Արխիւ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները տեսակցեցան՝ քննարկելով տարածքաշրջանի կացութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին համակարծիք են, թէ ստեղծուած է գետին մը՝ Սուրիայէ ներս քաղաքական լուծման վրայ կեդրոնանալու համար:
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի կազմերը արդէն բուռն պայքարի մը մէջ ներգրաւուած են ներկայ եղանակին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր այս շաբաթավերջին կը բանայ իր անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսը։ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի լուսանկարչութեամբ ու կը համագործակցի նաեւ համայնքային մամուլին հետ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը, Արամ Քալէնտէրն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։
Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը երէկ երեկոյեան սկսաւ Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ։ Նկատի ունենալով, որ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը անցեալ տարի հանդիսացած էր այս մրցաշարքին առաջինը՝ այս տարուան մրցաշարքի հիւրընկալը կը հանդիսանան գարակէօզեանցիները։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Քարասուի գաւառապետ Ազիզ Մերճանին։
Քարասուն Սեւ ծովու ափին Սաքարիա քաղաքի գաւառակներէն մին է, ամարանոցի յայտնի շրջան մը եւ անոր բնակչութիւնը արձակուրդի ժամանակներուն կը հասնի կէս միլիոնի սահմանին։
«Կին» միջազգային շարժանկարի փառատօնը 14-րդ անգամ մէկ հարթակի վրայ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծագործող կին բեմադրիչները: Փառատօնին կը ներկայացուի վաթսուն շարժապատկեր քսան երկրէ: Ան այս տարի տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբերի 14-18 թուականներուն միջեւ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան երկու տարի եւս կը մնայ իր պաշտօնին վրայ։
Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը այսօր Սոչիի մէջ կը տեսակցի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Թէեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենատարբեր ղեկավարները ըլլալով ցոյց կը տրուին Ճոն Քենետի եւ Ապրահամ Լինքոլն, սակայն ներկայիս յաճախ կը խօսուի անոնց նմանութիւններուն մասին։ Արդեօք զուգադիպութի՞ւն է անոնց այսքան նմանութիւնը։ Այս պարագան տակաւին անծանօթ է։ Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին օրակարգի վրայ է իրենց նման եզրերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկար տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի Թեմէն ներս ծառայող Տ Խաչատուր Ա. Քհնյ. Պօղոսեան ծնած է Սուրիոյ Արաբունար, որ որոշ ժամանակի մը համար եղած է հայկական աւան: Տէր հօր Սուրիոյ հանդէպ ունեցած սէրը, կարօտը եւ վաղ պատանեկութեան տպաւորութիւններն ու հոնկէ ստացած հոգեւոր սնունդը կ՚արտացոլան իր համացանցային գրառումներուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դատարանը գերազանցապէս շահեկան եւ հրահանգիչ վայր մըն է։ Հո՛ն է ընկերային աշխարհը իր բոլոր հարցերով եւ ցաւերով, իր արկածներով եւ բազմատեսակ երեւոյթներով։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանը եւ գործակից ընկերները։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Հայերէնի արժէքաւոր ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի եւ դասարանի ուսուցչուհիներու մականին ներքեւ պատրաստուած էր հանդիսութիւնը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճաւաք վերջերս այցելեցին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան լուսաբանութիւն մը հրապարակեց Պիւյիւքտէրէի իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Նորին Սրբազնութիւնը կ՚արտայայտէ իր զայրոյթը՝ դիտումնաւոր պնդումներուն եւ անհիմն վերագրումներուն դէմ:
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցան Թաքսիմ մարզակումբի հանգուցեալ վարչայինները, մարզիկները, մարզիչները, սատարողներն ու համակիրները։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Կիւմրիի «Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու» պատկերասրահին մէջ բացուած է Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ, Ռուսաստանի Գեղարուեստի ակամդեմիայի ակադեմիկոս, ծանօթ քանդակագործ, գեղանկարիչ եւ մանկավարժ Նիկողայոս (Նիքոլայ) Նիկողոսեանի անունը կրող ցուցասրահը։ Նորաբաց ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրուին կենդանի առասպելի Մոսկուայի հաւաքածոյի հաստոցային դիմաքանդակներու ընտրանի շարքի աշխատանքները։
Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նիքշա Փաւցեւիչ, հրապարակեց անունները այն մարզիկներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին 23 եւ 26 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյենութեան զտումի մրցումներուն: