Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

Սերժ Սարգսեան. «Ատրպէյճանի նախագահի հաւաստիացումները քիչ հաւատ կը ներշնչեն»:
Հայաստանի նախագահը շահեկան համարեց մշտադիտարկումը, որովհետեւ հայկական կողմը երբեք չի խախտեր հրադադարը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աս­տուած՝ Ա­րա­րի­չը յայտ­նեց Իր Օ­րէն­քը Իր ժո­ղո­վուր­դին, այս­պէս պատ­րաս­տե­լով Յի­սուս Քրիս­տո­սի Գա­լուս­տը։ Ար­դա­րեւ Մով­սէ­սի Օ­րէն­քը կ՚ար­տա­յայ­տէ բազ­մա­թիւ ճշմար­տու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք բնա­կան­ա­բար մատ­չե­լի են բա­նա­կա­նու­թեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գիր­քե­րը մար­դուս ա­մե­նէն հա­ւա­տա­րիմ ու ան­կեղծ բա­րե­կամ­ներն են, իսկ գրա­դա­րան­նե­րը՝ լու­սա­ւոր եւ ա­պա­հով պատս­պա­րանն է, որ հե­ռու կը պա­հէ մտքի խա­ւա­րի ա­մէն տե­սակ վնա­սա­բեր ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէն։ Եւ այս ի­մաս­տով, ի­րա­պէ՛ս գիր­քե­րը եւ գրա­դա­րան­նե­րը «լոյս աշ­խարհ»ի մը կը վե­րա­ծեն մու­թէն ու խա­ւա­րէն տագ­նա­պած ու տուայ­տած մար­դը։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

ՊԱՅ­ԾԻԿ ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Իր ա­ւար­տին հա­սաւ ար­դէն Սթոք­հոլ­մի Globe Arena-ի «Եւ­րո­տե­սիլ 2016»ի եզ­րա­փա­կիչ փու­լը, որ հա­կա­ռակ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գտնո­ւող­նե­րու քո­ւէար­կու­թեանց, 534 կէ­տե­րով յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րեց Ուք­րայ­նան ներ­կա­յաց­նող թա­թա­րա-հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով Ճա­մա­լան՝ Սու­սան­նա Ճա­մալ­դի­նո­վան, իր ե­տին ձգե­լով Աւստ­րա­լիա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն ու Ռու­սաս­տա­նը (491): 

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպման պահուն Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի ԵԱՀԿ ձեռնամուխ ըլլայ շփման գծին հրադադարի խախտումները հետաքննելու ուղղեալ դրութեան մը հաստատման աշխատանքին։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրան­սա­կան ո­րե­ւէ դե­ղա­րան կամ ա­նու­շա­հո­տե­րով եւ օ­դաո­րա­կիչ նիւ­թե­րով մաս­նա­գի­տա­ցած խա­նութ մը մտնե­լու եւ «հայ­կա­կան թուղ­թ» մը պա­հան­ջե­լու պա­հուն ա­մէն մարդ ան­մի­ջա­պէս կը հասկ­նայ, թէ ին­չի՞ մա­սին է խօս­քը: Papier d’Armé-nie. Այս­պէս կը կո­չուի այն զար­մա­նահ­րաշ թուղ­թը, ո­րուն ֆրան­սա­ցի­նե­րը ծա­նօթ են նա­խան­ցեալ դա­րէն ի վեր: Papier d’Armé-nie-ն այ­սօր կը նկա­տուի աշ­խար­հի ա­մե­նէն հին օ­դի թար­մա­ցու­ցի­չը:

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

VADİP-ի հերթական ժողովին ընթացքին համայնքային վարիչները ամփոփեցին առկախեալ ընտրութիւններու հիմնախնդրին վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները: Պետրոս Շիրինօղլու եւ Թորոս Ալճան մեկնաբանեցին պաշտօնական պատկան շրջանակներէն հասած ազդանշանները, որոնք նոր երանգ մը կը ստանան նոր վարչապետի անուան յստակեցման բերումով:

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ե­րէկ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նի բաժ­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նին առ­թիւ։ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէ­սը, ո­րու բե­րու­մով ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ շրջապ­տոյտ մը դէ­պի Կա­պա­դով­կիա եւ Ան­գա­րա։ Խում­բը գլխա­ւո­րեց վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, ո­րու հետ էին նաեւ ու­սու­ցիչ­ներ եւ ծնող­ներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս ճամ­բոր­դու­թիւն մը կա­տա­րե­ցին դէ­պի Էս­կի­շէ­հիր։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Ա­լին Պիւ­յիւ­քէ­րի գլխա­ւո­րած խում­բին մաս կազ­մե­ցին նաեւ ու­սուց­չա­կան կազ­մէն դէմ­քեր։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

Մեծ Ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցի շրջա­նին, Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի, ի­րա­կա­նա­ցու­ցեր էին աշ­խա­տանք մը՝ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար նա­հա­տակ գրա­գէտ Ռու­բէն Սե­ւա­կի (1885-1915) կեն­սագ­րու­թե­նէն ո­րոշ դրուագ­ներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ֆա­թի­հի քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Տե­մի­րը։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ճա­շա­սե­ղա­նով մը պա­տուած է Մուս­թա­ֆա Տե­մի­րը։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ի՞նչ է նա­խան­ձը։ Նա­խան­ձը բա­ցատ­րել, գիտ­նալ կա­րե­լի չէ։ Ա­յո, զգա­ցում մըն է, ու­նի իր տա­ռա­ցի ի­մաս­տը, բայց կա­րե­լի չէ ի­մաստ տալ այդ զգա­ցու­մին մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016

Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րե­ցաւ վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քին առ­թիւ։ Խա­ւի­ծի օ­րը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­նե­րուն հա­մախմբ­ման՝ դպրո­ցի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016

Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի ժողովը։
Հաւաքի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան կազամուղ եւ նաւթամուղ խողովակաշարներու անվտանգութեան հարցերը։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ սանուց միութիւններու, ակումբներու եւ հայրենակցական միութիւններու առկայ խնդիրները յաղթահարելու որոնումները ունին կենսական նշանակութիւն։
Մտայնութեան եղափոխութեան մը զուգահեռ՝ պէտք է դադրիլ անցեալը կարօտնալէ եւ հրաժարիլ երիտասարդները մեղադրելէ, որպէսզի համայնքի ընկերամշակութային կեանքէն ներս ծնունդ առնէ նոր շարժում մը, ծնունդ տրուի աշխուժութեան։ Համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպումը կրնայ ճանապարհ դառնալ առկայ լճացումէն դուրս գալու համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016

Շուէ­տի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Սթոք­հոլ­մի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­տե­սիլ-2016» եր­գի մրցոյ­թը, որ ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ այս շա­բա­թա­վեր­ջը բնո­րո­շուե­ցաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու տա­րե­կան հա­ւա­քով։ Դպրո­ցի նոր հա­մա­լի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն պա­տուոյ հիւ­րերն էին Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Պա­քըր­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տեմիր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ եւ հիւ­րեր։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 209-րդ տարեդարձին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն արարողութիւններ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան բարձր գնահատեց թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016

Վիեննայի նախագահներու այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ Երեւան քաշեց իր կարմիր գիծը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։
Հայաստան այլեւս մտադիր չէ աչք փակելու միջնորդներու կրաւորականութեան վրայ - Ֆրանսա առաջարկ մը ներկայացուցած է շփման գծին համար։

Էջեր