ՎՃՌԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼԷ ԽՈՒՍԱՓԻԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա, անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ կեանքը անիմանալի անակնկալներով եւ անհամար հաւանականութիւններով լեցուն ընթացք մըն է։ Մարդ որքան ալ ծրագրէ որեւէ բան, պէ՛տք է որ խուսափի վճռական ըլլալէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա, անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ կեանքը անիմանալի անակնկալներով եւ անհամար հաւանականութիւններով լեցուն ընթացք մըն է։ Մարդ որքան ալ ծրագրէ որեւէ բան, պէ՛տք է որ խուսափի վճռական ըլլալէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայրիկ կ՚ուզէ, որ մեր մարդկային կեանքին մէջ մեծ դաս մը ըլլայ Նոյի պատմութիւնը, որովհետեւ մարդը քանդող մեծագոյն պատուհասը իր անառակ ու զեղխ կեանքն է. այդ զեղխ կեանքն է որ մարդը կ՚անբախտացնէ եւ թշուառութեան կը հասցնէ եւ մինչեւ իսկ հացի կարօտ կը դարձնէ. Հայրիկի համոզումով՝ նոյնիսկ ամուսնական կեանքը քանդողը այդ զեղխ ընթացքն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ միշտ փառք կը փնտռէ, քանի որ ան կը սիրէ փառաւորուիլ։ Բայց որքան հետաքրքրական է որ ան այդ փառքը կը սպասէ իր նմաններէն, այսինքն ուրիշ մարդոցմէ։ Հապա որմէ՞ պէտք է ստանալ, անոր մասին չի խորհիր, քանի որ ան կ՚ուզէ փառքը վայելել դարձեալ մարդոց մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհիս մէջ մարդ արարածին վիճակը մի՛շտ եղած է անստոյգ եւ անհաստատ. մեծատուն հարուստը յանկարծ դարձած է թշուառ աղքատ մը, իսկ անդին թշուառ մը՝ մեծահարուստ. առողջ ու կարող մարդը յանկարծական դարձած է հիւանդ ու անկարող, իսկ հիւանդ մը՝ յանկարծ առողջանալով վերատիրացած է իր ուժերուն. այս անկայուն վիճակն ու մարդկային կեանքի վերիվայրումները նկատի ունենալով Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 18-րդ գլուխը կը կոչէ «Փոփոխութիւն ընտանեկան վիճակին անկումն եւ բարգաւաճումն»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յառաջադէմ ժողովուրդներ՝ կարդացող ժողովուրդներ եղած են պատմութեան ընթացքին։ Գիտութիւն ստանալու եւ զարգանալու համար միտքը պէտք է տեղեկութիւն քաղէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եւրոպայի եւ այլ զարգացած երկիրներու հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը վերջին տարիներուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. մեր թուականէն աւելի քան 150 տարիներ առաջ եւս մարդիկ նախանձով կը նայէին Եւրոպային եւ կը փորձէին կրկնօրինակել. սակայն Հայրիկ այդ մէկը վտանգաւոր կը նկատէր, որովհետեւ մարդիկ կը փորձէին արտաքնապէս նմանիլ եւրոպացիներուն, սակայն մտապէս կը շարունակէին մնալ նոյնը, հետեւաբար Հայրիկ իր ժողովուրդին կը փորձէ համոզել, որ արտաքնապէս փոխուիլ ու ներքնապէս նոյնը մնալը վնասէ բացի ուրիշ բան մը չի կրնար բերել իր հետ, հետեւաբար արտաքին փոփոխութեանց հետ միասին անհրաժեշտ է նաեւ կրթութիւնը՝ կարենալ քայլ պահելու համար աշխարհի ժամանակակից քաղաքակրթութեան հետ. «յայնժամ միայն կարող են իսկապէս նմանիլ Եւրոպիոյ կրթեալ եւ ժրագլուխ» ժողովուրդին կ՚ըսէ Հայրիկ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճշմարտութիւնը կայունութիւն է, ամրութիւն, յստակութիւն եւ բացարձակութի՛ւն։ Եւ ճշմարտութիւնը իր այս հանգամանքներով վստահութեան ամուր պատսպարա՛նն է։ Ճշմարտութիւնը՝ անվիճելի իրականութիւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայրիկ ընդհանուր ձեւով խօսելով այր եւ կնոջ, զաւակներուն եւ տաներէց քահանային պարտաւորութիւններուն մասին, այժմ կու գայ աւելի մանրամասն խօսելու իւրաքանչիւրին իրաւունքներուն ու սահմաններուն մասին եւ հետեւաբար իր 17-րդ գլուխը կը կոչէ «Ընտանեկան պատկառանք եւ ազատութիւն». Հայրիկ պատկառանքն ու ազատութիւնը մարդուն տրուած «օժիտներ» կը նկատէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն։
Պղատոն, որ հիւլէն եւ իդոսը աստուած կը սեպէ էութեամբ, ցոյց կու տայ, թէ Աստուած կերպարանքի եւ ո՛չ թէ բնութեան արարիչ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ ընտանիքի անդամներէն մէկը կը նկատէ նաեւ քահանան՝ որպէս տան երէց եւ անոր պարտաւորութիւններն ու դերը շեշտելու համար իր 16-րդ գլուխը կը կոչէ «Տան երէց եւ իւր պարտիք», ուր կը խօսի հոգեւոր հովիւին մասին, ըսելով թէ անոնց «միայն յանձնուած է ընտանեկան հոգեւոր պէտքերը հոգալ ու մատակարարել»: