Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ այս Եր­կու­շաբ­թի պի­տի սկսի Հայ­կա­կան գրա­դա­րան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին չոր­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նէն ներս տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­մա­ժո­ղո­վին հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ֆրան­սա­հայ լրագ­րող Է­լէն Պեք­մե­զեան նշա­նա­կուե­ցաւ «Լը Մոնտ» աշ­խար­հահռ­չակ օ­րա­թեր­թի փոխ-խմբագ­րա­պե­տու­հի։ Ան այս պաշ­տօ­նին կոչուած է՝ հինգ տա­րի շա­րու­նակ «Լը Մոնտ»ի ա­նու­նով խոր-հըր­դա­րա­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւե­լէ վերջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ար­տա­կարգ դրու­թեան շրջագ­ծով 5 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ կա­նո­նագ­րու­թիւն մը, ո­րու հի­ման վրայ ար­գելք կը դրուի՝ որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­կան ծա­նու­ցում­ներն ու գո­վազդ­նե­րը հրա­տա­րա­կուին բա­ցա­ռա­պէս թրքե­րէ­նով հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ եւ լոյս չտես­նեն ոչ-թրքե­րէն ո­րե­ւէ հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի նախ­կին դես­պան Ան­րի Քիւ­նի վեր­ջերս հրա­տա­րա­կեց գիրք մը, որ լոյս տե­սած է «Սի­ժեստ» հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն։ «Հա­յաս­տան. ժո­ղո­վուր­դի մը ո­գին» խո­րագ­րեալ այս գիր­քին հա­մար վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ շնոր­հան­դէս մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016

Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տը ե­րէկ հա­ւա­նու­թիւն տուաւ բա­նա­ձե­ւի մը, ո­րու հի­ման վրայ պի­տի քրէա­կա­նա­ցուի ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րու ժխտու­մը։ Ժխտո­ղա­կան օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծը Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տէն ներս ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցաւ 156 կողմ եւ 146 դէմ քուէ­նե­րու յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

Հա­յաս­տա­նը պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ ար­տադ­րու­թեան, գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան եւ կրթու­թեան ո­լոր­տի 175 բարձր ո­րա­կա­ւո­րում ու­նե­ցող ա­րուես­տա­գէտ աշ­խար­հի 31 երկ­րէ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

Համայնքային վարիչները մտորումներու մէջ են՝ երաշխաւորելու համար մեր վարժարաններու ապագան:
Շուրջ հինգ տարի վերջ կրնայ վտանգ սպառնալ ընդհանրապէս իսթանպուլահայ դպրոցներու ցանցին համար, ուստի այժմէն նախազգուշական միջոցներ ձեռք պէտք է առնուին՝ կանխելու համար համակարգին կքիլը եւ հաւանական խուճապ մը, իսկ երկրի տնտեսութեան այժմու երթի լոյսին տակ ընկերային զօրակցութեան նոր դրութիւն մը ստեղծելու համար:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին շարք մը ա­տե­նա­խօս­ներ իս­կա­կան գայ­թակ­ղու­թեան մը հա­մա­զօր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Գում­գա­բուի Դրսի եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քի պա­րա­գա­յին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը ներ­կայ կրթա­կան տա­րուան սկիզ­բին պի­տի փո­խադ­րուէր Գում­գա­բուի Դրսի եր­բեմ­նի Պօ­ղո­սեան-Վառ­վա­ռեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

