հա­մար ան­հա­տա­կան զէն­քե­րու ա­ւե­լի խիստ հսկո­ղու­թեան հար­ցը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

Եւ­րո­պա­կան միու­թեան նա­խա­րար Ա­լի Հայ­տար Քոն­ճա հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րեն ուղ­ղեալ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ յայ­տա­րա­րեց, թէ կար­ծե­ցեալն ու ի­րա­կա­նը ո­րե­ւէ տար­բե­րու­թիւն չու­նին։ «Բա­ցո­րոշ ու յստակ է, որ կո­տո­րած մը կա­տա­րուած է։
 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

Հա­յաս­տա­նի մէջ 89 տա­րե­կան հա­սա­կին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց երկ­րի բա­նա­կի կա­յաց­ման յա­ռա­ջա­մար­տիկ, զօ­րա­վար-գնդա­պետ Գուր­գէն Դա­լի­բալ­թա­յեան։ Ան ծնած էր 1926-ին, Վրաս­տա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015

Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 24-րդ տարին բնորոշուեցաւ շքեղ համերգով մը:
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հնչեց Վերտիի «Ռեքուիէմ»ը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Ա­ՐԱ ԳՕ­ՉՈՒ­ՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան կա­րե­ւոր ո­րո­շու­մի մը։ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խումբի ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղո­վէն վերջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ այս ո­րո­շու­մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին մի­ջեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ստո­րագ­րուե­ցաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը այս փաս­տա­թուղ­թը հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ ստո­րագ­րե­ցին կազ­մա­կեր­պուած ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Ուղղափառ աշխարհի մետրապոլիտները համախմբուած Իսթանպուլի մէջ:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը կը նախագահէ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններուն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րէն բա­նաս­տեղծ, գրա­կա­նա­գէտ ու թարգ­մա­նիչ Հեն­րիկ Է­դո­յեան այս օ­րե­րուն կը նշէ իր ծննդեան 75-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան 75-րդ տա­րե­դար­ձին կա­պակ­ցու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կած է Հեն­րիկ Է­դո­յեա­նին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015

Նո­յեմ­բե­րի 1-ին նա­խա­տե­սուած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ստեղ­ծուած ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ յայտ­նի դար­ձան փոխ-վար­չա­պետ­նե­րու լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւառ­նե­րը։ Այս­պէս, Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն հա­մա­ձայն, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը մաս պի­տի կազ­մէ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մու­շի վե­րահս­կո­ղու­թեան յանձ­նուած կա­ռոյց­նե­րու շար­քին։

Էջեր