Արխիւ
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ վաղը պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Երկօրեայ իր շփումներուն շրջագծով ան պիտի մասնակցի Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար, պետական քարտուղար Կրիկորի Քարասին վերջին օրերուն այցելեց Պաքու, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան զանազան մակարդակներու վրայ երկկողմանի շփումներուն հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի խնդիրները։
Վաղը, Պրիւքսէլի մէջ, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան+28» ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդին նիստը։
Պաքու եւ Թիֆլիզ միշտ համամիտ են տարածքային ամբողջականութեան շուրջ:
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ այցելեց Ատրպէյճան:
Տավուտօղլու ԵՄ-ի ղեկավարներուն հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադրութիւնը եւ գաղթականաց տագնապը:
Անկանոն գաղթի եւ փախստականներու նոր հոսքի մը կանխարգիլման ուղղեալ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երիտասարդութեան վերաբերեալ մեր համայնքին մօտեցումը մեծ հարցականներով կ՚ուղղորդուի։ Նոր սերունդի հարցերը թէեւ սկզբունքօրէն կը համարուին առաջնահերթ, սակայն գործնականին մէջ կա՞յ այդ սկզբունքին համահունչ վերաբերմունք մը։
Շիշլի մարզակումբը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ պատկերաւոր ճատրակի մրցաշարքի մը կազմակերպման։ «Լիոնս» ակումբի ցանցի Շիշլիի մասնաճիւղին եւ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ իրականացաւ շաբաթավերջի այս մրցաշարքը։ Կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմէին Շիշլի մարզակումբէն Սարվէն Չաքմաք եւ Տիանա Ալթուն։
Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի հետ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը ստեղծած է լայն արձագանգ:
Առկախեալ ընտրութիւններու հարցը միշտ հրատապ:
Թրքահայ վարչայինները առաջին անգամ յաչս պետութեան միաձայնութեամբ բացայայտ ձեւով ընդգծեցին՝ աշխարհականներէ բաղկացեալ, իրաւական պարտադիր լիազօրութիւններով օժտուած, կառավարման պաշտօնական մարմնի մը ստեղծման պահանջը, որպէսզի մեր հաստատութիւններուն ցանցը ըլլայ աւելի վերահսկելի ու ենթակայ անհրաժեշտ հասարակաց կարգապահութեան:
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Ճանելիծէ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հրաւէրին ընդառաջ։
Այսօր, Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գագաթաժողովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Սուրիայէն դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքին վերաբերեալ խնդիրները, որոնք ներկայ ժամանակա-շըրջանին հրատապ կը համարուին կողմերուն միջեւ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն բոլոր խնդիրները, որոնք ներկայիս կը զբաղեցնեն երկու երկիրներու համատեղ օրակարգը։
Իսթանպուլի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական ու պատմական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Վոսփորի Եւրոպական ու Ասիական ափերը միացան երրորդ անգամ։ Վոսփորի երրորդ կամուրջին ճանապարհային վերջին հատուածը զետեղուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու։
ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2010-ին կը գտնուէի Պէյրութ։ Այցելութիւն մը տուած էի բարեկամիս, որ նոր վերադարձած էր Սիս-Քոզան կատարած աշխատանքային ճամբորդութենէ մը։ Խանդավառ ցոյց կու տար իր քաշած լուսանկարները, որոնց շարքին կարեւոր տեղ մը կը գրաւէր Եաւէրին Քոնաքը, Սիս-Քոզանի հրաշագեղ տուներէն մէկը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդոց մէջ, մեր շուրջը, տեւական «մե՜ծ ըլլալ»ու, գերադասուելու եւ միշտ «աւելի՛ զօրաւոր երեւել»ու պայքար մը, մրցակցութիւն մը, տենչ մը կա՛յ։ Բայց ասիկա մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ՝ մարդ էակին ստեղծագործութեան ժամանակներէն իսկ գոյութիւն ունեցած է «Ես»ի մրցում մը, մաքառում մը եւ վէ՛ճ մը
Բրիտանական The Telegraph պարբերականը ուշագրաւ լուսանկարներու շարքով անդրադարձած է Եւրոպայի ամենահին տասնվեց քաղաքներուն՝ իր ընթերցողներուն առաջարկելով կեանքի ընթացքին գոնէ անգամ մը այցելել զանոնք։
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ բարեգործական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ խորագրուած էր «Իմ արեւը դարձիր»։
Պրիւքսէլի մէջ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կարեւոր գագաթաժողովը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յետմիջօրէին տեսակցեցաւ Տանըլտ Թուսքի հետ:
Փոխ-վարչապետը Տոլմապահչէի մէջ երէկ առաւօտ նախաճաշի սեղան մը սարքեց ի պատիւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ քննարկեց բազմաբնոյթ խնդիրներ:
Եալչըն Աքտողանի հետ կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն ընդգծուեցաւ առկախեալ ընտրութիւններուն հարցը: Թրքահայ գործիչները ընդհանրապէս դրական տպաւորութիւններ ունեցան այս հանդիպումէն:
Մեր համայնքային շրջանակները վերջին շրջաններուն յուզումով հետեւեցան յայտնի բարերարուհի եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Իրմա Փոլատի առողջական վիճակի արձանագրած վերիվայրումներուն։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
1989, Վենետիկ:
Յարգելի վարդապետ մը, որուն անունը այժմ չեմ կրնար մտաբերել, եւ ես երկիւղածութեամբ մուտք կը գործենք Santa Maria Gloriosa dei Frari եկեղեցին: