Արխիւ
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 2016 թուականին իրականացուցած է հանրային կարծիքի հետազօտութիւն մը՝ պարզելու համար «Աւրորա» մրցանակի, հայերու եւ Հայաստանի մասին աշխարհի իրազեկութեան մակարդակը:
Յունուարի 14-ին, Երեանի Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, չինական Նոր տարուան առիթով, տեղի պիտի ունենայ Կանսիւ նահանգի երգի-պարի համոյթի «Մետաքսի ճանապարհ եւ ծաղիկներու անձրեւ» խորագրով համերգը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համար մեկնաբանեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած վերջին համատեղ յայտարարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մինսքեան խմբակի համանախագահները նախընթաց օր համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էին Դեկտեմբերի 29-ին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած բախումներուն կապակցութեամբ։
Կազիանթէպի մէջ երէկ կանխուեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը։ Դէպքը պատահեցաւ քաղաքի Անվտանգութեան տնօրէնութեան մերձակայքին։
Թուրքիոյ եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները կը զարգանան փոխադարձ շահերու հիման վրայ:
Նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն անհետացած իւղանկարի հարցին շուրջ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցները վերջին օրերուն արձագանգ կը հանդիսանան նոր իրադարձութիւններու, ինչ որ ցաւով ու որոշ չափով ալ ընդվզումով կ՚ընկալուի Գումգաբուի շրջանակներուն կողմէ:
Քննչական կոմիտէն մասնագիտական եզրակացութիւններու հիման վրայ որոշած է կարճել հետաքննութիւնը եւ դիմանկարը վերադարձնել նոր «տիրոջ»:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարներ Ֆէսճեան, Սէրթշիմշէք, Չոլաքեան եւ Մեծարեան ընտանիքներու անդամները։ Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, ներկայ եղան կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։
Այս Կիրակի Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Երէկ, տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ անդամներէն՝ Մինաս Գաբըսըզը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները մեզի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի պիւտճէի ներկայ բարդ հաւասարակշռութիւններուն շուրջ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Նիւ Եորք Թայմզ» միջազգային տարբերակը, ծանօթ է, որ լրատուական աշխարհի մէջ ունի իր վարկը: Եւ անոր մէջ երեւցող հաղորդում, հրապարակագրութիւն եւ յօդուած՝ նաեւ իր կշիռը: Եւ այս իմաստով 7 Դեկտեմբեր 2016-ի թիւին մէջ երեւցած ամերիկահայ եւ միջազգային համբաւ վայելող գրող Քրիս Պոհճալեանի մէկ յօդուածը թէեւ իմ ուշադրութիւնս գրաւեց (երեւի հպարտութեամբ), բայց եւ այնպէս կ՚ենթադրեմ, որ հայուն «դիմագիծը» դրաւ միջազգային քարտէսի վրայ՝ եթէ մէկ կողմէ պատմական իրողական իմաստով, բայց նաեւ ներկայի քաղաքական-ռազմավարական, իրաւական ու ճշմարիտ պահանջատիրութեան համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բարոյահոգեբանական անթափանց խաւարի մը մէջ էր աշխարհ, ուր կարօտեալներու ուղղուած սիրոյ ամէն արտայայտութիւն անտէր էր եւ անզօր, ուր կորսուած էր Աստուծոյ շնորհը եւ սէրը, երբ Կոյսը յղացաւ եւ Աստուած՝ Ի՛նք մարմնացաւ եւ մարդացաւ։ Այս կերպով «Աստուածայայտնութիւն»ը եղաւ համայն մարդկութեան համար փրկութի՛ւն։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը:
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ջերմ բարեմաղթանքներ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը:
Միջնորդները կը յորդորեն խստօրէն հետեւիլ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն:
ՆԱՐԷ ՔԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աշխարհը մեծամասնութեամբ կը հետեւի Գրիգորեան օրացոյցին. 365 օրեր, կամ 12 ամիսներ տարուան մը մէջ: Տարին կ՚աւարտի 31 Դեկտեմբերին, կը սկսի 1 Յունուարին՝ Ամանորի օրը:
Լեզուն որով գրեցի երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ.
Հարիւր տարի ետք միայն իր այս ձեւով, այս սխալ
Կամ ճիշդ ձեւով ու հնչմամբ՝ լեզուն անուշ զոր խօսէր
Էին անուշ տղաքներ, գուցէ խօսող չունենայ,
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ - 1942
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ըստ լիբանանեան պաշտօնական լրատուութեան, Լիբանանի Նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն երկօրեայ այցով Ռիատի մէջ է:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի Թեմէն ներս առօրեան պայմանաւորուած է մահուկենաց բնոյթի սահմանային իրադարձութիւններով:
Առաջնորդարանը Հաղարծինի վանական համալիրէն ներս հիմնած է արտադրամաս մը, ուր գիւղացիներէն կը գնէ բերքը՝ պատրաստելու համար անուշի տեսակներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան համար ձմեռը՝ իր մութ ամպերով սուգի եղանակ մը, տխուր շրջան մըն է։ Ձմրան մութ ամպերուն տակ, կածես ամենէն զուարթ մարդն իսկ կը դառնայ մելամաղձոտ տխուր մարդ մը, յաճախ յուսալքուած եւ տրտում։
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան այցելեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը։ Արէտ Երկանեան կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ ներկայացուցիչի գրասենեակի բացման հաւաքոյթին։
Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ։ Վրաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Ռիվլինը։
Թաքսիմ մարզակումբի մինչեւ տասներկու տարեկաններու ֆութպոլի կազմը վերջերս արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը։ Տղաքը իրենց խմբաւորման մէջ հանդիսացան ախոյեան։