Արխիւ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանակներէն ներս, քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա զօրակցութիւն յայտնեց անդամ բոլոր երկիրներուն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ժայշանքարի հետ։
23 Ապրիլը դար մը անց Թուրքիոյ մէջ կը տօնախմբուի վերանորոգ պատգամով ու մեծ հրճուանքով:
Ազգային Մեծ ժողովի հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ այսօր յատուկ նիստ մը կը գումարուի:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ քննարկեցին Իտլիպի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները:
Անգարա միշտ կ՚անհանգստանայ Դամասկոսի իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած զօրքի կուտակումներէն, որոնց համար պատճառ ցոյց կը տրուին արմատական տարրերը: Մոսկուայի հետ հինգերորդ համատեղ հերթապահութեան համար պատրաստութիւններ: Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման հարցը միշտ օրակարգի վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական դրութիւնը բաւականին ծանր էր, երբ քորոնա վարակը, անկոչ հիւրի պէս հասաւ Պէյրութ։
Երկիր մը, որ ցայսօր ալ կանգնած է տնտեսական մեծ փլուզման վտանգներուն առաջ եւ հակառակ առկայ զանազան երեւելի եւ աներեւոյթ պատժամիջոցներու, կարողացաւ լաւ օրինակ մը դառնալ ոչ միայն իր մօտիկ շրջապատին, այլ՝ նոյնիսկ հեռաւոր ափերու բնակիչներուն։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ ներկայ շաբթուան ամբողջ երկրորդ կէսին՝ մինչեւ երկուշաբթի, չորս օր փողոց դուրս գալու արգելք հաստատուած է Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ՝ ներառեալ Իսթանպուլը։ Այս իրավիճակին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը անխափան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։
Վաղը առաւօտ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը պիտի նախագահէ Գումգաբուի մէջ կայանալիք 24 Ապրիլի արարողութիւններուն:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Սուրբ, Սուրբ-էն ետք քահանային ըսած աղօթքին սովորաբար ինչո՞ւ Կանոն կ՚ըսուի:
Պատասխան. Որովհետեւ Պատարագին գլխաւոր բաժինը այդ աղօթքը կը համարուի, ու անոր մէջն են ստեղծագործութեան առաջին եւ գլխաւոր խօսքերը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վերջին տարիներուն ես բնաւ ազատ ժամանակ չեմ ունեցած։
Յիրաւի, ինքնամեկուսացումը զիս փակեց տունը, սակայն տակաւին չեմ կրցած հանգչիլ, ինքզինքիս հետ մինակ մնալ, խոկալ կեանքի՝ ներկայի ու ապագայի, առհասարակ իմ զգացումներու մասին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ նշանաւոր բժիշկ, առողջաբան եւ կազմախօս Վահան Արծրունին 1892-1893 թուականներուն եղած է հնդկախտ կամ սեւցաւ (քոլերա) կոչուած հիւանդութեան յարուցած համաճարակին դէմ մղուած պայքարի գործուն կազմակերպիչներէն մէկը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փիլիսոփայ ըլլալու հարկ չկա՛յ, կեանքը լիօրէն ապրելու համար։ Աստուած ամէն մարդու տուած է զոյգ մը աչք եւ ականջ՝ Բնութեան հետ զգայաբանական հաղորդակցութիւն հաստատելու, եւ իր կեանքը ճոխացնելու Բնութեան համերգովը եւ համայնապատկերովը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ծագած լարուածութեան արձագանգները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հայաշխարհի օրակարգը։ Առկայ բանավէճի մթնոլորտին նախընթաց օր, դժբախտաբար, ուղղակիօրէն մասնակից դարձաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
ԵՐԱՄ
Վիրաւորի անկողնին պառկած, անդիէն ձայն մը լսեր էր Զանան.
-Հոն, երրորդ շարքին...
-Այո՛, ի՛նքն է... Զանա՛
Գլուխը դէպի վրանի մուտք էր դարձուցեր։ Մէ՞կն եկած էր ետեւէն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գիրքերու աշխարհը զայն տարած էին հեռո՜ւ, հեռուներ…
Անահիտ կ՚ապրէր իր հեքիաթին մէջ, որ ինք յօրինած էր։ Սակայն հատելով իրականութեան ու անիրականի սահմանը՝ կը հաւատար միմիայն իր յօրինուածքին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս նիւթական շէնք մը կառուցանելու համար ծրագիր մը պէտք է, նոյնպէս ալ հոգեւոր շէնք մը հիմնելու համար անհրաժեշտ է հիմնական վէմ մը։ Արդարեւ, Աստուած ալ իր ամբողջ ստեղծագործութիւնը եւ արարչագործութիւնը հաստատեց ծրագրի մը վրայ՝ որ կը շարունակէ գործադրուիլ այսօր եւս, եւ պիտի գործադրուի մինչեւ վերջ։
Առիւծները քնացած են երբեմնի բանուկ ճանապարհին։ Այսպէս, վաղ, թէ ուշ կենդանիները պէտք է նկատէին, որ մարդիկ անհետացած են եւ անոնք կրնան հանգիստօրէն զբաղեցնել իրենց տարածքը:
Իտալիոյ մէջ քահանայ մը տուգանքի ենթարկուած է պատարագ մատուցանելուն համար։ Սոյն պատարագը քահանան մատուցած է ի յիշատակ քորոնաժահրէ մահացողներուն։
Dior-ի ձեւագծումին մէջ տեղ գտած է «Քեզ կը սիրեմ» հայերէնով գրառումը։ Այսպէս, նորաձեւութեան աշխարհահռչակ Vogue ամսագրի իտալական տարբերակը ապրիլ ամսուայ համարին մէջ հրապարակած է Dior-ի ձեւագծումը, որու վրայ գրուած է «Քեզ կը սիրեմ»՝ աշխարհի բազմաթիւ լեզուներով, այդ կարգին նաեւ հայերէնով։
Շուրջ 40 տարուան գործունէութենէ վերջ «Զօրեան» կաճառը Հայաստանէ ներս խարիսխ մը հաստատեց:
Մասնաճիւղը կը ձգտի ներթափանցել այն գործօններուն, որոնք կը պայմանաւորեն հայկական իրականութիւնը եւ ինքնութիւնը:
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարկարիթա Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդը արդէն վաւերացուցած է Մարկարիթա Գրիգորեանի հրաժարականը։