Արխիւ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը արձագանգեց ընտրեալ-տեղապահի վերջին նամակին՝ մեկնաբանելով մանրամասնութիւնները:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի խօսքերով, իր պաշտօնէ չհրաժարելու յամառութեան վերաբերեալ պնդումները կը նկատուին լրջութեան պակաս:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ համախոհական նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ երկրին օրակարգը։ Ընտրութիւններէն առաջին դիրքի վրայ դուրս եկած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը թէեւ ունի անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը խորհրդարանէն ներս, սակայն մտադիր է համախոհական կառավարութիւն մը կազմել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ։
«Սուրիոյ զարգացումները տեղի չեն տար համաշխարհային պատերազմի մը», նման յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ երէկ Երեւանի մէջ վաստակաւոր դիւանագէտ Արման Նաւասարդեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպան Նաւասարդեան համոզուած է, որ հետագային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն տեսակէտէ կարեւոր ուղղութիւններէն մին պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասը։
ԵԱՀԿ-ի կողմէ հրապարակուեցաւ 2016 թուականի զեկոյցը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ ԵԱՀԿ կը շարունակէ ձգտիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ ու տեւական կարգաւորման։
Արեւելեան գործընկերութեան եւ Վիշեկրատեան քառեակի նախարարներուն ժողովը:
Նալպանտեան խօսեցաւ տարածքաշրջանային կայունութեան եւ զարգացման խթանման շուրջ:
ՈՒԷՖԱ եւ ՖԻՖԱ համատեղ ներդրումներ կ՚ընեն Հայաստանի մարմնամարզի զարգացման համար:
Ֆութպոլի նոր ակադեմիոյ շինարարութեան աշխատանքները յառաջիկայ Հոկտեմբերին պիտի հասնին իրենց աւարտին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի ուսանողները, համանուն Աւագ դպրոցի աշակերտները, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած զինուորներ։ Խումբը Մայր Աթոռ այցելեց Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի գլխաւորութեամբ։
Երէկ, Տիարպաքըրի մէջ պատահեցաւ սաստիկ պայթում մը։ Քաղաքի Անվտանգութեան տնօրէնութեան յաւելեալ ծառայութեան շէնքին մէջ պատահեցաւ այս պայթումը, որու հետեւանքով նահատակուեցաւ երեք ոստիկան։ Պաշտօնական աղբիւրները նախ հաղորդեցին, որ այդ պայթումը պատահած էր՝ զրահապատ ինքնաշարժի մը նորոգութեան ընթացքին։
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ բանակցութիւններ սկսած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) միջեւ։ ՀՅԴ-ի խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ երկու կուսակցութիւնները բանակցութիւններու ձեռնարկած են համախոհական իշխանութիւն մը կազմելու համար։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Միխէյիլ Ճանելիծէն:
Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած են շօշափելի զարգացումներ:
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը երէկ պահքի սեղան մը սարքեց քաղաքիս փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն համար։ Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ անցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։
Սիրելիներ,
Ինչպէս ծանօթ է, մերազն ժողովուրդին, 3 Ապրիլ 2017-ին Իսթանպուլի Պատրիարքարանին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցանք Բարձշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հետ, որուն մասամբ ներկայ գտնուեցան նաեւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Պրն. Պետրոս Շիրինօղլու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ուղղամտութիւն» ահաւասիկ մոգական, հմայիչ բառ մը, որ շատեր կը սեփականցնեն, իրենց կը վերագրեն զայն։ Ոմանք ալ, դժբախտաբար, հեգնական քմծիծաղով մը կը դիմաւորեն ուղղամտութիւնը եւ զայն կը նոյնացնեն անճարակութեան հետ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս հերթական անգամ յաջողութիւն մը արձանագրեցին ճատրակի մէջ։ Այսպէս, դպրոցի խումբը ախոյեան հանդիսացաւ «Տարրիւշաֆաքա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ վերջերս կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքի արդիւնքին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի հանդէս մը։ Մասնաւորապէս նախակրթարանի փոքրիկներուն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ձեռնարկը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ պատրաստուած, սակայն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ մերժուած համաձայնութեան նախագիծը, որուն մասին զանազան լուրեր հրապարակուեցան վերջին օրերուն համայնքային մամուլին մէջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հրապարակեց այդ ձախողած նախագծի ամբողջ բովանդակութիւնը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջնականօրէն մերժեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առաջարկած համաձայնութիւնը:
Ընտրեալ-տեղապահը այսօր կը վերադառնայ Մարսէյլէն ու կը մասնակցի Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն:
Բանկալթիի խաչմերուկին վրայ ներկայիս բացուած է նոր ճաշարան մը, որ կը կոչուի «Փաշա տէօնէր»։ Շատ բանուկ կէտի մը վրայ բացուած այս ճաշարանին սեփականատէրերն են՝ Տարօն Թորոս, Սեւան Սելվիլէր եւ Սելահատտին Չալըշքան։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն ծրագիրը:
«Արի տուն» ծրագրի ծիրէն ներս այս տարուան առաջին երիտասարդական խումբի այցը սկսաւ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը զրուցեց ռուսական լրատուամիջոցներէ աշխատակիցներու հետ:
Ըստ Վիգէն Սարգսեանի, անհրաժեշտ է արտաքին քաղաքական կարեւոր հարցերու համապատասխանեցումը: