Արխիւ
Աշխարհահռչակ արուեստագէտը Երեւանի մէջ այցելեց Կոմիտասի թանգարանը:
Վլատիմիր Սփիվաքով ցաւ կը յայտնէ աշխարհի վրայ առկայ բռնութիւններու եւ ատելութեանց համար:
«Քրիստին Սալէրի» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթին մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ այս հիմնարկը ստեղծուած է վառ պահելու համար անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պատուախնդրութիւն», իր լայն առումով կը նշանակէ՝ իր պատուին հանդէպ նախանձաւորութիւն, բծախնդրութիւն եւ այդ մասին եռանդոտ ըլլալու ընդհանուր վիճակ։ Մարդկային արժանապատուութիւնը, արդարեւ նախանձաւոր ըլլալ կը պահանջէ ամէն մէկ անհատէն, քանի որ «մարդ»ը ինքնին արժանաւորութիւն մը ունի՝ բոլորովին անկախ իր ընկերային դիրքէն, աստիճանէն, պաշտօնէն, պարզապէս անոր համար որ «անհատ» մըն է ան՝ «անձ» մը՝ որ արժէք մը ունի եւ պատի՛ւ մը, անձեռնմխելի՛։
Լիբանանի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան գոլէճին մէջ բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ աշակերտներու գարնանային դպրոցին:
Բրիտանական հեղինակաւոր Rolls Royce ընկերութիւնը ներկայացուցած է ինքնաշարժի բեռնախցիկին մէջ իրերու տեղափոխման համար նախատեսուած յատուկ ձեւագծումով պայուսակներու թանկարժէք հաւաքածոն: Անոնք նախատեսուած են բացառապէս Rolls Royce Wraith տիպի ինքնաշարժին համար:
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ, Մայիսի 3-ին, տեղի կ՚ունենայ «Սպեղանի» երգչախումբին համերգը՝ ղեկավարութեամբ հիմնադիր ու գեղարուեստական ղեկավար Սարինա Աւթանդիլեանի։ Այս համերգը նուիրուած է երգչախումբի հիմ-նադրութեան 20-ամեակին:
Աշխարհահռչակ բնորդուհի Նաոմի Քեմփպըլի գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Այսպէս, Լոնտոնի մէջ կայացած շնորհանդէսէն յետոյ հանրայայտ բնորդուհի Նաոմի Քեմփպըլ իր երկհատորեայ Naomi գիրքը ներկայացուցած է նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ։
Այսօր, Եւրոպական խորհրդարանը կը հիւրընկալէ «Սփիւռքներու Եւրոպան» համաժողովը, որու ընթացքին կը դրուի Եւրոպայի սփիւռքներու ցանցի սկիզբը եւ կը ներկայացուի «Սփիւռքներու Եւրոպան» ուխտագիրը: Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, այդ ուխտագիրը կը հաստատէ, որ Եւրոպայի մէջ սփիւռքներու դերը առանցքային է, որ անոնք սպառնալիք չեն, եւ որ աւելին պէտք է ընել զանոնք ներգրաւելու ուղղութեամբ:
Գերմանիոյ Խորհրդարանէն ներս Յունիսի 2-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ հայկական հարցը։ Կը հաղորդուի, որ Պունտեստակէ ներս ներկայացուած կուսակցութիւններուն համաձայնութեամբ պիտի քննարկուի այս նիւթը։ Երկրի համախոհական իշխանութեան մասնակից Սոցիալ դեմոկրատ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Թոմաս Օփփերման այս առթիւ յայտարարեց, թէ Պունտեստակը պիտի ընդունի որոշում մը, որով 1915 թուականի դէպքերը պիտի ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։
Ահաբեկչական յարձակումներուն հետեւանքով Թուրքիա շաբաթավերջին հերթական անգամ ցնցուեցաւ նահատակներու մասին լուրերով։
Կազիանթէպի մէջ անվտանգութեան տնօրէնութիւնը, իսկ Տիճլէի մէջ Ոստիկան զօրաց հրամանատարութիւնը թիրախ ընտրուեցան ՓՔՔ-ի կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Հելսինքիի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան կը տեսակցի Ֆինլանտիոյ Նախագահ Սաուլի Նինիսթիոյի, Խորհրդարանի նախագահ Մարիա Լոհելայի եւ բանակցութիւններ կը վարէ իր պաշտօնակցին՝ Արտաքին գործոց նախարար Թիմօ Սոինիի հետ։
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանը:
Ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդը ներկայացուց այն բոլոր հարցերը, որոնք կը գտնուին համայնքի օրակարգին վրայ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտօնավարէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ ան պիտի ստանձնէ Լաս Վեկասի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընթացիկ ամսուան սկիզբը Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներէն ասդին նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն համար: Տարբեր առիթներով ըսուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որեւէ զարգացում իր անմիջական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ: Այս խօսքը իրաւացի է, որովհետեւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծննդոցի երկունքին մէջ նոյնպէս Ղարաբաղը իր կարեւորագոյն տեղը ունեցաւ երկրին մէջ հասունցած անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան գաղափարները բարձրաձայնելու համար:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երուսաղէմ մեկնելէ առաջ այցելութիւն մը տուաւ Հրէից րաբունապետարան, ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ապրիլ 27-ին, 101 տարի առաջ, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքին մէջ, նորածինի ճիչ մը կեանքով լեցուց Ալեքսանդրապոլ (Կիւմրիի նախասովետական անունը)՝ Ախուրեան գետի ափին գտնուող կիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տունը։
Տեսակցեցաւ՝ ՍԵՒԱՆ ՊՕՂՈՍ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Յաճախ կը հանդիպէի իրեն՝ այս ձեռնարկին, կամ այդ դասախօսութեան։ Սակայն, աւելի մօտիկէն ճանչցայ զինք, երբ սկսայ հետեւիլ Լարք երաժշտանոցի մէջ իր դասաւանդած Գրաբարի դասընթացքներուն։
Աշխարհահռչակ խմբավար Վլատիմիր Սփիվաքովի առաջնորդած սենեկային նուագախումբին շքեղ համերգը:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ ունկնդիրները աննախընթաց խանդավառութիւն ապրեցան երեկոյթի ընթացքին:
Չորեքշաբթի, 4 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը՝ Բանանցի եւ Միքայի միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի յերկնից երեւեալ նշանն յաղթութեան այսօր, հեթանոսաց ծագեաց լոյսն ողորմութեան»։
Շարականի այս հրաշալի՜ տողերը լաւագոյն կերպով թարգման կը հանդիսանայ Խաչին էութեան եւ կարեւորութեան՝ հոգեւոր կեանքի գոյապահպանման ու գոյատեւման ընթացքին մէջ։