Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Սողոմոն Իմաստուն երբ կը գրէ. «Մարդուն հոգին իր հիւանդութեան կը համբերէ, բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել» (Առ 18.14):

 

 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գրող, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, հայկական դպրոցի երկարամեայ տնօրէն եւ վաստակաշատ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեան այսօր սփիւռքահայ մամուլի երէց աշխատակիցներէն է: Ան իր միտքերը, խոհերը, մտահոգութիւնները, վերլուծումները կանոնաւոր կը յանձնէ հայ մամուլին՝ գրողի անկիւնէն դիտելով բոլոր երեւոյթները:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023

Վատիկանէ ներս ընթացքի մէջ է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի ժողովը, որու ծիրէն ներս շաբաթավերջին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի համար։ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ կ՚ընթանան Սինոդի նիստերը, որոնց կը մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ սրբազաններուն յորդորեց հաստատուն պահել իրենց ուխտը:
Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց հինգ նոր եպիսկոպոսները, որոնք երէկ մատուցին իրենց ուխտի սուրբ պատարագները:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023

Արցախի հայաթափման ծանր հետեւանքները կը բիւրեղանան զանազան երեսակներով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ են այն աւելի քան 30 հազար երեխաները, որոնք ստիպուած իրենց տուներէն փախած են երկու շաբաթ առաջ՝ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով։ ԻՒՆԻՍԷՖ մասնագիտական զգուշացումով մը հանդէս եկաւ անոնց պարագային։ Արդարեւ, առանց անյապաղ աջակցութեան՝ անոնց հոգեկան առողջութիւնը կրնայ վատթարանալ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023

Մոսկուա թէեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր շփում մը ապահովելու հետամուտ էր, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս փուլին այդ սպասումը չ՚արդարանար։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ յայտարարած էր, որ ԱՊՀ-ի ժողովներու շրջանակներէն ներս, հոկտեմբերի 12-ին, Պիշքեքի մէջ հանդիպում մը կրնայ տեղի ունենալ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին հերթական անգամ վերյիշուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի բարեյիշատակ անդամները, որոնց համար հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ։ Ծանօթ է, որ Սկիւտարի գերեզմանատունէն ներս Պալեաններուն համար «Հայճար»ի ջանքերով Պալեաններու շիրիմը յուշարձանի մը վերածուած է եւ ըստ ձեւաւորուած նախընթացին՝ ամէն տարի հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջին անոնք կ՚ոգեկոչուին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

2023-2024 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանի հանգանակութեան հասոյթը ակնկալուածէն շատ աւելի բարձր մակարդակի հասաւ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Սամաթիոյ մէջ ստեղծուած լաւատեսութեան պայմաններով խօսեցաւ համայնքային վարժարաններու ապագային մասին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Ֆրանսայի թեմերէն ուխտաւորներ։ Նորին Սրբութեան կողքին էր ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պաղեստին-Իսրայէլ իրադարձութիւններուն տեսակէտէ աւելի քան պարզ էր, որ լարուած իրավիճակը օր մը անպայման պիտի պայթէր։ Հետեւողները արդէն կը սպասէին՝ որքան որ ալ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները յեղաշրջեցին միջազգային օրակարգը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, իսկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ, նաեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ նոր եկեղեցի մը կառուցուեցաւ:
Նախագահ Էրտողան ողջունուեցաւ Ասորի ուղղափառ համայնքին եւ Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն կողմէ:

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում։ Թէեւ համազգային ցնցումի ընդհանուր մթնոլորտը անխուսափելիօրէն ազդած է ամէն ինչի վրայ, սակայն, Մայրավանքի համալիրէն ներս յամենայնդէպս ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վսեմ հովանիին ներքեւ անոր շրջապատի նուիրական մթնոլորտին մէջ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը համալրուեցաւ հինգ նոր արժանաւոր անդամով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուած Սէր է եւ Արդարութիւն։ Ուրեմն, սիրոյ եւ արդարութեան մէջ ներքին եւ աստուածային կապ մը գոյութիւն ունի։ Արդարեւ, այն որ սէր չունի՝ արդար ալ չի կրնար ըլլալ, քանի որ արդարութեան նախապայմանն է հաւասարութիւն, եւ սիրոյ չափ հաւասարութիւն պահանջող զգացում մը գոյութիւն չունի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններու գծով յաճախ կը լսեմ մեղադրանքներ՝ ուղղուած ռուսին, Եւրոպային, ՄԱԿ-ին, Ամերիկային եւ այլոց: Տակաւին քանի՞ անգամ մեր ազգը պէտք է ջարդուի, որպէսզի հասկնայ, որ այս աշխարհին վրայ ո՛չ մէկ պետութիւն իր ձեռքը կը մեկնէ հայ ազգին՝ եթէ սեփական շահեր չունենայ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

120-ամեակն է հայ գրականութեան, հրապարակախօսութեան ուշագրաւ դէմքերէն մէկուն՝ Յակոբ Ասատուրեանին, որ յայտնի էր նաեւ իբրեւ երաժիշտ ու երաժշտագէտ: Յակոբ Ասատուրեան, անցեալ դարու սկզբին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելէ ետք առաջին տարիներուն հանդէս եկած է իբրեւ երգիչ՝ կատարելով Կոմիտասի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Ալան Յովհաննէսի մշակած ժողովրդական ստեղծագործութիւնները, որոնք 1947 թուականին Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուած են ձայնապնակներով՝ կրելով «Հայ երգ» անունը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ի՞նչ է փիլիսոփայութիւնը։ Փիլիսոփայութիւնը, իր ամենակարճ սահմանմամբ, յայտնի է նաեւ որպէս մտքի արուեստ: Ան կարգապահութիւն է, որ կը ներառէ ուսումնասիրութիւններ այնպիսի նիւթերու շուրջ, որոնք խոշորացոյցի տակ կը դնեն գոյութիւնը, գիտելիքը, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, գեղեցկութիւնը, միտքը, լեզուն…

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023

Շիշլի մարզակումբի զանազան կազմերը նոր եղանակի բացման փուլին կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Պասքեթպոլի, վոլէյպոլի, փինկ-փոնկի, թենիսի, մարմնամարզի եւ ճատրակի մէջ շիշլիցիներուն ապահոված արդիւնքները յուսադրիչ են։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

Ռուսաստան Կապանի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու ուղղեալ աշխատանքները արդէն գործնական դաշտ կը տեղափոխէ։ Նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան հաստատման յառաջապահ խումբի ղեկավարին եւ Մեղրիի քաղաքապետին հանդիպումը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբերի 18-ին, Սթրազպուրկի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մասին տեղեկացուց Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա, որ վերջին օրերուն Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյց մը ունեցաւ Կրանատայի մէջ կազմակերպուած՝ Եւրոպական քաղաքացիական համայնքի անպաշտօն գագաթաժողովի ծիրէն ներս։

Էջեր