Արխիւ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա աշխոյժ աշխատանք կը տանի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի շուտափոյթ վերսկսման նպատակով։ Լաւրով նշեց, որ Ռուսաստան այդ գործը կը տեսնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ։
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, արդէն լոյս կը տեսնէ հայ գրականութեան անփոխարինելի հեղինակութիւններէն Յակոբ Օշականի «Ամբողջական գործեր» քննական բնագրերու առաջին հատորը, որ կ՚ընդգրկէ հեղինակի փոքր ծաւալի ստեղծագործութիւնները՝ քերթուածներ, ի շարս որոնց՝ արձակ բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, հեքիաթներ եւ պատկերներ՝ անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններով, բառարանով, անձնանուններու եւ գրականութեան ցանկերով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Այսպէս կոչեց լիբանանահայ լուսանկարիչ Ռոտրիկ Նաճարեանը իր լուսանկարած մանկիկին դէմքը: Լուսանկարը առնուած է Պէյրութի պայթումէն եօթ վայրկեան ետք:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ Իրանը թիրախաւորել՝ մտահոգութիւններ եւ տարակարծութիւններ յառաջացնելով միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Երէկ, Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ յայտարարեց, որ ԱՄՆ կը ձգտի վերականգնել Իրանի դէմ միջազգային պատժամիջոցները։
ԵՐԱՄ
Առտու կանուխ ճամբայ ինկեր էր Նորան։ Նախորդ գիշեր հեռաձայներ էին տնեցիք եւ տեղեկացուցեր, որ մօրաքրոջ ամուսինն էր մահացեր։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտէն ներս Թուրքիոյ մէջ նոր վարակեալներու թիւը արդէն վերստին կը մօտենայ 1500-ի շեմին։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան եւ փոխ-տնօրէնուհի Նեսրին Էրտէմ երէկ այցելութիւն մը տուին Սկիւտարի գաւառապետ Մուրատ Սեֆա Տեմիրեիւրէքին եւ Սկիւտարի Կրթական տնօրէն Սինան Այտընին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մէկ կողմէ «դաւադրամոլ» տեսութիւնները եւ միւս կողմէ հավարակին գործած աւերները կը շարունակեն «Քորոնա»ն պահել կիզակէտային վիճակի մը մէջ։
Այս առաւօտեան յորդառատ անձրեւը լուրջ խնդիր յառաջացուց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տեղատարափի հետեւանքով ջուրերը լեցուեցան Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Միշտ ծլարձակող»։ Երեւանի «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած է այս գիրքը, որ կը բովանդակէ հեղինակի շարք մը բանաստեղծութիւնները։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտնեց, որ արեւելեան Միջերկրականի լարուածութիւնը շատ վտանգաւոր կը համարէ։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները տեսաժողովի մը ձեւաչափով քննարկեցին Սպիտակ Ռուսիոյ քաղաքական ճգնաժամը։
Անթիլիասի մատենադարանէն ներս ծաւալուն աշխատանք կը տարուի բծախնդիր մօտեցումով:
Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի հսկողութեան ներքեւ ձեռագիրներն ու հնատիպերը կը վերարժեւորուին:

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ցուցանիշները հետզհետէ կը դառնան մտահոգիչ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ միջոցէ մը ի վեր նոր վարակումներու թիւերը վերելք կ՚ապրին եւ վերջին մէկուկէս ամսուան ամենաբարձր հիւանդի թիւը արձանագրուած է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) առանցքային դերակատարութիւն մը ստանձնած է՝ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին յաջորդած աղիտալի իրավիճակին մէջ։ ՀԲԸՄ անփոխարինելի ներդրում մը ունի տագնապահար լիբանանահայութեան օգնութիւն փութացնելու ուղղեալ աշխատանքներուն մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահը երէկ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Սերժ Սարգսեան լրագրողներու առջեւ համոզիչ խորհրդածութիւններ ըրաւ 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մանրամասնութիւններուն շուրջ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կը սիրեմ իմ ծննդեան տարեթիւը՝ 1990 թիւ:
Մոխրագոյնի յիսուն երանգներով ներկուած մութ ու ցուրտ տարիներ, սակայն միեւնոյն ժամանակ լեցուն յոյսով ու հաւատքով:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ երգիծաբանութեան երախտաւորներէն մէկուն՝ Նշան Պէշիկթաշլեանին «Հայ աղբրտիք» հատորը կը բացուի «Կ. Պոլսեցին» բաժինով: 1941 թուականին հրատարակուած «Հայ աղբրտիք»ը հայ երգիծաբանութեան անմահ կոթողներէն է, որ մէկ շունչով կ՚ընթերցուի:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մեր մարդկային տկարութիւններուն պատճառով պէ՞տք է խուսափինք Աստուծոյ մեզի թելադրածներէն:
Պատասխան. Յաճախ որպէս մարդիկ կը փորձենք խուսափիլ Աստուծոյ տուած թելադրութիւններէն, պատճառաբանելով մեր մարդկային տկարութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առակներով պիտի խօսիմ անոնց եւ պիտի յայտնեմ ինչ որ ծածուկ մնացած էր աշխարհի սկիզբէն ի վեր» (ՍԱՂՄ. ՀԸ 2)։
Որեւէ դէպքի կամ երեւոյթի վերաբերեալ բացատրութիւն կամ պատմուածք, որ ընդունակ է առնել իր նկարագրական-բառական մեկնութենէն տարբեր՝ բարոյական կամ այլաբանական մեկնութիւն մը, կը կոչուի «այլաբանական պատմուածք»։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ձեռնարկած է այս այցելութեան։