Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հռոմ, ուրկէ Վենետիկ անցնելով մասնակցեցաւ «Աւրորա»ի տարեկան մրցանակաբաշխութեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ հիւսիսէն Թուրքիա ուղղուած յարձակումները բաժակը յորդեցուցած են։
Երէկ, Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի ժողովը, որ տեւեց երեք ժամ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վարդան Մատթէոսեանի նոր գիրքը Լոնտոնի մէջ։ Հեղինակին կողմէ կատարուած անգլերէն աշխատութիւն մը կը բովանդակէ այս գիրքը։
Արցախի պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի առաջին հանդիպումը:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը, Համայն Ռուսիոյ պատրիարքն ու Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամը ժամադրուած Մոսկուայի մէջ:
Գումգաբուի մէջ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին համար կարեւոր տնօրինութիւն:
Պատրիարքարանի համալիրէն ներս հաստատուած բաժանմունքը կը նախատեսէ աշխատանքի արդիւնաւէտ համակարգումը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Օրուան պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որու ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուեցան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 25 սաներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէպի Հռոմ ուղեւորութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Վեհափառ Հայրապետը մասնակցած էր Սուրբ Էճիտիօ համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան խաղաղութեան աղօթքին եւ միջազգային հաւաքին։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«ՎԱ՛Զ ԱՆՑԻՐ»
Երկու հայերէն հասարակ արտայայտութիւններ, որոնք երբեմն թրքաբանութիւն կը նկատուին, մանաւանդ առաջինը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եւրոպայի հայկական միութիւններու ֆորումի նախագահ, քաղաքագէտ Աշոտ Գրիգորեանի հետ ունեցանք զրոյց մը, օգտուելով անոր Երեւան այցելութենէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին օրերուն կարեւորագոյն լուր եղաւ այն, որ լիբանանահայ ամերիկաբնակ գիտնական Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տէյվիտ Ճիւլիուսի հետ արժանացած է Բնախօսութեան եւ բժշկութեան 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան ցուցադրած հեռուստաշարը, որ կը կոչուի «Կաղամարի խաղը» (Squid Game), դարձաւ վերջին շրջանի ամենադիտուած ու լայն արձագանգ ստեղծած շոուներէն մին։ Ան Հարաւային Քորէայի արտադրութիւն մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ ողորմած մեծ մայրս Հայաստան բերինք՝ որպէսզի Հայրենիքի մէջ մեր հետ ապրի: Սկիզբները չուզեց. «ես այս տարիքէս ետք նոր լեզու չեմ սորվիր» ըսաւ:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ յիշատակութիւն մը։ Այսպէս, երէկ կղզիի բարձունքին Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գրող Լետա Պոյաճըի գիրքերը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ան ցայսօր հեղինակած երկու գործերով արդէն ունի համակիրներու անանտեսելի շրջանակ մը։
Ոսկերիչ եւ ադամանդագործ վարպետները վերջին օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցան «Istanbul Jewelry Show»ին, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 50-րդ անգամ։ Մեր համայնքէն ալ բազմաթիւ արհեստաւոր վարպետներ ներգրաւուած էին այս մեծ ցուցադրութեան։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգն ու հեռանկարները։
Վենետիկի մէջ շաբաթավերջին պաշտօնապէս յանձնուեցաւ 2021 թուականի «Աւրորա» մրցանակը։ Սա տարեկան այս մրցանակի 6-րդն էր։
Արդի արուեստի հետամուտները այս օրերուն ուշադրութեամբ կը հետեւին «Contemporary Istanbul 2021» մեծ ցուցահանդէսին, որ այս տարի 16-րդ անգամ կազմակերպուած է։ «Tersane İstanbul»ի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ հայազգի արուեստագէտներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուծոյ գոյութիւնը հարցականի տակ դնող անհաւատի տրամադրութեամբ, կոյրի մը յուսահատ խարխափումով ազգովի կը փորձենք քաշկռտելով կանգուն պահել մեր դաւանած բոլոր այն ճշմարտութիւններն ու գաղափարականները, որոնք մեզի համար մի՛շտ ալ մնացած են ու կը շարունակեն մնալ լոկ անրջական սկզբունք: