Արխիւ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ աւանդական խանդավառութեամբ հրաժեշտ տրուեցաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատուոյ հիւրն էր շրջանաւարտից հանդէսին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարները անցեալ շաբաթ այցելութեան փութացին թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին տղաքը, որոնց փոխանցեցին իրենց օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2015-2016 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան զանազան հանդէսներ, որոնք ամառնամուտի փուլին ոգեւորութեան առիթ հանդիսացան Ֆէրիգիւղի ամբողջ ընտանիքին տեսակէտէ։
2015-2016 կրթական շրջանը հասաւ իր աւարտին։ Մեր վարժարաններու աշակերտները մեկնեցան ամրան արձակուրդի։ Մինչ այդ, այս մթնոլորտին մէջ, արդէն համայնքային կեանքէն ներս հետզհետէ արձագանգ կը գտնեն դպրոցներուն վերաբերեալ վարչական իրադարձութիւնները։
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս յատկանշական հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
Երուսաղէմի միաբաններէն Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պուրճէքեան նշանակուեցաւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ՝ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն գործադրութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին եւ Ս. Վլատիմիր ուղղափառ ճեմարանին (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) միջեւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։
Արամ Խաչատուրեանի ի յիշատակ խմբավարներու 12-րդ միջազգային մրցոյթը:
WFIMC-ի 60-րդ ընդհանուր ժողովը վերջին օրերուն գումարուեցաւ Երեւանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը խորհիմ երբեմն, երբ յաճախ կը լսենք սա խօսքը, թէ՝ «մարդ սխալակա՛ն է», արդեօք պատրուակ մը, կամ արդարացո՞ւմ մըն է, եւ կամ կեղծ պատճառ մը մարդուս գործած սխալներուն համար։ Կարելի է խորհիլ, թէ «դիմա՛կ» մըն է այս խօսքը սխալանքները արդարացնելու համար։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ երէցները կը պատմեն, թէ հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Սլէյման Ֆրենժիէ (1970, երեսփոխան Ս. Ֆրենժիէի մեծ հայրը) նախագահ ընտրուելով՝ յայտարարած է, որ օր պիտի գայ, երբ լիբանանցիները այլեւս դռները պիտի չկղպեն (այնքան ապահով պիտի ըլլայ): Եկած են քաղաքացիական պատերազմի օրերը, եւ մարդիկ իսկապէս պէտք չեն ունեցած կղպելու դռները, որովհետեւ ո՛չ դուռ մնացած է, ո՛չ ալ պատուհան: Այսպէս կ՚ըսեն: Կատակը՝ կատակ, կարդացէ՛ք…
Յետմիջօրէի քանի մը ժամերուն եղբօրս կառատունը շատ աւելի մեծ թիւով մարդ կը հաւաքուէր, քան՝ հայկական ակումբները: Անիկա դարձած էր անպաշտօն «ակումբ» մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պատմութեան ամէն շրջանին եղած են անձեր՝ որոնք դրական կամ բացասական, ընթացք տուած են ընդհանուր ընկերային կեանքին եւ նաեւ եկեղեցիին։ Անոնք երբեմն օգտակար, երբեմն վնասակար, երբեմն շահադիտութեամբ, երբեմն նուիրական ոգիով՝ ծառայասիրութեամբ դրոշմ եւ հետք թողած են ժողովուրդի մը ճակատագրին վրայ։
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ երեկոյեան փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Աւանդական հրաժեշտի երեկոյթը տեղի ունեցաւ Պէզճեան սրահին մէջ, ուր ընթացաւարտներն ու իրենց ծնողները համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ։
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ անցաւ երեկոյթը, որու հանդիսավարներն էին Ալեքսան Զարուքի եւ Լուսին Չաղլը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի արարողութիւնը։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Էսաեան վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիները՝ Սաթենիկ Նշան եւ Առլին Եշիլթէփէ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Համայնքային վարժարաններու ընթացաւարտ դասարաններէ աշակերտներ, որոնք կրօնքի դասերուն մէջ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած էին, 16 Յունիս 2016, Հինգշաբթի, ժամը 18.00-ին, համախմբուեցան Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ։ Հանդիսութեան նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի խնամակալ մարմինը (AAG) հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան դպրոցական վերամուտին՝ Սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարուի Գէորգ Արապեան միջնակարգ վարժարանին, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի շրջանակին մէջ:
Երեւանի մօտ Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպան Եոկեշվար Սանկվան երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց իր հաւատարմագիրը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Ելմտական նախարարի աւագ օգնական Տանիէլ Կլէյզըր, անցեալ Մայիսին, անակնկալ այց մը կը կատարէր դէպի Պէյրութ: Ամերիկացի գործիչը շփումներ կ՚ունենար Լիբանանի դրամական ոլորտի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:
Պինալի Եըլտըրըմ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն կը մօտենայ դրական ոգիով:
Վարչապետին համոզմամբ, մշտական թշնամանք չի կրնար ըլլալ Ռուսաստանի, Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ: