Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

​Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր յօդուած մը գրի առաւ «The Huffington Post» հեղինակաւոր թերթին մէջ:
Գերմանիա կողմնակից է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բանակցութիւններու աշխուժացման:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

Վարչապետ Տավուտօղլու Լոնտոնի մէջ յայտնեց, որ 70 հազար հոգի ճամբայ ելած է դէպի Թուրքիա:
Սուրիոյ ճգնաժամը բախտորոշ հարթութեան մը վրայ է՝ Հալէպի շուրջ սաստկացած կռիւներով:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիոյ հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի յա­տուկ բա­նագ­նաց Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա Չո­րեք­շաբ­թի օր վեր­ջա­կէտ մը դրաւ Ժը­նե­ւի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ա­նո­րո­շու­թեան: Տէ Միս­թու­րա իր ը­րած յայ­տա­րա­րու­թեամբ դի­տել տուաւ, որ Ժը­նե­ւի ժո­ղո­վը սկիզբ պի­տի առ­նէ յա­ռա­ջի­կայ 25 Փետ­րուա­րին:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու շփման գծին վրայ ե­րէկ գի­շեր նկա­տուե­ցաւ լա­րու­ծու­թեան զգա­լի աճ։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի զի­նա­տե­սակ­նե­րով հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ ար­ձա­կե­ցին շուրջ 1500 կրա­կոց։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման շուրջ միջազգային բեմահարթակի վրայ անընդհատ որոնումներ:
Հալէպի շրջանին ռազմավարական փոփոխութիւն:
Տավուտօղլու Լոնտոնի մէջ: Ըստ Լաւրովի, հրադադար մը կրնայ հաստատուիլ Թուրքիոյ սահմանի հակակշռուելով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Սուրբ Աթոռի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմէտ Փաչաճը երկար ժամանակ վերջ պիտի վերադառնայ իր պաշտօնին գլուխը:
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը Հայաստան պիտի այցելէ այս տարի ո՛չ թէ Ապրիլին, այլ Մայիսին՝ Անգարայի հակազդեցութիւնը կանխելու համար:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր օրհնութիւնը՝ նոր ձեռնադրուած տասներկու քահանաներուն:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, որ եկեղեցականները բարի օրինակ ըլլան իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին այ­սօր կը նշէ Ս. Վար­դա­նանց տօ­նը։ Սրբոց Վար­դա­նանց յի­շա­տա­կու­թիւ­նը հա­յոց ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան­նե­րէն մին կը հա­մա­րուի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի նշէ իր կրկնակ տա­րե­դարձ­նե­րը։ Դպրաց դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 107-րդ, իսկ երգ­չա­խում­բի կազ­մա­ւոր­ման 84-րդ տա­րե­դարձ­նե­րուն առ­թիւ նա­խա­տե­սուած են կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­թան­պու­լի մօտ Գեր­մա­նիոյ նո­րան­շա­կան ա­ւագ հիւ­պա­տոս Տքթ. Ճորճ Պիր­կե­լէ­նը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմի առաջնորդը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան. «Անգլիահայութիւնը ունի ներկայացուցչական անձեր, որոնք լաւ յարաբերութիւններու մէջ են զանազան շրջանակներու հետ»:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նին առ­թիւ նա­խըն­թաց օր ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազ­գե­րու կեան­քին մէջ կը գտնուին շրջան­ներ եւ դէպ­քեր՝ ո­րոնք ի­մաստ կը ստա­նան եւ կը դառ­նան պատ­մու­թեան ա­ռանց­քը, մեկ­նա­կէ­տը, էու­թեան պատ­ճա­ռը եւ կեան­քին նպա­տա­կը։ Ինչ­պէս ան­հա­տա­կան, նոյն­պէս ըն­կե­րա­յին կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար կեն­սա­կան դրոշմ­ներ են այդ շրջան­նե­րը եւ կամ դէպ­քե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Հա­յազ­գի ար­հես­տա­վարժ բռնցքա­մար­տիկ, գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան կար­գի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ կրկին ճանչ­ցուած է Գեր­մա­նիոյ տա­րուան լա­ւա­գոյն բռնցքա­մար­տի­կը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Բրի­տա­նա­կան «Տի Ին­տի­փեն­տընթ» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ Զուի­ցե­րիոյ մէջ պի­տի քննար­կուի ա­ռա­ջարկ մը, ո­րուն հա­մա­ձայն, երկ­րի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցի, ան­կախ այն ի­րո­ղու­թե­նէն, թէ գոր­ծա­զուրկ է կամ ոչ, իւ­րա­քան­չիւր ա­միս պի­տի ստա­նայ 2500 զուի­ցե­րա­կան ֆրանք (շուրջ 2450 տո­լար):

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Մոն­րէա­լի ՄքԿիլ հա­մալ­սա­րա­նի բժշկու­թեան բա­ժան­մուն­քի ու­ռուց­քա­բա­նու­թեան  բաժ­նի տա­րե­կան գի­տա­ժո­ղո­վին, ձե­ռամբ բաժ­նի ղե­կա­վա­րին, 2015 տա­րուան լա­ւա­գոյն ու­սու­ցի­չի ու դաս­տիա­րա­կի պար­գե­ւը ստա­ցաւ Տքթ. Ա­րի-Նա­րեկ Մկրտի­չեան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին ռա­տիո­յի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­ման Սա­ղա­թե­լեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ո­րո­շու­մը առ­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­ռա­տիօ ըն­կե­րու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ։ Ան Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Կասպր­չիկ ըն­դու­նուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի եւ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Օքս­­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի եւ Պրի­թիշ Քաուն­սը­լի հա­մա­տեղ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լի­բա­նա­նեան ֆրան­սա­խօս վար­ժա­րան­նե­րու ուղ­ղագ­րա­կան, բա­նա­ւոր եւ գրա­ւոր հար­ցա­շար­քե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով՝ լի­բա­նա­նա­հայ Ա­լեքս Պու­տա­քեան հան­դի­սա­ցած է երկ­րորդ մրցա­նա­կա­կիր:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի «Ե­ղի­շէ Չա­րենց» գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րան եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րահ։

Էջեր