Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015

Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջը ա­պա­հո­վա­բար յի­շար­ժան պի­տի մնայ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան կեան­քին մէջ՝ շնոր­հիւ Կիւմ­րիի ԳՈ­ՀԱՐ ե­րաժշ­տա­խում­բին պար­գե­ւած ե­րաժշ­տա­կան մեծ ու ո­րա­կեալ մա­տու­ցու­մին:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015

Tütün Deposu-ի մէջ եզակի ցուցահանդէս մը, որու առթած տպաւորութիւնները պայմանաւորուած են քաղաքներով:
Նկարչուհի Մերի Մուն հերթական անգամ գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ իսկապէս յատկանշական ստեղծագործութիւններով:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015

Գա­հի­րէի մէջ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դի գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան ժո­ղո­վին նա­խա­գա­հե­լէ վերջ, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը վե­րա­դար­ձաւ Ան­թի­լիաս։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ան Գա­հի­րէի մէջ եղ­բայ­րա­կան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Թա­ւատ­րոս Բ. Պատ­րիար­քին հետ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015

Մխիթարեան սանուց միութեան երդիքին տակ երէկ պաշտօնապէս բացուեցաւ 70-րդ նոր եղանակը:
Ատենապետ Վարդան Պալմումճեանի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը մօտաւոր ապագային համար մշակած է բազմակողմանի ծրագիր մը, որու հիմնական նպատակն է երիտասարդներուն երիտասարդ սերունդին համախմբումը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գլխա­ւոր մո­լու­թիւն մըն է ա­գա­հու­թիւ­նը՝ որ ծնունդ կու տայ ու­րիշ մեղ­քե­րու, այլ մո­լու­թիւն­նե­րու։ Ուս­տի ա­գա­հու­թիւ­նը մայրն է շատ մեղ­քե­րու, մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րու եւ թե­րու­թիւն­նե­րու։ Ա­գա­հու­թեան ախ­տով մար­դիկ կը վե­րա­ծուին ա­ւե­լի եւս ե­սա­մոլ, անձ­նա­սէր եւ ինք­նա­կեդ­րոն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին ընդլայնուած կազմով ժողովները՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Սուրիահայութեան հարցերը անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
Խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ այժմ կը ծրագրուի յառաջիկայ տարի գումարել Ազգային-եկեղեցական ժողով, արդէն ստեղծուած են յանձնախումբերը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Սփիւռքահայ լրատուական աշխարհի նուիրեալ սպասաւորին Պոլիս գալուստը:
Ուրուկուայի «Ռատիօ Արաքս»ի տնօրէն Տիէկօ Գարամանուկեան երէկ այցելեց խմբագրատունս:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել նոյ­նու­թեա՛մբ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի «Մաշ­տո­ցա­գիւտ տա­ռե­րու 1600-ա­մեակ եւ Մխի­թա­րեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

«Հա­լէպ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Նո­յեմ­բեր 9-13 թո­ւա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, պի­տի կազ­մա­կեր­պէ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու հնգօ­րեայ բա­րե­գոր­ծա­կան ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառք մը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Վե­րա­կա­ռուց­ման եւ զար­գաց­ման եւ­րո­պա­կան դրա­մա­տան, Հա­յաս­տա­նի Ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մի­ջեւ վեր­ջերս ստո­րագ­րուե­ցաւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ կը վե­րա­բե­րի Ե­րե­ւա­նի 28 փո­ղոց­նե­րու լու­սա­ւո­րու­թեան հա­մա­կար­գին։ Այս­պէս, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Ե­րե­ւա­նի 28 փո­ղոց­նե­րուն մէջ պի­տի հաս­տա­տուի լու­սա­ւո­րու­թեան նոր դրու­թիւն մը, որ ու­ժա­նիւթ խնա­յե­լու ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով օժ­տուած է։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ծան­րա­ծանր պայ­ման­ներ կը վի­ճա­կին Հա­լէ­պի։ Պա­տե­րազ­մա­կան ող­բեր­գու­թեան զու­գա­հեռ քա­ղաքն ու ա­նոր բնա­կիչ­նե­րը յա­ճա­խա­կիօ­րէն դէմ յան­դի­ման կը մնան ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի դժուա­րու­թիւն­նե­րու։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 60-ա­մեա­կին առ­թիւ։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն ըն­թաց­քին միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ «Հայ­կա­զեան» հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­սի 35-րդ հա­տո­րին շնոր­հան­դէ­սը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Չե­խիոյ Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռաջ­նորդ ու Փրա­կի Ար­քե­պիս­կո­պոս Կար­տի­նալ Տո­մի­նիք Տու­քա­յը, որ այս օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին կ՚այ­ցե­լէ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հրա­ւէ­րով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րանք­նե­րը ուղ­ղուած են խո­չըն­դո­տե­լու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շփման գծին վրայ վեր­ջերս ապ­րուե­ցաւ զգա­յա­ցունց դէպք մը, երբ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէին դի­տար­կում մը։ Երբ ա­նոնք կը հա­տէին շփման գի­ծը, դի­տարկ­ման վեր­ջին հանգ­րուա­նին լսուե­ցան կրա­կոց­ներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Կէորկի Մարկվելաշվիլի եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիսաւորապէս ստորագրեցին կարեւոր փաստաթուղթ մը:
Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները հերթական անգամ կ՚ընդգծեն իրենց գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Պէյ­լիք­տիւ­զիի մէջ վա­ղը պի­տի սկսի TÜYAP-ի 34-րդ գր­քի տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 15-ը։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը այս տա­րի եւս պի­տի մաս­նակ­ցի այս տօ­նա­վա­ճա­ռին, ո­րու հա­մա­լի­րէն ներս ար­դէն ա­պա­հո­ված է իր տա­ղա­ւա­րը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Հար­պիէի Նոթ­րը Տամ Տը Սիոն ֆրան­սա­կան լի­սէի դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­կան կի­թա­ռի հա­մերգ մը։ Ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին կի­թա­ռա­հար Հա­լուք Օ­նաթ Աք­պու­լութ ունկն­դիր­նե­րուն վրայ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց իր յա­ջող կա­տա­րում­նե­րով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ նշուե­ցաւ ան­մահ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Զահ­րա­տի այ­րին՝ Ա­նա­յիս Եալ­տըզ­ճեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քէն խումբ մը սա­ներ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր վար­ժա­րա­նի ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ­նե­րէն Նա­րօտ Եա­նը­քօղ­լու։ Այս­պէս, մեր հիւ­րերն էին Լի­տիա Սա­թըլ­մըշ, Ծի­լա Պո­յա­ճեան, Յա­կոբ Պո­յա­ճեան, Փի­լիպ­պոս Հէր­կէլ, Ռոյ Մեր­քէ­զօղ­լու, Օն­նիկ Թա­ւուք­ճու եւ Սա­սուն Եըլ­տը­րըմ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Փա­րիզ՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի ընդ­հա­նուր հա­մա­ժո­ղո­վի 38-րդ նս­տաշր­ջա­նին, ո­րուն շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած է նաեւ իր ե­լոյ­թը։

Էջեր