Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Ֆրանսահայ ուսանողներու նորաստեղծ միութիւնը կը քաջալերէ հայերէնի առաւելագոյնս գործածութիւնը:
Գործունէութեան սկիզբին որդեգրուած հիմնական նպատակներէն մին է՝ խթանել գիտական ու մշակութային կեանքը:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) հայկական բաժանմունքի եւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ նախաձեռնութեամբ ներկայիս մշակուած է նոր ու կարեւոր ծրագիր մը, որ հետամուտ է սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման։ Սա վկայականի ծրագիր մըն է, որ կեանքի պիտի կոչուի 2020 թուականի դեկտեմբերէն սկսեալ մինչեւ 2021 թուականի յունուարը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ շատ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ բացուած է «Տալի եւ Փիքասօ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 ապրիլ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ սպանացի Խոաքին Քափարոս։ 64-ամեայ Խոաքին Քափարոս նախապէս մարզած էր Սպանիոյ «Սեւիյյա» նշանաւոր ակումբը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Եւրոպական Միութեան գանձատրումով ցարդ կեանքի կոչուած մեծագոյն ծրագիրը՝ Հայաստանի մէջ:
Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերէն ներս ծաւալուն աշխատանքները պիտի ընթանան մինչեւ 2023 թուականի մարտը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայէլ Միշուստինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետներու հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Նիկոլ Փաշինեան Կապան քաղաքի մէջ հանրահաւաքի մը կը մասնակցէր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու հիմնարկը (SIPRI) նախընթաց օր հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը՝ զէնքի համաշխարհային առեւտուրի վերաբերեալ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ վերջին հինգ տարիներուն (2015-2019) Հայաստան 415 տոկոսով աւելցուցած է զէնքերու եւ զինամթերքի ներածումները՝ նախորդ հնգամեակին (2010-2014) բաղդատմամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ դէպքը պատահած է երէկ ժամը 15.30-ի շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Համայն աշխարհ սարսափի մատնուած է քորոնաժահրի հետեւանքով։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ալ հիւանդ մը վարակուած է քորոնաժահրով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Նորաստեղծ Կեդրոնական սեղանին շուրջ վաղը պիտի գումարուի անդրանիկ ժողովը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Գումգաբուի մէջ սկիզբ կ՚առնէ ճակատագրական աշխատանք մը, որու յաջողութիւնը կրնայ պայմանաւորել թրքահայ համայնքային կեանքէ ներս վերելքի շրջան մը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

«Ի՞նչ կը խնդրէ երեխան»,- կը հարցնէ տէր հայրը։
«Հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն»,- կը պատասխանէ կնքահայրը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

ԵՐԱՄ

Կանաչ, օձի կանաչ շալով մը ծածկած գլուխն ու ճակատը, անոր միջոցավ վար կախած ու ամրացուցած դեղին մազերն այնպէս մը, որ աչքերը բացարձակապէս չերեւին, կը քալէ տիկինը։
Կը քալէ օրօրուելով. երկու քայլ ուղիղ կ՚առնէ, մէկ քայլ աջ, երկու քայլ ուղիղ, մէկ քայլ ձախ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ան ընկեր էր, եղբայր էր բոլորին, միայն բժիշկ չէր. Պէյրութի մէջ հողին յանձնուեցաւ բժիշկ Կարօ Մահսէրէճեան:
Բօթը կու գար Պէյրութէն։
Բժիշկ Կարօ Մահսէրէճեան յաւերժին համար կը փակէր իր աչքերը եւ կը հեռանար իր մեծ ու փոքր ընտանիքներէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան ծնած է Աղեքսանդրոպոլ (Լենինական) 1875 թուականին։ Ան յաճախած է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիա, ուր հետեւած է փիլիսոփայութեան, գրականութեան եւ մարդաբանութեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Լոնտոնի մէջ։ «Համազգային» կրթական եւ մշակութային միութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հանրային դասախօսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ «Նաւասարդեան» կեդրոնի երդիքին տակ։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020

Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Շարլ Միշելի եւ Ժոզէֆ Պորելի հետ:
Հայաստանի վարչապետն ու Եւրոմիութեան ղեկավարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Շարլ Միշելի եւ Ուրսուլա ֆան տեր Լէյէնի հետ:
Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ յառաջիկայ շրջանին շփումները պիտի խորանան - Աշխատանքային խումբ մը պիտի ստեղծուի գաղթականաց հարցերուն համար:

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է անմահ բանաստեղծ Զահրատի նոր մէկ գիրքը։ «Bambaşka Bir Bahar» կոչուած այս գիրքը կը պարփակէ Զահրատի ցայսօր թրքերէնի թարգմանուած բոլոր բանաստեղծութիւնները։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախուած ընտրութիւններու հարցը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ 2013 թուականէն ի վեր փոքրամասնական համայնքները հնարաւորութիւն չեն ունենար իրենց համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութեանց կազմերը վերանորոգելու։ Եօթ տարուան վաղեմութեամբ այս հարցը շատ լուրջ դժուարութիւններ կը յառաջացնէ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2020

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանի արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած ժողովներէն վերջ հրապարակուեցան՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ կարեւոր տեղեկութիւններ։

Էջեր