Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու կը ծրագ­րէ մին­չեւ տա­րե­վերջ տե­սակ­ցիլ ընդ­դի­մու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, վար­չա­պե­տը ժա­մադ­րու­թիւն պա­հան­ջած է, որ­պէս­զի Դեկ­տեմ­բե­րի 30-ին մէկ­տե­ղուի Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէն ներս ներ­կա­յա­ցուած բո­լոր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան. «Պատերազմի մէջ ենք»:
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ առկայ լարուածութիւնը տակաւ կը դառնայ ահազանգային:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Անգ­լիոյ նո­րան­շա­նակ դես­պան Ճու­տիթ Ֆար­նուըր­տը։ Ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նկար­չու­թեան մրցոյ­թի մը, ո­րու ար­դիւն­քին ա­պա­հո­վե­ցին նուա­ճում­ներ։ «Ը­շըք» հա­մալ­սա­րա­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած ու նոր տա­րուան ձօ­նուած այս գծագ­րու­թեան մրցոյ­թը հա­մախմ­բեց Իս­թան­պու­լի Եւ­րո­պա­կան ա­փի դպրոց­նե­րէն ման­կա­պար­տէ­զի եւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

​ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի վերջին օրերուն հերթական անգամ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ իր նահատակ աշխատակիցներէն մէկուն:
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ, նոյն մատենաշարին շրջագծով, գրքի մը ձեւաչափով լոյս տեսան Ռուբէն Զարդարեանի կողմէ թերթիս մէջ ստորագրուած գործերը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աղ­բիւր մըն է սէ­րը՝ ան­վերջ ու ան­դա­դար հո­սող աղ­բիւր մը մար­դուն սրտէն։ Ո­մանք չեն անդ­րա­դառ­նար ա­նոր, կը վատ­նեն, ո­մանք կը զգան ա­նոր գե­ղեց­կու­թիւ­նը, բա­րու­թիւ­նը եւ կ՚օգ­տուին ան­կէ՝ կ՚եր­ջան­կա­նան ու կ՚եր­ջան­կաց­նեն ի­րենց շուր­ջին­նե­րը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ։ Այս շրջագ­ծով, ե­րէկ, Տիար­պա­քը­րէն եւ Պիթ­լի­սէն հա­սան եր­կու նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րեր, ինչ որ խոր յու­զում յա­ռա­ջա­ցուց բո­վան­դակ երկ­րէն ներս։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պուր­սա­յի մէջ։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ վար առ­նուած Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­նա­ւի խնդրին շուրջ հեր­թա­կան ան­գամ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նա­խա­գա­հը, որ շա­րու­նա­կեց վճռա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցել հան­րա­յին կար­ծի­քին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գագաթաժողովին:
Սերժ Սարգսեան. «Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը ուղղուած է հակամարտութեան սրման։ Դեկտեմբերի 8-ին իր զինեալ ուժերը 1994 թուականէն ի վեր առաջին անգամ անցան հրասայլային ռմբակոծման, ինչ որ լարուածութիւնը կը բարձրացնէ նոր եւ շատ վտանգաւոր մակարդակի։ Հաշուի առնելով տարածքաշրջանէն ներս վերջին շրջանին ձեւաւորուած լարուած մթնոլորտը՝ պէտք չէ բացառել, որ Ատրպէյճան այդ քայլը առած է դուրսի կողմի յուշումով կամ աջակցութեամբ»

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ ու շատ կա­րե­ւոր ե­լոյթ մը։ Հա­զիւ եր­կու օր ա­ռաջ Պեռ­նի մէջ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ տե­սակ­ցե­լէ վերջ ան ան­ցած էր Մոս­կուա՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք «բա­րի»ին եւ «չար»ին մա­սին, ի՛նչ որ բնա­կան պէտք է հա­մա­րուի, քա­նի որ «բա­րի»ն ու «չար»ը ան­բա­ժան են մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն ապ­րու­մի մէջ՝ ա­մէն պահ կը զգա­ցուի ա­նոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը կեան­քի ըն­թաց­քին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Վեր­ջերս հա­մա­ցան­ցի լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը ո­ղո­ղուած են Գա­նա­տա ժա­մա­նող սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու լու­րե­րով, լու­սան­կար­նե­րով և տե­սա­նիւ­թե­րով: Պա­տե­րազ­մա­կան ար­հա­ւիրք­նե­րու, ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­նե­րու ոչ միայն ա­կա­նա­տես­ներն են ա­նոնք, այլ իւ­րա­քան­չիւր Գա­նա­տա կամ այ­լուր հաս­նող սու­րիա­ցի ըն­տա­նիք կամ ան­հատ, բա­ցի նիւ­թա­կան կո­րուստ­նե­րէն հո­գե­կան անջն­ջե­լի խոր դրոշմ­ներ կը կրէ, ո­րոնք յա­ռա­ջա­ցած են ան­մո­ռա­նա­լի հո­գե­կան կո­րուստ­նե­րէ, նոյ­նինքն ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու կամ ալ ըն­տա­նի­քին մօտ պա­րա­գա­նե­րէն ո­մանց:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

