Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015

Այս Կի­րա­կի, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ժա­մադ­րուած են Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, ուր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ թա­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ եւ յա­րա­կից Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըն­դու­նեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Շան­լըն եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Մեր այս պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան ըն­դա­ռաջ թա­ղա­կան­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Գում­գա­բու՝ ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ հա­ւա­քոյթ մը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրո­ցի ներ­կայ ու­սուց­չա­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, հանգս­տեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­ներն ալ մե­ծա­րուե­ցան այս առ­թիւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թեան հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից կա­ռու­ցուած եւ շա­բա­թա­վեր­ջին բա­ցու­մը կա­տա­րուած «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» նոր սրա­հը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։ Այս սրա­հը կա­ռու­ցուած է Ֆա­թի­հի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015

Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ «Նոր զար­թօնք»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած բա­նա­խօ­սու­թիւն մը, ո­րու ա­տե­նա­խօսն էր Ե­րուանդ Պա­րէտ Մա­նոք։ Ձեռ­նար­կի սկիզ­բին յա­նուն «Նոր զար­թօնք»ին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Սա­յաթ Թե­քիր։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015

Իս­թան­պու­լի մօտ Յու­նաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տո­սու­թեան հո­վա­նիին ներ­քեւ որ­պէս մշա­կոյ­թի կեդ­րոն գոր­ծող՝ Իս­թիք­լալ պո­ղո­տա­յի «Շիշ­մա­նօղ­լու» ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցուե­ցաւ շա­հե­կան ցու­ցա­հան­դէս մը, որ խո­րագ­րուած է «Ուր­բաթ, Շա­բաթ, Կի­րա­կի»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բռնցքա­մար­տի գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան WBO վար­կա­ծով աշ­խար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­հա­մի մամ­լոյ ա­սու­լի­սը, ո­րուն ըն­թաց­քին ան ը­սաւ.

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը ե­րէկ ի վեր­ջոյ հաս­տա­տեց այն մե­ղադ­րա­կա­նը, որ նա­խա­պէս եր­կու ան­գամ վե­րա­դար­ձուած էր։ Դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ պատ­րաս­տուած այս ամ­բաս­տա­նա­գի­րը կը վե­րա­բե­րի հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ 2015 թուա­կա­նի տա­րուան ան­ձը հռչա­կուե­ցաւ TIME ա­մե­րի­կեան նշա­նա­ւոր հան­դէ­սի խմբագ­րու­թեան կող­մէ։ Ար­դէն թեկ­նա­ծու­նե­րու բա­ւա­կան կարճ ցու­ցակ մը կազ­մուած էր այս տա­րուան հա­մար եւ ար­դիւն­քին 61-ա­մեայ Ան­կե­լա Մեր­քէլ նուա­ճեց այդ կո­չու­մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Հայ­կա­կան գի­տա­կան աշ­խար­հը ե­րէկ ու­նե­ցաւ ծանր կո­րուստ մը։ Ոչ եւս է ա­կա­դե­մի­կոս Գէորգ Բրու­տեան, որ մա­հա­ցաւ 89 տա­րե­կա­ն հա­սա­կին։ Ան փի­լի­սո­փա­յա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ մըն էր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը հասնի խորապէս մտահոգիչ համեմատութիւններու:
Հայկական զօրքերը կը զսպեն յարձակումները:
Կարէն Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ճէյմս Ուորլիքի հետ:

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ։ Ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի կող­մէ, ո­րուն հրա­ւէ­րով կա­յա­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Սու­րիա­հայ Թէ­քէեան ըն­տա­նի­քին ո­դի­սա­կա­նը այս օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հերթ ձե­ւով կը զբա­ղեց­նէ հայ­կա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին օ­րա­կար­գը։ Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիոյ վրա­յով լաս­տա­նա­ւով մը Յու­նաս­տան հաս­նիլ կը փոր­ձէին Թէ­քէեան ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Մեսուտ Պարզանի. «Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը չի փափաքիր հարեւան դառնալ ԻՇԻՊ-ի հետ»։
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելեն Պաղտատ։
Միջազգային յառաջատար դերակատարները խտացեալ ձեւով շփում կը պահեն Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հիւ­րըն­կա­լեց Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճուն եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Գում­գա­բու այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին թա­ղա­կան­նե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցաւ նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

​​​Սարըյէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչի տանտիրութեամբ ընթրիք մը՝ Թարապիոյ մէջ:
Հրաւիրեալներու շարքին էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Մու­սա­ներս մա­նու­կի նման կ՚ող­բան, չու­զե­լով յանձ­նուիլ աշ­խար­հի ա­նար­դա­րու­թեան...:

Եր­կինք նա­յե­ցայ՝ կա­պոյտ ու ճեր­մակ էր.

պա­տու­հա­նէս դի­տե­ցի՝ գոյնզ­գոյն ա­շուն.

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մա­հա­նուն ար­ժէք­նե­րու պան­թէո­նին մէջ իր կա­րե­ւոր տե­ղը ու­նի բնա­գէտ ու բժիշկ, մա­տե­նա­գիր եւ բա­ռա­րա­նա­գիր Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցին, ո­րուն վախ­ճան­ման 519-րդ տա­րե­լի­ցը կ­­՚ո­գե­կո­չենք 8 Դեկ­տեմ­բե­րին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ս. Ծննդեան տօնավաճառներու մշակոյթը ներկայացնող կայքէջը Երեւանը այս տարի ընդգրկած է եւրոպական քսաներեք մայրաքաղաքներու մէջ:
Նախաձեռնող Փիէռ Պաղտատեան, որ հեղինակն է Հիւսիսային պողոտային վրայ զետեղուած տնակ-տաղաւարներուն, հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Պի­ղա­տոս հար­ցուց.- Ի՞նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը» (ՅՈՎՀ. ԺԸ 38)։ Ի­րա­պէս խորհր­դա­ւոր հար­ցում մըն է սա, քա­նի որ ընդ­հան­րա­պէս կա­րե­լի չէ՛ յստակ պա­տաս­խան մը գտնել այդ հար­ցու­մին, թէ՝ ի՛նչ է ճշմար­տու­թիւ­նը։ Չա­փա­զան­ցած կ՚ըլ­լա՞նք, երբ ը­սենք, թէ ա­մէն մարդ ու­նի իր ճշմար­տու­թեան ըմբռ­նու­մը։

Էջեր