Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կար­դա­լը ան­շուշտ որ հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ մար­դուս, քա­նի որ մարդ բնա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն մը ու­նի սոր­վե­լու, գիտ­նա­լու եւ տե­ղե­կա­նա­լու։ Մար­դուս այս ըն­դո­ծին պա­հանջ­քը ա­մե­նէն ազ­դու կեր­պով կը գո­հաց­նէ ըն­թեր­ցու­մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սրբադասման արարողութեան ընթացքին ներկայացուած սրբութիւնները խոր տպաւորութիւն գործեցին հաւատացեալներուն վրայ:
Մայրավանքի բաց խորանին առջեւ տողանցած մասունքները բոլորին առթեցին ակնածանք ու երկիւղածութիւն՝ նաեւ արդար հպարտութիւն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Մոս­կուա պա­տաս­խա­նեց Ան­գա­րա­յի վեր­ջին քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք հնչե­ցուած էին՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն հա­մար ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնո­րոշ­ման օգ­տա­գործ­ման բե­րու­մով։ Թրքա­կան կող­մի բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան զու­գա­հեռ՝ Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով ը­սաւ.
 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Իս­րա­յէ­լի Նա­խա­գահ Ռէու­վէն Ռիվ­լին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մը մաս­նակ­ցե­ցաւ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ իր տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թին ժա­մա­նակ ան մէկ­տե­ղուե­ցաւ սա­ղի­մա­հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին թեկ­նա­ծու­նե­րէն ոե­ւէ մէ­կը չէր կրցած քուէ­նե­րու 50 տո­կո­սէն ա­ւե­լին ստա­նալ, ե­րէկ, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցաւ երկ­րորդ փու­լը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի նախագահները խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Իլհամ Ալիեւ բաւարարուած է Ֆրանսուա Օլանտի կարգաւորման ուղղեալ աշխոյժ դերակատարութեամբ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ կրակ ժայթքել ան երկիրներուն դէմ, որոնք կ՚աջակցին հայոց պնդումներուն:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Նախ եւ առաջ մի առ մի թող մաքրեն իրենց սեփական պատմութեան արատները»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

UCLA-ի եւ «Tarih Vakfı»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ գիտաժողով՝ «Պողազիչի» համալսարանին մէջ:
Աշխարհի զանազան հեղինակաւոր համալսարաններէն մասնագէտներ չորս գիտական նիստերու ընթացքին շահեկան զեկուցումներով հայկական հարցը խոշորացոյցի տակ առին բազում երեսակներով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

​Հայաստանի եւ Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարարները կը ծաւալեն քննարկումներ:
Տիտիէ Ռէյնտէրս շեշտը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վրայ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ար­դէն հրա­ժեշտ կու տայ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն եւ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լած մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հիւ­րե­րուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան յարկէն ներս հետաքրքրական հանդիպում:
Փիթըր Ճամպազեան. «Շարժումները շատ աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն կը գործեն խօսքերուն բաղդատմամբ»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

«Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր» ըն­կե­րու­թեան են­թա­կա­յու­թեան տակ գոր­ծող Թոփ­հա­նէի DEPO-ի յար­կէն ներս շա­բա­թա­վեր­ջին շա­հե­կան ա­սու­լիս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ պրա­զի­լա­հայ լու­սան­կա­րիչ Նո­րայր Շա­հի­նեա­նի հետ, որ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն առ­թիւ այ­ցե­լեց քա­ղաքս։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն բա­ցուե­ցաւ Նո­րայր Շա­հի­նեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ նոյն շար­ժա­ռի­թով հրա­տա­րա­կուե­ցաւ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ալ­պո­մը՝ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային չորրորդ նկարչութեան մրցոյթին եզրափակիչ փուլը:
Թաքսիմի «Փոինթ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ըն­կե­րա­յին կեան­քի ներ­դաշ­նա­կու­թեան եւ ընդ­հա­նուր խա­ղա­ղու­թեան ու ան­դոր­րու­թեան վտանգ սպառ­նա­ցող մարդ­կա­յին ա­րարքն է՝ դա­տար­կա­խօ­սու­թիւ­նը, այ­սինքն ա­նի­մաստ, անն­պա­տակ եւ սնա­մէջ ա­մէն խօ­սակ­ցու­թիւն եւ նող­կա­լի ու­նայ­նամ­տու­թիւնն է մար­դոց, այ­սինքն ա­ռանց հե­տե­ւան­քը խոր­հե­լու, ա­ռանց դա­տե­լու, բա­նա­կա­նու­թեան ներ­հակ գա­ղա­փար յայտ­նե՛լ, ո­րոնք ա­մե­նէն շատ վնաս կը պատ­ճա­ռեն մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քին, մարդ­կու­թեան ընդ­հա­նուր կա­ռու­ցուած­քին, կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեա­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Իս­թան­պու­լի Ֆրան­սա­կան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին նուագ­նե­րով հան­դէս ե­կաւ հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նի։ Իս­թան­պու­լի մօտ Ֆրան­սա­յի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Միւ­րիէլ Տո­մե­նա­քի եւ ա­մուս­նոյն՝ Օ­լի­վիէ Պու­քէի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցան Հա­յոց Մեծ Ե­ղեռ­նի զո­հե­րը։ Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց, պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի­րա­կա­նին, անն­շան եւ սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ ե­թէ խոր­հիք, շատ ա­ւե­լի մեծ գա­ղա­փար­ներ կրնան ստեղ­ծել։ Ա­մէ­նօ­րեայ, ըն­թա­ցիկ կան այն­պէս պա­տա­հար­ներ՝ ո­րոնք ի­րենց տես­նուա­ծէն շատ ա­ւե­լի վեր ի­մաստ­ներ ու­նին։ Ե­թէ մէ­կը շրջա­հա­յեաց է, հա­ճոյք կ՚առ­նէ ա­մէն մէկ ի­րա­դար­ձու­թե­նէն ի­մաստ մը քա­ղե­լէ, կը տես­նէ ու կը խոր­հի ա­նոնց վրայ եւ կ՚ընդ­լայ­նէ իր մտա­յին հո­րի­զո­նը եւ կ՚ըն­դար­ձա­կէ միտ­քը։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց հայ­կա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու խումբ մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ընդ­հան­րա­պէս Հա­յաս­տա­նէն, նաեւ Սփիւռ­քէն այս լրագ­րող­նե­րու խում­բը քա­ղա­քիս մէջ կը գտնուի հե­տե­ւե­լու հա­մար Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

“Sayın Aram Ateşyan,
Türkiye Ermenileri
Patrik Genel Vekili

Ermeni vatandaşlarımız için özel bir anlam taşıyan bu günde, Birinci Dünya Savaşı şartlarında hayatını kaybeden tüm Osmanlı Ermenilerini bir kez daha saygıyla anıyor, çocuklarına ve torunlarına taziyelerimi sunuyorum.

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015

Ե­րէկ Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մի հա­րիւ­րե­րորդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը կամ ա­նոնց կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Չա­նաք­քա­լէի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Էջեր