​ՀԲԸՄ-ի յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած 8-րդ համերգը փայլուն անցաւ:
Նիւ Եորքի «Քարնեկի հոլ»ին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի կատարողական արուեստներուն:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​2016 թուա­կա­նին պաս­տառ­նե­րուն կը յայտնուի հայ­կա­կան գե­ղա­րուես­տա­կան շար­ժան­կար մը՝ «Վեր­ջին բնա­կի­չը» խո­րագ­րով: Շար­ժան­կա­րի բո­լոր նկա­րա­հա­նում­նե­րը ար­դէն ա­ւար­տած են եւ այժմ կ՚ըն­թա­նայ յե­տար­տադ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

​Թէ ի՞նչ կը պա­տա­հի ներ­կայ դա­րուս մէջ, ա­ւե­լի ճշգրիտ եւ ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար, պահ մը անդ­րա­դառ­նանք մեր մօ­տիկ ժա­մա­նա­կա­կից տա­րի­նե­րուն մէջ կա­տա­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, մարդ­կա­յին զո­հե­րուն եւ ա­նոնց պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րուն ակ­նար­կու­թեամբ։ Ա­րար աշ­խարհ ա­կա­նա­տես ե­ղած եւ ի­մա­ցած է, թէ որ­քա՜ն զար­հուր­ել­ի պատ­կերն­եր են ա­նոնք, որ­ոնք կը ներ­կա­յա­նան այս ա­նաս­նաբ­նակ եւ մար­դաբ­նակ, բայց ան­մարդ­կայ­ին աշ­խարհ­ին աչ­քեր­ուն ա­ռաջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015

Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­գեան եւ «Ազգ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ ա­նոնք զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին ի­րենց դի­տար­կում­նե­րը յատ­կա­պէս երկ­րի տպա­գիր մա­մու­լի բնա­գա­ւա­ռին շուրջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2015

Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը մեծարեց փոքրամասնութիւններու շրջանակները:
Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ­. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էր նաեւ Սելինա Տողան:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու վա­ղը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Թիֆ­լիզ, ուր բարձր մա­կար­դա­կի շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Օր մը վերջ ալ՝ Դեկ­տեմ­բե­րի 23-ին, Թիֆ­լի­զի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը՝ հին­գե­րոր­դը իր տե­սա­կին մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2015

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

​1997 թուա­կա­նին կը կար­ծէի, որ Ատրպէյ­ճա­նի հետ հնա­րա­ւոր է խա­ղա­ղու­թեան հաս­նիլ՝ եր­կուս­տեք փոխ­զի­ջում­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Գու­ցէ այն ժա­մա­նակ սա իս­կա­պէս չէր բա­ցա­ռուեր։ Բայց այս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կար­ծիքս փո­խուած է՝ ո­րե­ւէ բա­նի շուրջ, յա­մե­նայն­դէպս՝ Ատր­պէյ­ճա­նի այս ղե­կա­վա­րու­թեան օ­րով հա­րե­ւան պե­տու­թեան հետ հնա­րա­ւոր չէ պայ­մա­նա­ւո­րուիլ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2015

Պեռնի մէջ շարունակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնները՝ Զուիցերիոյ կառավարութեան «Լանտկութ Լոհն» համալիրէն ներս:
Սերժ  Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ տեսակցեցան աւելի քան տարի մը վերջ:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Եթէ մենք իսկապէս կը փափաքինք յառաջ շարժիլ, ապա պէտք է ստեղծուի համապատասխան մթնոլորտ»:

Էջեր