Արխիւ
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ դռնփակ նիստ մը, որու ընթացքին Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ տարածքաշրջանային, միջազգային իրադարձութիւններուն եւ Երեւանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Կը հաղորդուի, որ այս քննարկումներուն ընթացքին շօշափուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը՝ մասնաւորապէս Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ վերջերս ընդունուած հակահայկական զեկոյցի առանցքին շուրջ։
Սարգսեան այցելեց Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանագօտին եւ ուղեւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը շարունակեն իրենց խորհրդակցութիւնները:
Միջազգային դերակատարները հասարակաց յայտարար մը կ՚որոնեն աւելի ազդու պայքարի մը համար:
Ուաշինկթըն-Փարիզ-Մոսկուա առանցքին վրայ բոլոր վարկածները կշիռքի վրայ կը դրուին վերստին: Պեշար Էսատն ալ նախապայմաններ յառաջ կը քշէ իր հերթին:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա կրնայ քայլեր առնել միջազգային համախոհութեան հետ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Խորհրդարան մուտք գործել յաջողած թրքահայ երեք երեսփոխաններուն վերաբերեալ մեր ներկայ յօդուածաշարքի այսօրուան բաժնին մէջ կը մէջբերենք նոյնինքն իրենց արտայայտութիւնները։ Երեսփոխաններու երդման արարողութեան շարժառիթով զրուցեցինք Մարգար Էսաեանի (ԱՔ կուսակցութիւն) եւ Սելինա Տողանի (ՃՀՓ) հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ օժտուած է ազատ կամքով, ինչ որ կը նշանակէ՝ կրնայ գործել ազատօրէն եւ ընել կամ չընել որեւէ բան, օգտուիլ բարիքներէ կամ հետեւիլ չարիքի, որոնցմէ պատասխանատու է անձնապէս եւ ըստ այնմ պարտաւոր է ընդունիլ իր արարքներուն ամէն տեսակ հետեւանքները։
Յայտնի ամերիկացի հաղորդավար Քոնան Օ՚պրայն, որ իր «Քոնան» հեռուստահաղորդման ծիրէն ներս վերջերս այցելած էր Հայաստան ու հետաքրքրական հաղորդում պատրաստած՝ երկրի մասին, հարցազրոյց մը տուած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ հանրային ռատիոյին (scpr.org)՝ շարք մը ուշագրաւ մանրամասնէր ներկայացնելով հայաստանեան ուղեւորութեան վերաբերեալ:
Կը տեղեկանանք, որ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու խորհրդական նշանակած է Յովհաննէս Կարապետեանը, որ անցեալ շրջանին եւս պաշտօն զբաղեցուցած էր նոյն քաղաքապետարանէն ներս։
13 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւնը ցնցեց ամբողջ աշխարհը: Ահաբեկչական գործողութիւններէն մէկը տեղի ունեցաւ «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին մօտակայքը, այն միջոցին, երբ տեղի կ՚ունենար Ֆրանսա-Գերմանիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումը:
ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Նախորդ շաբաթ ներկայ եղանք երկու իրադարձութիւններու, որոնց ընթացքին պատւուեցան սփիւռքահայ երկու գրողներ, արձակագիր` Մովսէս Պչաքճեանը եւ բանաստեղծ Զահրատը:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Կարելի է այսպէս վկայակոչել այս փառատօնը՝ «Յաղթանակի փառատօն»: Վերջերս մշակութային բարձր մակարդակով «Շուշի» պարախումբը ներկայացաւ այս մեծ ոստանի հայութեան, երբ Նիւ Ճըրզիի Ֆելիշըն գոլէճի «Ճոն Պրեսլին» հանդիսասրահը ապրեցաւ հայ ժամանակակից երգարուեստի եւ պարի անմոռանալի ամբողջական պահեր:
«Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնին շրջագծով կարեւոր իրադարձութիւն:
Ճոշուա Պելի գլխաւորութեամբ, Լոնտոնի Ս. Մարթին եկեղեցւոյ Սենեկային նուագախումբին բացառիկ համերգը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Քարոզգիրք (հեղինակային քարոզներ)» ժողովածոն։ Այս գործը կը հանդիսանայ «Արարատի ժառանգութիւնը» շարքին առաջին հատորը։
Ֆրանսահայ աշխահարհռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր նախընթաց երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Պրիւքսէլի մէջ։ 91-ամեայ մեծանուն արուեստագէտը հերթական անգամ կախարդեց իր ունկնդիրները։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ երգիչը կ՚ոգեկոչուի մահուան 30-ամեակին առթիւ՝ իր կատարումներով պայմանաւորուած համակրանքով ու յարգանքով:
Անոր կողմէ հիմնուած «Մարքալ» ձեռնարկութիւնը այսօր եւս գոյութիւն ունի եւ յառաջ կը տարուի իր ժառանգներուն ջանքերով:
Փարիզի ահաւոր ահաբեկչական յարձակման պատճառած ցնցումի մթնոլորտին մէջ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ յայտարարեց, որ ամբողջութեամբ պէտք է վերացնել «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը։ Ֆրանսայի քաղաքապետներուն հետ մասնակցած համագումա&s
Պաշտօնական այցելութեամբ Սէն Փեթերսպուրկ գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոյի հետ մասնակցած է հայ ազգային դասական երաժշտական դպրոցի հիմնադիր, մեծ երգահան Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Հայաստան-ԱՄՆ Միջկառավարական տնտեսական յանձնաժողովին նիստը:
Պատուիրակութիւնները կը քննարկեն երկկողմանի գործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
«Թուրքիոյ եւ Յունաստանի գործակցութիւնը կրնայ փոխել ամբողջ Եւրոպայի հաւասարակշռութիւնները»։
Էրտողան եւ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեցին Ալեքսիս Ցիփրասը, որ այցելեց նաեւ Ֆենէր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած է չորս կուսակցութիւն եւ երեսփոխան ընտրուած երեք հայազգի անունները կը պատկանին տարբեր կուսակցութիւններու։ Այսինքն, խորհրդարանի չորս կուսակցութիւններէն երեքի խմբակցութեան շարքերէն ներս յառաջիկայ շրջանին պիտի գտնուի թրքահայ մէկական երեսփոխան։
Պոլսահայ վաստակաւոր խումբ մը կրթական մշակներ երէկ ապրեցան հաճելի օր մը՝ վայելելով իրարու անմիջականութիւնը:
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը հաւաքոյթ մը կազմակերպեց դէպի Եըլտըզի ճեմապարտէզի Մալթայի ապարանքը: