Արխիւ
Վեհափառ Հայրապետը նոր սերունդին կը պատգամէ ներգրաւուիլ ազգային կեանքին:
ՀԲԸՄ-ի ամառնային ծրագրերուն մասնակից երիտասարդները արժանացան բիւր օրհնութեան:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին սրբազնութիւնը կիրակի երեկոյեան ցամաքային ճամբով Իսթանպուլէն մեկնեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա նախագահի եւ վարչապետի հերթական աշխատանքային հանդիպումն էր, որ տեղի ունեցաւ նախագահական ապարանքի երդիքին տակ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն Սուրիոյ մասին առկայ ուշադրութիւնը հասաւ նուազագոյն մակարդակի։ Խօսքն անշուշտ այս 2019 տարուան մասին է, յատկապէս որ անցեալ 2018 տարուան ընթացքին մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ փորձ կատարուեցաւ Սուրիոյ տագնապը տանիլ քաղաքական բեմահարթակ եւ ամէն գնով փորձել ընդդիմութիւնն (կամ ինչ որ դեռ մնացած էր, որպէս չափաւոր կամ ընդունելի ընդդիմութիւն) ու իշխանութիւնը դէմ-դիմաց նստեցնելով փորձել հարցերը բարձրաձայն կերպով քննարկել եւ անցնիլ առաջարկութիւններ լսելու կարեւոր փուլին։
Իտալական ֆութպոլի երկու խումբեր՝ «Ա. Սէ. Միլան» եւ «Ինթեր Միլան», ներկայացուցին իրենց միացեալ մարզադաշտին նախագիծը, որ կ՚արժէ 1.2 միլիառ եւրօ: Այս նոր մարզադաշտը, որ պիտի ըլլայ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մօտ, կրնայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Զուրաթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան դպրաց դասու նախագահ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տիրան Պոստան եւ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Հայաստանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկաններու ֆութպոլի առաջնութիւնը։ Երիտասարդներու մրցակցութիւնը յատկանշական է մարզական աշխարհին համար։
Թուրքիա երէկ խոր յուզում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած լուրերով։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շարքայիններուն հետ ոստիկան զօրքերը ունեցան բախումներ։ Քաղաքի ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ժամանակ չէզոքացուած է երեք ահաբեկիչ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը:
Նորոգ հանգուցեալ դեսպան Արման Կիրակոսեանի յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 16-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին:
Դատակազմի նախագահ Ալեքսանտր Մինտածէ հանդիսութեան ընթացքին ընդգծեց որակեալ ժապաւէններու բարձր թիւը:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիգրան Աւինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի Կայուն զարգացման հարցերով բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումին եւ այլ հաւաքոյթներու։
15 յուլիս 2016 թուականի ձախող պետական հարուածի երրորդ տարելիցը կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ:
Նախագահ Էրտողանի մասնակցութեամբ այսօր երեկոյեան հաւաք մը տեղի կ՚ունենայ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գիտութիւններու մեքենաներով, նիւթով միայն զբաղած այս դարու մարդոց մէջ յաճախ կ՚անտեսուին եւ կ՚արհամարհուին բարձր զգացումները որպէս զգայնապաշտութիւն, գեղեցիկին եւ բարիին սէրը, բարեսրտութիւն, բարոյական արժէքներ եւ կրօնք։ Կ՚ուզեն միա՛յն «իրապաշտ», «գործնական», «շահաբեր» ուսում տալ տղոց, որպէս թէ մարդ անհատը միայն նիւթ, միայն ուղեղ ըլլար։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ինչպէս ոեւէ հանճարի, նոյնպէս ալ Յովհաննէս Թումանեանի պարագային՝ մեղանչանքի համազօր է փորձել քանի մը սիւնակի մէջ սեղմել անոր կեանքն ու գործը. ու եթէ հայ ընթերցողը կը ցանկայ զերծ մնալ նման մեղանչումէ, ի՛նչ տարիքի ալ ըլլայ՝ պարտի կարդալ ու վերստին կարդալ անոր ու նմաններու գրական ժառանգութիւնը, վերյիշել ժողովուրդին մատուցած անմնացորդ ծառայութիւնները եւ մանաւանդ հաղորդակից ըլլալ անոր տեսլականներուն, որոնք ժամանակին հետ մաշում չեն ապրիր, այլ նոր լիցք ու խորք կը ստանան իւրաքանչիւր նոր սերունդի կեանքին, նա՛եւ վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայկական մամուլը մեր հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան իր կարեւոր ներգործութիւնը ունեցած է մեր ազգային եւ մշակութային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ։ Եւ այս իմաստով՝ եւ երեւի մեծ եղեռնէն ետք՝ երբ սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներու մէջ մեր կեանքերը ուզեցինք վերաշինել՝ եկեղեցիի եւ դպրոցի կողքին՝ նաեւ զարկ տուինք մամուլին որպէս մեր գոյատեւելու մէկ գրաւականը։
ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Ամերիկեան միակ լրատուն, որ առանց պիտակաւորման ու ծաղրանքի կը մեկնաբանէր ԱՄՆ-ի Գործադիր իշխանութեան ու նախագահ Թրամփի իրագործումները, Fox News-ն էր։ Արդէն մօտ երկու ամիս է, որ այս լրատուն շրջադարձ կատարած է, մեծ տեղ կը յատկացնէ ԱՄՆ-ի նախագահութեան դեմոկրատ թեկնածուներուն, եւ ստացած է հակա-Թրամփ ուղղուածութիւն։
Ժ. Չ.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայ մամուլի համայկական համաժողովը Անթիլիասի մէջ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն համախմբեց զանազան քաղաքական հոսանքներու պատկանող մամուլի շուրջ հարիւր գործիչներ։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի տարեկից է Լեւոն Շանթ, անոր կեանքի ճանապարհները յաճախ զինք բերած-դրած են այդ երկու հանճարներուն ու ժամանակակից այլ մեծերու հետ սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ, եղած է մեր արեւելահայ եւ արեւմտահայ կեանքերն ու միտքերը կամրջող-մարմնաւորողներէն, որովհետեւ կեանքը հաւասարապէս բաժնուած է մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ, դարձած է յետեղեռնեան սփիւռքը հունաւորողներէն, սակայն անոր անունը առաւելաբար կապուած է հայկական թատրոնի, վէպի եւ մանկավարժութեան հետ, ինքզինք կերտած ու դրսեւորած է իբրեւ փիլիսոփայ, իր գրականութիւնն ու կենցաղն ալ եղած են ցոլացումը իր փիլիսոփայի նկարագիրին ու խորաթափանց մտածողութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ հայ մամուլին նուիրուած հանդիպում-ժողովը կարեւոր առիթ մը կը դառնար զննող հայեացք մը նետել այսօրուան, մանաւանդ, գրաւոր մամուլի պարզած ընդհանուր իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ վաղուան մարտահրաւէրներուն մասին։