Արխիւ
«Միտք» հարթակին նախաձեռնութեամբ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասնակցութիւն բերին հազիւ քանի մը տասնեակ անձեր, որոնք կարգապահ էին:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ պահանջուեցաւ Պատրիարքական ընտրութիւն կատարել աւանդական ձեւով, նաեւ շեշտուեցաւ Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի հարցը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս առկայ է խոր բեւեռացումներու եւ պառակտումի շրջան մը։ Երկար ժամանակէ ի վեր շարք մը տարակարծութիւններ չեն հարթուիր զանազան նիւթերու շուրջ։ Կալուածական խնդիրներէ սկսեալ մինչեւ դպրոցներու հարցերը՝ ծանրաբեռնուած օրակարգ մը ունի համայնքը։
Նալպանտեան անդրադարձաւ Սէն Փեթերսպուրկի եռակողմանի հանդիպման մանրամասնութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արցախ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
4 Յունիս 2016-ին Հոլիվուտի մէջ «Անյաջող յարաբերութեանց թանգարան»ին (Museum of Broken Relationships) պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ, որուն տէրն ու հիմնադիրն է Ճան Քուին անունով իրաւաբան մը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Քա ի՞նչ են ասոնք: Ո՞վ կը դնէ գրասեղանիս դարակը: Ո՞վ է աս Նորայրը: Ի՜նչ ալ ճաշակաւոր է ան: Գծագրութեան ալ լաւ կարողութիւն ունի...:
Հայաստանն ու համայն հայութիւնը ցնծութեամբ կը սպասեն վաղուան, երբ աշխարհի առաջին քրիստոնէական երկիր ոտք պիտի դնէ Հռոմի Սրբազան Պապը: Անոր այցելութեան կը սպասեն ո՛չ միայն Հայաստանը, ո՛չ միայն աշխարհասփիւռ հայութիւնը, այլ նաեւ՝ ողջ հաւատացեալ աշխարհը, որ Սրբազան Քահանայապետի պատգամներուն, խօսքերուն եւ քայլերուն կը հետեւի բիբլիական երկրէն՝ Հայաստանէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ եկեղեցականութեան ցուցաբերած մեծ եռանդին չնայելով՝ «հեթանոս հայ»ը քրիստոնէաբար կրթել, նկատի չունենալով Աշտիշատի Ժողովի դրած օրէնքները՝ որով ժողովականները «հայ աշխարհի բոլոր բնակիչները վանական միաբաններ դարձուցին՝ բացի միմիայն ամուսնութեան կողմէ», ինչպէս կը վկայէ Փաւստոս պատմիչ, բայց եւ այնպէս այդ ջանքերը ընդհանրութեան համար ապարդիւն անցան եւ այս երեւոյթի պատճառը ճշմարտախօս Փաւստոս պատմիչ հետեւեալ խօսքերով կը բացատրէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յետին վերլուծմամբ, Օրէնքը՝ Աստուծոյ կա՛մքն է որ կը տիրակալէ, կը տիրապետէ անխուսափելի եւ անդիմադրելի ուժով՝ ինչպէս Բնութիւնը ենթակայ է անոր, նոյնպէս եւ մարդկային ամբողջ կեանքը։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հրաժեշտի ընթրիք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աւարտական դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալու համար կազմակերպուած երեկոյթին մասնակցեցան Գալֆաեան Տան պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Երէկ երեկոյեան Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմեկերպուեցաւ իֆթարի սեղան մը, որուն մասնակցիլ հրաւիրուած էին նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն դէմքեր։ Պէշիկթաշի «Four Seasons» պանդոկին մէջ, բացօթեայ սարքուած այս ընթրիքին տանտէրն էր Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար։
ԶԻՊԷՉ-ի վարչութիւնը եւ մասնագիտական անձնակազմը կը ձգտին խորացնել մեր վարժարաններու կրթական մշակներուն հետ իրենց համագործակցութիւնը՝ որպէսզի յատուկ խնամքի կարօտ աշակերտներու պարագային կատարուին աւելի գիտակից կարգադրութիւններ։
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ ընտանիքը թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդիսութեան առթիւ ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցին մէջ, մինչ գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը։ Սամաթիոյ ընտանիքէն վարչայիններ եւ բազմաթիւ հիւրեր փութացած էին շնորհաւորել միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ շաբթուան մէջ Իսթանպուլէն մեկնած էր Մոսկուա, ուրկէ պիտի անցնէր Հայաստան՝ մասնակցելու համար Սրբազան Պապի դէպի Ս. Էջմիածին այցելութեան եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին։
«Միտք» հարթակը այս առաւօտ բողոքի արարք մը կազմակերպեց՝ «Մեր պատրիարքը կ՚ուզենք մե՛նք ընտրել» կարգախօսով:
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքարանի գտնուած փողոցը թատերաբեմը հանդիսացաւ արտասովոր իրադարձութեան:
«Միջազգային վարկանիշաւորման կեդրոն»ը պարգեւատրեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարը:
Յասմիկ Պօղոսեան վկայականը ստացաւ ձեռամբ Ալեքսանտր Ռապինովիչի, որ բարձր գնահատեց իր գործունէութիւնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ վերջերս տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու համաժողովը։ Աղուերանի մէջ, «World Vision» բարեգործական կազմակերպութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան շուրջ հարիւր կրթական մշակներ՝ ներքին թեմերէն։
ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Վստահաբար Քարէն Եփփէն, Միս Պիւլը եւ Մարիա Ճէքըպսընը քսաներորդ դարու սկիզբը Միջին Արեւելքի մէջ լաւապէս կրցած էին օգտագործել համացանցը, յատկապէս Դիմատետրի (Facebook) էջերը, որպէսզի իրենց գործած բարիքներուն մասին աշխարհով մէկ տեղեկանք սփռէին, թէ ինչպէ՞ս իրենց աշխատանքներուն մասին այսքան առատ տեղեկանք փոխանցուած եւ իրենց մասին հաստափոր մատեաններ հրապարակուած պիտի ըլլային:
ԿԱՐՊԻՍ ՋՐԲԱՇԵԱՆ
Յաճախ լսած ենք, որ «աշխարհի վրայ անփոխարինելի մարդ չկայ։ Գերեզմաններու մէջ բազմաթիւ են այդպիսիները…»։ Թէպէտ Աւետարանին մէջ չկայ նման արտայայտութիւն մը, երբեմն ալ հաւատացած ենք։
Ամերիկահայ մեծահարուստ Քերոլին Ռաֆայէլեան ընդգրկուած է Forbesի՝ աշխարհի ամենահարուստ ինքնուրոյն կայացած կանանց ցուցակին մէջ՝ զբաղեցնելով 22-րդ տեղը: Քերոլինի կարողութիւնը կը գնահատուի 700 միլիոն տոլարով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հերթական անգամ դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերեց սուրիահայոց համար։ Այսպէս, վերջերս մայրավանքէն դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ ի նպաստ հարիւր սուրիահայ ընտանիքներու։