Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

​Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հայկական վարժարաններու կացութեան շուրջ ընդհանուր համեմատութիւններ եւ վիճակագրական տուեալներ:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման հարցերուն շրջագծով Տքթ. Անահիտ Տօնապետեան խօսեցաւ հայ դպրոցի առաւելութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ա­նա­հիտ Տօ­նա­պե­տեա­նի ե­րէ­կուան դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը իս­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էր, նաեւ հարս­տա­ցու­ցիչ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, իր խօս­քե­րը հիմ­նա­կան ո­րե­ւէ ար­տա­սո­վոր նո­րու­թիւն չէին բո­վան­դա­կեր՝ հայ ի­րա­կա­նու­թեան քիչ թէ շատ ծա­նօթ ան­ձի մը տե­սան­կիւ­նէն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ մշա­կոյ­թի նուի­րուած Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուան ըն­թաց­քին կ՚ար­ժէ յի­շել նաեւ Մխի­թա­րեան Վար­դա­պետ­նե­րը՝ ո­րոնք լուրջ եւ կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած են Հայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման ե՛ւ գո­յա­պահ­պան­ման կեն­սա­կան ու նուի­րա­կան գոր­ծին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՔ­ՄԵ­ՐԵԱՆ

6 Նո­յեմ­բե­րին կը սկսի ցու­ցադ­րուիլ Ճէյմս Պոն­տի նոր շար­ժան­կա­րը՝ «Սփեք­թըր» (ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Բրի­տա­նիոյ մէջ, 26 Սեպ­տեմ­բե­րին):

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ​

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ուղ­ղա­փառ Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մը ան­բա­ժան մասն է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ:
Կ՚են­թադ­րուի, որ թե­մը հիմ­նուած է 12-րդ դա­րուն։ Ա­ռաջ­նոր­դա­նիս­տը ե­ղած է Տփղիս (Թիֆ­լիզ) քա­ղա­քի Ս. Գէորգ ե­կե­ղե­ցին (13-րդ դա­րէն)։ Թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու մա­սին ա­մե­նէն հին յի­շա­տա­կու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի 12-րդ դա­րու 70-ա­կան թուա­կան­նե­րուն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջին օ­րե­րուն Գա­հի­րէի մէջ նա­խա­գա­հեց Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դի գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան ժո­ղո­վին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Մար­կոս մայ­րա­վան­քին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հրա­ւէ­րով այս օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին կ՚այ­ցե­լէ Չե­խիոյ Կար­տի­նալ ու Փրա­կի Ար­քե­պիս­կո­պոս Տո­մի­նիք Տու­քայ։ Ե­րէկ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տե­սակ­ցե­ցաւ հիւր բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կա­նին հետ, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէին Կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի Հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րա­կի պաշ­տօ­նա­կա­տար Տ. Տի­րան Վրդ. Պետ­րո­սեան եւ չե­խա­հա­յոց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Բար­սեղ Վրդ. Փի­լաւ­չեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ այ­սօր եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Թիֆ­լիզ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ա­լիեւ հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի, Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Տա­ւիտ Ու­սու­պաշ­վի­լիի եւ Վար­չա­պետ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան կոմիտէի տասնվեցերորդ նիստը:
«Պրիւքսէլ Երեւանի հետ կապերը պիտի զարգացնէ՝ հաշուի առնելով ԵԱՏՄ-ի անդամակցութիւնը»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րէկ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բարձր մա­կար­դա­կի խորհր­դակ­ցու­թիւն մը՝ անվ­տան­գու­թեան նիւ­թե­րու շուրջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այս առ­թիւ հրա­հան­գած է, որ յա­ռա­ջի­կայ ձմրան եւս ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան Հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փոլ Հայ­տոս­թեա­նի հետ, որ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին հեր­թին Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի 60-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց Հայ­տոս­թեա­նին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քէն խումբ մը սա­ներ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր վար­ժա­րա­նի ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ­նե­րէն Նա­րօտ Եա­նը­քօղ­լու։ Այս­պէս, մեր հիւ­րերն էին Լի­տիա Սա­թըլ­մըշ, Ծի­լա Պո­յա­ճեան, Յա­կոբ Պո­յա­ճեան, Փի­լիպ­պոս Հէր­կէլ, Ռոյ Մեր­քէ­զօղ­լու, Օն­նիկ Թա­ւուք­ճու եւ Սա­սուն Եըլ­տը­րըմ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015

Այ­սօր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դարձն է։ Հա­յոց հա­ւատ­քի հօր՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի Աս­տուա­ծա­կա­ռոյց ու Ա­ռա­քե­լա­հաս­տատ գա­հուն վրայ ան կը դի­մա­ւո­րէ իր 16-րդ տա­րին՝ որ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ընդ­հան­րա­կան ու պա­տուա­կան հայ­րա­պե­տը եւ որ­պէս Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ թիւ մէկ սպա­սա­ւո­րը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015

Ե­րէկ, ՆԱ­ԹՕ-ի Ե­րե­ւա­նի տե­ղե­կա­տուու­թեան կեդ­րո­նին մէջ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու վե­րահսկ­ման վար­չու­թեան պետ Սա­մուէլ Մկրտչեան եւ Կով­կա­սէ ներս ՆԱ­ԹՕ-ի կա­պի սպայ Ո­ւի­լիըմ Լա­հիւ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մկրտչեան այս առ­թիւ նշեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման հար­ցը կրնայ քննար­կուիլ բա­ցա­ռա­պէս կող­մե­րու մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մէն վերջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով միշտ կ՚ապ­րուին նոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ծա­նօթ է, որ ներ­կա­յիս յա­ւե­լեալ հար­ցաքն­նու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի՝ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս յա­ճախ կ՚ը­նենք, դար­ձեալ թղթա­տե­ցինք Հայ Մա­մու­լի հին է­ջե­րը՝ ուր նկա­տե­ցինք հե­տաքրք­րա­կան տո­ղեր, ո­րոնք կը փա­փա­քինք բաժ­նել մեր սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն հետ՝ բաղ­դա­տե­լու հա­մար ներ­կան եւ ան­ցեա­լը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015

Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան կոմիտէին հերթական նիստը:
Այս առաւօտ սկսած բանակցութիւնները կը գլխաւորեն Կարէն Ճշմարիտեան եւ Կունար Վիկանտ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015

ԵՄ յանձնառու է շարունակելու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Երեւան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու անվտանգութեան ուղղեալ սպառնալիքներուն վրայ՝ հասցէական ու ճիշդ ժամանակով յայտարարութիւններու ակնկալութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015

​Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ:
Չանքայայի ապարանքին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ անվտանգութեան հարցերով բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը: Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի մէջ լուրջ հարուածներ հասցուցին ահաբեկչական լծակներուն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­հաս­տատ սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս՝ բազ­մա­կող­մա­նի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով ի­րենց ծա­ւա­լած աշ­խա­տան­քին շուրջ։ Մի­ջո­ցէ մը ի վեր ար­դէն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուէր այս միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ լու­րը։ Ներ­կա­յիս ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս հիմ­նուած է Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թիւ­նը, ո­րու հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րը կը հա­մա­րուին մէկ կող­մէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հա­մախմ­բու­մը, իսկ միւս կող­մէ ալ այս վար­ժա­րա­նը բաց պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ տրուած պայ­քա­րին զօ­րակ­ցի­լը։

Էջեր