Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հանովէրի անհատական ցուցահանդէսէն վերջ յայտնի արուեստագիտուհին Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Թենի Վարդանեան. «Հիմա կը խուսափիմ միջավայրերէն, մարդոցմէ, աղմուկէ, շատ խօսքէ, կ՚ուզեմ ըլլալ առանձին»։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի 9-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած է միջ­վար­ժա­րա­նա­յին անգ­լիե­րէն բա­ռա­խա­ղի (Scrabble) մրցոյ­թը։ Ե­րէկ միջ­նա­կար­գե­րու հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ, իսկ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նան լի­սէին­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ կրթա­կան մշակ­նե­րու տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան պտոյ­տը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ գոր­ծող կամ հանգս­տեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­ներ այս ա­ռա­ւօտ մաս­նա­ւոր փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րով Ֆէ­րի­գիւ­ղէն ճամ­բայ ե­լան դէ­պի Վոս­փոր՝ Գա­լէն­տէր թա­ղա­մա­սը, ուր «Գաղտ­նի պար­տէզ» զբօ­սա­րա­նին մէջ կ՚ան­ցը­նեն ի­րենց օ­րը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

«Հիլ­թըն» աշ­խար­հահռ­չակ պան­դոկ­նե­րու ցան­­ցը կը պատ­րաս­տուի մաս­նա­ճիւղ մը հաս­տա­տել Ե­րե­ւա­նի մէջ։ 

Հա­յաս­տա­նեան լրաս­փիւռ­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի բա­ցուի այս նոր հին­գաստ­ղա­նի հիւ­րա­նո­ցը, որ պի­տի գոր­ծէ Ե­րե­ւա­նի կրկէ­սին մօտ կա­ռու­ցուած բարձ­րա­յարկ շէն­քէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եոր­քի կեդ­րո­նին մէջ վեր­ջերս հիւ­րըն­կալուե­ցաւ գրող Է­րիք Պօ­ղո­սեան։ Այս հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ իր վեր­ջին գիր­քը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

​Անգարա եւ Աթէնք համակարծիք վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցներ ձեռք առնելու համար:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Նիքոս Քոցիաս երէկ փոխանցեցին ապագային վերաբերեալ լաւատես պատգամներ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Երեւանի եւ Փեքինի համագործակցութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բացուին Մետաքսի ճանապարհի ծրագրին բերումով:
Չինաստանի կառավարութիւնը մտադիր է վարկեր տրամադրել Հայաստանին՝ ենթակառուցուածքներու շինարարութեան համար:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Եու­լի Է­տէլշ­թայն կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի իր եր­կի­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ դիր­քո­րո­շու­մը։ «Ճէ­րու­զա­լէմ փոսթ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Քնեսեթի նա­խա­գա­հը յար­մար կը նկա­տէ, որ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուի Իս­րա­յէ­լի դիր­քո­րո­շու­մը ըստ ո­րու հա­յոց ե­ղեռ­նը կը նկա­տուի մարդ­կու­թեան դէմ բա­րո­յա­կան բիծ մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ յայտ­նի պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չա­մի հետ։ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Թա­նէր Աք­չա­մին հետ խորհրդակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի եւ Մայր տա­ճա­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման հա­մար Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ Թա­նէր Աք­չամն ալ մաս կը կազ­մէ այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար ստեղ­ծուած յանձ­նա­խում­բին, իբր այդ սոյն տե­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է աշ­խա­տան­քա­յին բնոյթ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Սիվ­րի­հի­սար եւ Էս­կի­շէ­հիր։ Տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րա­մի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բին կ՚ու­ղեկ­ցէին նաեւ դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մէն դէմ­քեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թեան կող­մէ ան­ցեալ շա­բաթ Ֆլո­րիա­յի մէջ տիկ­նանց ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ի նպաստ դպրո­ցին։ «Տէ­վէ­լի» ճա­շա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ շուրջ 250 հո­գի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ շաբա­թա­վեր­ջին Մայ­րե­րու օ­րուան առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հան­դի­սու­թիւն մը։ Այս­պէս, ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի օր մը պար­գե­ւե­ցին ի­րենց մայ­րե­րուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած են Պէ­յօղ­լուի շրջա­նի վար­ժա­րան­նե­րուն մի­ջեւ կազ­մա­կեր­պուած լո­ղի մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան սա­նուց միու­թեան մէջ գու­մա­րուե­ցաւ հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղով։ 52-րդ շր­ջա­նի հեր­թա­կան այս հա­մա­գու­մա­րին դի­ւա­նը գլխա­ւո­րեց Յա­կոբ Ա­րա­պեան, ո­րու կող­քին էին Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք եւ Կա­րէն Թա­լաս։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան Ան­գա­րա­յի մէջ վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի օ­րուան առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադրուած Մար­գար Է­սաեա­նը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին իր օգ­նա­կան­ներն ու կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Մար­գար Է­սաեան մե­զի յայտ­նեց, թէ կը փոր­ձէ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րուն եւ շրջա­նակ­նե­րուն հետ ըլ­լալ շփման մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տո­նէու­թեան սի՛րտն է «Յա­րութի՛ւն»ը։ 
Ար­դա­րեւ հո­գիին եւ մար­մի­նին բա­ժա­նումն է մա­հը։ 
Մա­հով՝ մար­դուն մար­մի­նը փտու­թեան կը մատ­նուի, մինչ ա­նոր հո­գին կ՚եր­թայ ըն­դա­ռաջ Աս­տու­ծոյ, սպա­սե­լով, որ վերս­տին միա­նայ իր «փա­ռա­ւո­րեալ» մար­մի­նին հետ։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015

Ե­րե­ւան հռչա­կուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ու­սա­նո­ղա­կան մայ­րա­քա­ղաք։ «Ար­մէն­փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան այս շրջագ­ծով վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Եւ­րո­պա­կան ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէին Հա­­յաս­տա­նի Ու­սա­նո­ղա­կան ազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մ տուած հո­վուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը յայ­տա­րա­րեց, թէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը կրնայ Թուր­քիա­յէն պա­հան­ջել վե­րա­դար­ձը՝ իր բռնագ­րա­ւեալ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ա­մե­րի­կա­յի ձայն»ին տուած բա­ցա­ռիկ հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յայտ­նեց, թէ ներ­կա­յիս ա­պա­գայ դա­տա­կան դի­մու­մի հիմ­նա­ւոր­ման վրայ աշ­խա­տանք կը տա­նին ի­րա­ւա­բան­ներն ու պատ­մա­բան­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Գո­հար» հա­մոյ­թի հիմ­նա­դիր-բա­րե­րա­րու­հի Գո­հար Խա­չա­տու­րեա­նը։ Լի­բա­նա­նա­հայ ազ­գա­յին գոր­ծի­չին կ՚ըն­կե­րա­նա­յին համոյ­թի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն­նե­րը՝ Սե­ւակ Սե­րովբեան եւ Սա­րօ Սե­րո­վբեան։

Էջեր