Արխիւ
2017 թուականի յատկանշական յոբելեաններու շարքին է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 31ի երեկոյեան, շուկայէն վերջին գնումները ըրած, կամուրջին տակէն յոգնած քայլերով տուն կու գայի, երբ դիմացս յայտնուեցաւ մեր թաղի Գուրգէնը, տխուր եւ փլած հոգեկանով, կարծես այդ օր վերջնականապէս իր բարի ժպիտը ջնջած էր դէմքէն։
2 Ապրիլ 2017-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնին Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ խանդավառութիւն:
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Անցեալ Կիրակի առաւօտ եկեղեցին բանալու ատեն տեսանք պատին յայտարարութիւնները կարդացող մարդ մը, որ ժամանակացոյցին ծանօթանալ կ՚ուզէր։ Յայտնի էր որ հայ մը չէր ան։
«…բայց մի ինչ է՝ զի զառ ի յետոյսն մոռացեալ է,
եւ ի յառաջադէմսն նկրտեալ եմ։»
(Փիլիպեցիս, 3.13)
Ամանոր է դարձեալ։ Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ շնորհեց տարի մը եւս անցընել մեր երկրաւոր կեանքի մատեանին մէջ իր ուրախ եւ տխուր երեսակներով։
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Կիրակի երեկոյ տանս դիմացէն ձայներ լսեցի՝ խըշ-խըշ-խըշ... ականջս տնկած՝ արդեօ՞ք կատու է... յանկարծ դրան զանգին ձայնէն տեղէս ցատկեցի, շտապեցի՝ ո՞վ է այս ժամուն... դրան բռնիչին վրայ կախուած տոպրակ մը կար, աջ-ձախ նայեցայ՝ ոչ մէկը... տոպրակը արի, ձեռքերս նուէրներով լեցուած էին, ու անոնց վրայ զետեղուած նամակ մը կար.
«Արաս» հրատարակչութիւնը Ամանորի ընդառաջ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրաւ նրբաճաշակ նոթատետրեր, որոնք զարդարուած են հայկական աւանդական թռչնագրերով։
ՍԻԼՎԻ ՊԱԼԵԱՆ
Երբ փոքր էինք, անհամբեր կը սպասէինք որ մանկապարտէզը կամ դպրոցները վերջանան ու ձմեռուան արձակուրդը սկսի: Դուռ-դրացի տեղացի էին եւ իրենց Ծնունդը հայերուս Ծնունդէն առաջ կը տօնուէր, ուրեմն իրենք արդէն իրենց նուէրները ստացած կ՚ըլլային:
Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տարի մը եւս բոլորեցինք, օրե՜ր, ամիսնե՜ր եւ տարի մը եւս ահաւասիկ անցաւ, եւ մարդկային կեանքէն կաթիլ մը եւս պակսեցաւ…։ Անցած տարին ամբողջ կեանքի նկատմամբ «կաթի՞լ» մըն է, թէ «տարափ», Աստուած գիտէ՝ ոմանց համար «կաթիլ» մը իրենց կեանքէն, ուրիշներու համար «տարափ», այսինքն կեանքէն մեծ մաս մը։
ԱՐԱՔՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ
Մեր հարուստ ազգականը իր մնացորդացէն քանի մը լիբանանեան ոսկիով իր բարի կամեցողութիւնը եւ խղճահարութիւնը կ՚արտայայտէր, կը փափաքէր բարեգործութեան դափնեպսակ մը շահիլ եւ տօնական օրերու նախօրեակին ուրախացնել եղբայրս, որ անհոգութեամբ եւ դժկամութեամբ մէկդի շպրտեց փուչիկէ այդ խեղճուկ Կաղանդ Պապուկը...։
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ Ամանորի սեմին կազմակերպուած մասնաւոր երեկոյթով մը մեծարուեցան երկրի այս տարուան լաւագոյն տասն մարզիկները։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի երաշխաւորութեամբ, կէս գիշերուան դրութեամբ հրադադար հաստատուեցաւ Սուրիոյ մէջ։
Հայկ Տեմոյեանի եւ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի ջանքերով յայտնաբերուած ազգային կարեւոր արժէքներ:
ՀԲԸՄ-ի հարուստ արխիւը համալրուեցաւ երկու նոր նմոյշներով, 110-ամեակի յոբելենական շրջանին:
Երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ մնայուն բնակիչներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը։ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին պատրաստութիւնները յառաջ տարուած էին ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի կողմէ։
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գուրուչէշմէի «Սուատա»ին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական երեկոյթ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի եւ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հաւանաբար համաձայնութեան այն սակաւ կէտերէն մին է՝ Իսրայէլի կառավարութեան որդեգրած վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մայրամուտին՝ Թոտորի», Տքթ. Իգնա Սարըասլանի երկարաշունչ պոէմն է՝ զրոյց-բանաստեղծութեան օրինակ մը, տարբեր մեկնակէտով եւ տերբեր զգայնութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան:
Ատրպէյճանի զօրքերը եօթ կորուստ տուին Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի հարաւ արեւելեան հատուածին մէջ: Երեւանի ղեկավարութիւնը այս ոտնձգութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերագրեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժա սահմանին վրայ պատահածը որակեց սադրանք:
«Դերասանը պիտի կարենայ ամէն ինչ խաղալ: Դերասանը կը ներկայացնէ մարդը, իսկ մարդու էութեան մէջ թէ՛ լաց կայ, թէ՛ ծիծաղ եւ թէ կատակերգութիւն»:
Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը շարունակեն խտացեալ ջանքեր գործադրել Սուրիոյ մէջ հրադադարի մը ապահովման ուղղութեամբ։ Անգարայի եւ Մոսկուայի դիւանագիտական ջանքերը ապահոված են Սուրիոյ մէջ հրադադարի մը հաստատման մեծ յոյսը։ Այս իրավիճակը միեւնոյն ժամանակ յարաբերական լաւատեսութիւն մը կը ստեղծէ քաղաքական լուծում մը գտնելու տեսանկիւնէն։