Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Վի­րա­հա­յոց Թե­մի «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» սրա­հին մէջ, Դեկ­տեմ­բե­րի 16-ին, ո­գե­կո­չուած է հա­յե­րէն տպա­գիր Աս­տուա­ծա­շուն­չի 350-ա­մեա­կը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Երեւանի «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնը վերանորոգուած:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եղաւ՝ «Պեպօ»ի առաջին նարկայացման պատուոյ հիւրը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան վեր­ջերս հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ երկ­րի տասն խո­շո­րա­գոյն հար­կա­տու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մե­ծա­գոյն ար­տա­ծող ու նե­րա­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս եր­կու հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ քննար­կուե­ցան տուեալ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Թուր­քիա, Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան պատ­րաստ են ե­րաշ­խա­ւո­րի դեր ստանձ­նել՝ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ընդ­դի­մու­թեան մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Այս ե­րեք եր­կիր­նե­րուն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ Սու­րիոյ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։ Ե­ռա­կող­մա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուած է, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կանգ առաւ ուժանիւթի ոլորտի խնդիրներուն վրայ:
Ռատիօաքթիֆ թափօններու եւ բանուած միջուկային վառելանիւթի ապահով վերահսկման ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի Մար­զա­կան լրագ­րող­նե­րու դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ընտ­րեց 2016 թուա­կա­նի լա­ւա­գոյն մար­զի­կը։ Այդ կո­չու­մը շնոր­հուե­ցաւ ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նին։ Հարկ է նշել, որ ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան ար­դէն եր­րորդ ան­գամ կ՚ընտ­րուի Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն մար­զի­կը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ա­թէնք, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փրո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լո­սի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Թուրքիա կ՚ապրի ենթակառուցուածքային հերթական վիթխարի ծրագիր մը կեանքի կոչած ըլլալու արդար հպարտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մասնակցութիւն բերին բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ող­ջու­նեց Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս ձեռ­նար­կուած հեր­թա­կան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ծրագ­րին փայ­լուն ար­դիւն­քը։ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ներ­կա­յա­ցուե­ցան «Ա­ռակ­ներ»ը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ո­րո­շած է պար­գե­ւատ­րել մեր հա­մայն­քի բա­րե­րար­նե­րէն Հայկ Աս­լա­նեա­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս ի­րեն պի­տի շնոր­հիւ «Կո­լոտ» շքան­շա­նը։ Ծա­նօթ է, որ ե­րա­նաշ­նորհ Յով­հան­նէս Բա­ղի­շե­ցի Պատ­րիար­քի յի­շա­տա­կին հաս­տա­տուած այս շքան­շա­նը կը շնոր­հուի բա­րե­րար­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կա­գիր եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ի­սա­հա­կեա­ն ծնած է 30 Հոկ­տեմ­բեր 1875-ին, Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ գա­ւա­ռի Ղա­զա­րա­պատ գիւ­ղը, որ ներ­կա­յիս կը կրէ բա­նաս­տեղ­ծին ա­նու­նը՝ Ի­սա­հա­կեան: 81 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցած Ի­սա­հա­կեա­ն թա­ղուած է Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան պան­թէո­նին մէջ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­նա­կա­նու­թեան բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած եւ զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծե­լու կա­րողու­թեամբ զօ­րա­ցած մար­դը բնա­կան է որ միշտ կա­տա­րե­լու­թեան, ան­թե­րիու­թեան ձգտի եւ նպա­տակ ու­նե­նայ հաս­նիլ կեան­քի գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Բա­րե­փո­խու­թիւն, յա­ռաջ­­դի­մու­թիւն եւ լա­ւի նուա­ճում մարդ էա­կին կո­չումն է եւ կեան­քի վերջ­նա­կան նպա­տա­կը։ Եւ ա՛յդ­պէս պէտք է ըլ­լայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Կը տե­ղե­կաց­նենք, որ մեր Լի­բա­նա­նի պաշ­տօ­նա­կից՝ «Ազ­դակ»ի է­ջե­րուն մէջ սննդա­գի­տա­կան-ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նիւ­թե­րով բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու հե­ղի­նակ Քար­լա Եար­տը­մեան-Հաժ ստա­ցած է սննդա­գի­տու­թեան տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճան՝ Անգ­լիոյ Օքս­ֆորտ Պրուքս հա­մալ­սա­րա­նէն: Քար­լա իր ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ հե­տա­զօ­տած է սնուն­դի ա­նա­պա­հո­վու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նի դպրո­ցա­կան ե­րա­խա­նե­րուն եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն վրայ («Studies on Child Food Insecurity in Lebanon»):

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պին կող­մէ մարդ­կա­յին վեհ սկզբունք­նե­րուն դրսե­ւո­րու­մը ե­ղող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ, ան իր 80-ա­մեա­կը նշած է ութ ան­տուն­նե­րու հետ՝ զա­նոնք ըն­դու­նե­լով Վա­տի­կա­նի Սրբու­հի Մար­թա­յի տան մէջ, ուր Պա­պը կը բնա­կի:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան վեր­ջերս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ երկ­րի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ընդգ­ծեց, որ կը փա­փա­քի լսել ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րը, քննար­կել ա­նոնց առ­կայ հար­ցե­րը ու տես­նել, թէ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ինչ ձե­ւով կրնայ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ա­նոնց լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Երեւան եւ Թեհրան կը ձգտին զարգացնել իրենց համագործակցութիւնը:
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի վաղը շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Լի­բա­նա­նի նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ պաշ­տօ­նի կո­չուե­ցան եր­կու հայ նա­խա­րար­ներ։ Վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րիի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ ընդգր­կուե­ցան Ա­ւե­տիս Կի­տա­նեան եւ Ժան Օ­ղա­սա­բեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Գեր­մա­նիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դաշ­նակ­ցա­յին ա­տեա­նը մեր­ժեց Պուն­տես­տա­կի կող­մէ ան­ցեալ Յու­նի­սին ըն­դու­նուած «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձեւ»ին դէմ բո­ղոք­նե­րը։ Ըստ Պեր­լի­նէ հա­սած լու­րե­րուն, Գեր­մա­նիոյ բարձ­րա­գոյն դա­տա­կան ա­տեա­նին մօտ առ­նուազն ութ բո­ղոք­ներ ներ­կա­յացուած էին այս հար­ցին շուրջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Եւ­րո­պա­յի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան ա­հա­բեկ­չա­կան մտա­հո­գիչ դէպ­քեր։ Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեր­լի­նի մէջ, պատ­մա­կան «Փլած ե­կե­ղեց­ւոյ» մօ­տա­կայ­քին պա­տա­հե­ցաւ դէպ­քը։ Բեռ­նա­տար հսկայ ինք­նա­շարժ մը ներ­խու­ժեց Սուրբ Ծննդեան շու­կա­յի տա­րած­քը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016

Հայաստանի եւ Վրաստանի իրաւապահ մարմիններու կապերու ամրապնդման ուղղեալ նոր հռչակագիր:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը կը շարունակուի զանազան մակարդակներու վրայ:

Էջեր