VADİP երէկ երեկոյեան շօշափեց մեր համայնքի շարք մը կենսական ու հրատապ խնդիրները, որոնք սեղանի վրայ դրուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի հետ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը թէեւ ուրուագծած է առկայ հարցերու լուծման հորիզոն մը, սակայն առանց յստակ ժամկէտի:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 348 տա­րի ա­ռաջ, ­Հո­լան­տա­յի Ամս­թեր­տամ քա­ղա­քին մէջ ամ­բող­ջա­ցաւ հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շուն­չի ա­ռա­ջին տպագ­րու­թիւ­նը, ո­րուն ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ 11 ­Մարտ 1666-ին եւ որ իր ա­ւար­տին հաս­նե­լու հա­մար պէտք ու­նե­ցաւ ա­ւե­լի քան եր­կու տա­րո­ւան աշ­խա­տան­քի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ճա­կա­տա­գիր» տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ նա­խա­սահ­մա­նուած վի­ճակ։ Բայց ճա­կա­տա­գի­րը որ­պէս կեան­քի ըն­թաց­քին ազ­դու մէկ տար­րը, կամ կեան­քի ճամ­բուն ու­ղե­ցոյ­ցը, ի­րա­պէս գո­յու­թիւն ու­նի՞, ա­ւե­լի բաց կեր­պով. «ճա­կա­տա­գիր» ը­սուա­ծը կա՞յ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐ­Թ­­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Ո­րո­շած էի սու­րիա­հա­յու­թեան եւ ընդ­հա­րա­պէս Սու­րիոյ ներ­կայ պա­տե­րազ­մին մա­սին չգրել ու չար­տա­յայ­տուիլ, ո­րով­հե­տեւ վստահ եմ, որ ո՛չ գրե­լը եւ ոչ ալ ար­տա­յայ­տուիը բան կրնան փո­խել: Քա­րա­ցած միտ­քերն ու կարծ­րա­ցած սիր­տե­րը, ի զօ­րու չեն ո­չինչ փո­խե­լու, ընդ­հա­կա­ռա­կը այդ քա­րա­ցած միտ­քերն ու կարծ­րա­ցած սիր­տե­րը մի միայն ի­րենց «Ե­Ս­»ին մա­սին է, որ կը մտա­ծեն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Գո­հարն ու իր ըն­տա­նի­քը ե­րէկ Ե­րե­ւան հա­սան: Պա­տե­րազ­մի դաշ­տէն ա­զա­տած Գա­լուս­տեան­նե­րը նոր կեան­քի մը պի­տի սկսին Հա­յաս­տա­նի մէջ: Բա­ւա­կան եր­կար ճա­նա­պարհ մը կտրե­լէ ետք Գո­հար իր եր­կու փոք­րիկ­ներն ու ա­մու­սի­նը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ե­րե­ւան­ցի ըն­տա­նի­քի մը կող­մէ, ո­րուն ան­դամ­նե­րը նոյ­նիսկ չու­զե­ցին ե­րե­ւիլ տար­բեր կա­յան­նե­րու հե­ռուս­տախ­ցիկ­նե­րուն առ­ջեւ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին հաս­նիլ ա­նոնց տու­նը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կը թեր­թեմ հա­մա­ցան­ցը, կը հե­տե­ւիմ հե­ռա­տե­սի­լի հայ­կա­կան հա­ղոր­դում­նե­րուն, կը խօ­սիմ Հա­լէ­պի հա­րա­զատ­նե­րուս հետ, բո­լո­րը ցաւ կ՚ար­տա­յայ­տեն: Բո­լոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ ա­սուպ մըն է որ կը պտը­տի՝ գու­ժե­լով հա­լէ­պա­հայ նո­րօ­րեայ զո­հե­րուն մա­սին: Նոյն պատ­կեր­նե­րը կը յայտ­նուին տար­բեր է­ջե­րու վրայ, յետ­մա­հու հռչակ կը վա­յե­լեն ա­նոնք:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սեպ­տեմ­բե­րը Մեծն Կո­մի­տա­սի ծննդեան ա­միսն է, իսկ Հոկ­տեմ­բե­րը՝ մա­հուան: Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յաշ­խար­հի մէջ կը շա­րու­նա­կուին ա­նոր նուի­րուած ձեռ­նարկ­նե­րը: Անց­նող օ­րե­րուն, կո­մի­տա­սեան գի­տա­ժո­ղո­վի եւ ա­նոր ծննդեան օր-ւան յա­ջոր­դած այլ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու կար­գին դար­ձեալ յի­շա­տա­կ-ւե­ցաւ կո­մի­տա­սեան նա­մա­կա­նին, իբ­րեւ՝ հայ գրա­կա­նու­թեան եւ մե­ծե­րու նա­մա­կագ­րու­թեան բա­ցա­ռիկ գլուխ­գոր­ծոց­ներ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­ժը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է կեան­քին հա­մար։ Ար­դա­րեւ ո՛ւժն է որ ըն­թացք կու տայ կեան­քին, ո՛ւժն է որ կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ կեանք, եւ ո՛ւժն է որ ա­պա­հով ըն­թացք մը կը պատ­րաս­տէ կեան­քին։ Ան­տա­րա­կոյս բո­լորս ալ գի­տենք, թէ՝ ինչ­պէս նիւ­թա­կան-ֆի­զի­քա­կան՝ նոյն­պէս եւ հո­գե­ւոր աշ­խար­հին մէջ ու­ժե­րը ընդ­հան­րա­պէս լուռ են։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Yerevan Jazz Fest-ի այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նը նուի­րուած է ա­նուա­նի ա­մե­րի­կա­հայ ե­րա­ժիշտ, «Կրեմ­մի» մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր Ճորճ Ա­ւա­գեա­նին, որ կը հա­մա­րուի ա­մե­րի­կեան ճազ ար­հես­տի հիմ­նա­դի­րը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Քուէյ­թա­հայ յայտ­նի ազ­գա­յին գոր­ծիչ ու բա­րե­րար Կի­րա­կոս Գու­յում­ճեան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին։ Ան սերտ կա­պեր մշա­կած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի հետ եւ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ա­ռա­ւել յատ­կան­շա­կան կը դարձ­նէ իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ի­րեն հետ կա­տա­րուած հար­ցազ­րոյ­ցը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի տան­տի­րու­թեամբ պի­տի գու­մա­րուի ՀԱՊԿ-ի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016

Արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկաւ ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստին ընթացքին:
Չավուշօղլու անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն:

Էջեր