Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց ամերիկահայ յայնին գրող Փիթըր Պալաքեանին, որ արժանացաւ Փուլիցէրեան մրցանակին։ Սարգսեանի շնորհաւորականին մէջ ընդգծուած է, թէ համայն հայութեան համար սա նշանակալի իրադարձութիւն մըն է։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին ուղարկած էր շնորհաւորական մը, զոր հրատարակած էինք երէկ։ Նոյն առթիւ Պերճ Սեդրակեանն ալ հանդէս եկած է կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահին այս կոչը։
Ժան Քլոտ Եունքէր՝ Ատրպէյճանէն պահանջեց. «Դադրեցուցէ՛ք կրակը»:
Վարչապետ Տավուտօղլու Սթրազպուրկի մէջ կրկնեց Թուրքիոյ տեսակէտները:
Կազիանթէպի Քիլիս գաւառակը երէկ ենթարկուեցաւ Սուրիոյ տարածքէն կատարուած ռմբակոծութեան։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ վերահսկուած տարածքէն արձակուեցան չորս Քաթյուշա հրթիռներ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին Ապրիլի 25-26-ին Էրտողան պիտի այցելէ Ատրպէյճան՝ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկած է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) երէկուան նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ ԵԽԽՎ-ի մօտ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Հերմինէ Նաղդալեան եւ անդամներէն Սամուէլ Ֆարմանեան այս կապակցութեամբ հանդէս եկան ելոյթներով։
Ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալաքեան նուաճեց Փուլիցէրի հեղինակաւոր մրցանակը։ Ան այս կարեւոր մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրներու շարքին մաս կազմելու իրաւունք շահեցաւ բանաստեղծութեան անունակարգէն ներս։
Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցան բարձրաստիճան սպաներու հետ:
Բանակաշինութեան աշխատանքները միշտ առաջնահերթ:
Սէրկէյ Լաւրով Երեւան այցելութեան ընդառաջ այսօր կը տեսակցի Ժան-Մարք Էյրոյի հետ՝ շօշափելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այլեւս հաստատուած իրողութիւն է, որ ժամանակակից պատերազմները կը մղուին ռազմական զէնքերով եւ լրատու միջոցներով: Եթէ զէնքերն ու ռումբերը կեանքեր կը խլեն, քանդումներ կը պատճառեն, լրատու եւ քարոզչական միջոցները ուղեղներ կը լուան, հոգիներ կը խաթարեն:
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ եթէ փողոցը, աշխատավայրը կամ որեւէ այլ տեղ հարց տայիր մեր հայրենակիցներէն ոեւէ մէկուն, թէ ի՞նչ կ՚ընէ, եթէ պատերազմը վերսկսի Արցախի մէջ, պատասխանը, խիստ բորբոքած ու ջղային, կ՚ըլլար մօտաւորապէս այսպէս. «Այդ ղարաբաղցի՛ները թող երթան պաշտպանեն Արցախը», «Ես Սերժի համար ոչ մէկ բան կ՚ընեմ. ինքը ինչո՞վ ինծի օգնեց որ…», «Թող իրենց՝ այդ շիշկեքի լակոտները երթան կռուելու», «Այդ ԴԱՀԿ-ի տղաքը թող երթան ճակատ. ես երկիր, հող պաշտպանեմ, որպէսզի Միհրանը օֆֆշորներու մէջ փո՞ղ կուտակէ»:
«Փարոս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց «Ադրիանուպոլիս եւ իր հայ համայնքը» ծաւալուն գիրքը:
Ֆրանսահայ իրաւաբան Ռոյ Առաքելեանի կողմէ հեղինակուած գործը ծանօթացուեցաւ երէկուան շնորհանդէսով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեանի ելոյթը Գումգաբուի շաբաթավերջի համերգին ընթացքին:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ վերյիշեց թաղի վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր ողբացեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանը, որու Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին մօտ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Իր մահուան տարելիցին առթիւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ, թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի գլխաւորութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գարո՜ւն է այլեւս… ահաւասիկ բոլորս կը վկայենք բնութեան վերակենդանութեան՝ թէ ի՛նչպէս ձմեռուան ձիւնը հալեցաւ, ծաղիկներ ծլեցին, ծառերը ծաղկեցան, դաշտեր կանաչով պատուեցան, դաշտերու մէջ ծաղիկներ բացուեցան, եւ գարունը եկաւ ամէնուրեք։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յառաջիկայ շրջանին պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Հայաստանի մէջ թողարկած են տասնվեց խաղերէ բաղկացած ծրար մը, որ կը սորվեցնէ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն (որ յատկապէս արդիական է Սփիւռքի մէջ): Playland Armenia խաղը մշակած է Digital Pomegranate ընկերութիւնը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ:
Նորվեկիոյ Ֆիորտ քաղաքին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ 2016 թուականի Եւրոպայի ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը, որու արդիւնքին Հայաստանի հաւաքականը եղաւ այս մրցաշարքին մասնակցած լաւագոյն խումբը։ Հայ ծանրաբարձները նուաճեցին ութ ոսկի, եօթ արծաթ եւ երեք պրոնզ մետայլ։
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքը շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ պատկան մարմիններուն կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ 250 ընտրեալ երեսփոխաններու շարքին կը գտնուի երկու հայ։
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին մասնակցելու համար այցելեց Թուրքիա, շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