Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​«Ես 30743 հա­մա­րը կրող իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի նախ­կին զօ­րա­վարս այ­սօր ան­դամ դար­ձայ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար պայ­քա­րող մեծ բա­նա­կին»։ Այս խօս­քե­րով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սին առ­ջեւ հան­դէս ե­կած Իս­րա­յէ­լի հին­գե­րորդ վար­չա­պե­տը՝ Ից­հաք Ռա­պին կը սպան­նո­ւէր 4 Նո­յեմ­բեր 1995 թո­ւա­կա­նին:

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի ներկայացուցիչները քաղաքիս մէջ:
Ըստ Ռազմիկ Փանոսեանի, սփիւռքահայ վարժարաններուն հետ ձեռնարկուած ծրագիրները ունին յուսադրիչ հեռանկարներ:

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016

Գա­րա­կէօ­զեան Տան ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Իս­թան­պու­լի չոր­րորդ ման­կանց ու ե­րի­տա­սար­դաց պիէ­նա­լին։ Ապ­րի­լի 19-էն ի վեր ըն­թաց­քի մէջ է այս պիէ­նա­լին ծրա­գի­րը, որ իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի Մա­յի­սի 23-ին։

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը այս օ­րե­րուն կ՚ար­ժա­նա­նայ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Ար­դէն 12-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս ա­ւան­դա­կան միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցա­շար­քը, ո­րով ստեղ­ծուած է մեծ ու ո­գե­ւոր շար­ժում մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

«Ո­րե­ւէ խօսք ը­սե­լէ ա­ռաջ լաւ մտա­ծէ: Բա­ռեր­ը կերտ­ել­ու եւ կոր­ծա­նել­ու զ­­օր­ու­թիւն­ը ուն­ին: Այ­լապ­էս ա­նոնք անջր­պետ­ի մէջ կ՚ոչն­չա­նան» (Ան­ծան­օթ):

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սիւ­նի­քի սահ­մա­նա­մերձ մար­զի մէջ պա­տե­րազմը ա­ւար­տած է 1994 թուա­կա­նին: Կը թուի, թէ այ­լեւս հե­ռա­ւոր ան­ցեալ են կրա­կոց­նե­րը, հրե­տա­կո­ծու­թիւն­նե­րը, սահ­մա­նա­յին կռիւ­ներն ու ա­մէն օր սահ­մա­նէն եւ խա­ղաղ բնա­կա­վայ­րե­րէն հաս­նող մա­հուան լու­րե­րը:

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստե­փան­նոս Ար­քե­պիս­կո­պոս Յովա­կի­մեան ի­րա­պէս բա­ցա­ռիկ հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը տի­պա­րը ե­ղած է։ Ծնած է Նի­կո­մի­դիոյ Տաղ գիւ­ղը՝ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Սու­րէն։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին հիւ­րըն­կա­լեց Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ տեղ­ւոյն հոգ­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ ու­շադ­րու­թիւն ը­րա՞ծ էք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մար­դիկ, շատ ան­գամ ո՜ր­քան ու­նայն, պա­րապ փա­փաք­նե­րով ու նպա­տակ­նե­րով կը վատ­նեն, կը մսխեն ի­րենց թան­կա­գին ժա­մա­նա­կը՝ ան­տե­սե­լով ի­րա­պէս կա­րե­ւոր եւ ար­ժէ­քա­ւոր, օգ­տա­կար փա­փաք­ներն ու նպա­տակ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մա­յիս 7-ի օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի բա­նաս­տեղ­ծա­կան սրբազ­նա­գոյն ճա­ճան­չու­մը հան­դի­սա­ցող Գ­­րի­գոր Նա­րե­կա­ցիի (951-1003)։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Սա­թե­նիկ Գրի­գո­րեան ծնած է Բա­ղէշ (Պիթ­լիս), 1894-ին: Փոքր տա­րի­քէն ա­մուս­նա­ցած է բա­ղէշ­ցի Վա­ղար­շակ Պա­պա­յեա­նին հետ:

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

​Սուրբ Հո­գի հա­մալ­սա­րա­նի Փի­լի­սո­փա­յու­թեան, մարդ­կա­յին եւ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ գի­տա­կան հա­մա­ժո­ղով մը՝ «Լի­բա­նա­նեան ներ­կա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հի մէ­ջ» խո­րագ­րով։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

The Wall Street Journal ա­մե­րի­կեան հե­ղի­նա­կա­ւոր թեր­թը գրեց, թէ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան հա­մաշ­խար­հա­յին նաւ­թի շու­կա­յէն ներս կը ցնցեն Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ դիր­քե­րը։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով, Ռիատ դէմ յան­դի­ման մնա­ցած է լուրջ սպառ­նա­լի­քի՝ Ա­սիոյ շու­կա­նե­րու քա­րիւ­ղի գլխա­ւոր մա­տա­կա­կա­րի տիտ­ղո­սը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու ա­ռու­մով։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռը կը ծրագ­րէ հրա­տա­րա­կել քա­ռա­հա­տոր մը, որ կը կո­չուի «Հա­յաս­տա­նի յա­րա­կից եր­կիր­նե­րու պատ­մու­թիւն»։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­ռա­ջին հա­տո­րը ար­դէն լոյս տե­սած է ու կը վե­րա­բե­րի հին շրջա­նին։ Այդ մէ­կը կը ներ­կա­յաց­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­րե­ւան­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը հայ­կա­կան տե­սան­կիւ­նէն։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

Հայ դատի ղեկավարութեան շփումները՝ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ:
Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի հեռանկարներուն շուրջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա ա­ռան­ձին թո­ղուած է «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ Էր­տո­ղան անդ­րա­դար­ձաւ Սու­րիոյ ի­րադ­րու­թեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին լայ­նա­ծա­ւալ ու ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։ Ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Քան­տի­լի, Մե­թի­նա­յի, Զա­փի եւ Կա­րա­յի շրջան­նե­րէն ներս ռմբա­կո­ծե­ցին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան զա­նա­զան թի­րախ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ յօդուած մը գրի առաւ Politico Europe պարբերականին մէջ:
Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած «Ֆորմիւլա 1»էն վերջ հաւանական կը նկատուի Արցախի ճակատին վրայ բախումներու վերսկսիլը: Այսօր հայկական կողմը կը նշէ Շուշիի ազատագրման տարեդարձը: Հայկական կողմը չի պատրաստուիր որեւէ բան ընդունիլ Պաքուի ճնշումներու պայմաններուն ներքեւ:

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

«Փակ սահմանի երկխօսութիւն« վաւերագրական ժապաւէնին հերթական ցուցադրութիւնը՝ Երեւանի մէջ:
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ քննարկում:

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թիւ­նը կա­յա­ցաւ ե­րէկ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Վի­ճա­կա­ւոր Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեա­նի։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Հ․ Աբ­րա­համ Ծ․ Վրդ․ Ֆը­րա­տեան։

Էջեր