Արխիւ
Եշիլգիւղի հայոց վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ամանորի մասնաւոր հանդէս մը, որու ընթացքին ապրուեցաւ մեծ հրճուանք։
Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի եւս Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ապրեցաւ աւանդական խանդավառութիւն՝ թաղին մօտ կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներով։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնակատարութիւնը իւրայատուկ վայելչութեամբ:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան Կաղանդի խանդավառ խրախճանքներ, որոնց ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցէն ներս բժիշկներու մեծարման հաւաքոյթը եւ մնայուն բնակիչներու ամանորեան ընթրիքը այս տարի տեղի ունեցաւ միացեալ ձեւաչափով: Պատրիարքաւան Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց աւանդական երեկոյթին, որու ընթացքին յուշանուէրներ ստացան Փրոֆ. Մերի Ուրկանճըօղլու եւ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ մշակուած օժանդակութեան ծրագրերը: Փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան մանրամասնութիւններ հաղորդեց ամանորեան ընթրիքին ժամանակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն մարդ որոշ մտային կարողութիւն մը ունի եւ իր մտային կարողութեան չափին համեմատ իմացական լոյս կրնայ տալ՝ ո՛չ աւելի եւ ոչ ալ պակաս։
Հայաստանի մէջ 2016-ի տարեմուտին կը տիրէ աւանդական խանդավառութեան մթնոլորտ:
Տօնական շրջանին Երեւանի նախագահական ապարանքը հանդիսացաւ երկրի մանուկներուն ժամադրավայրը:
Երանի խաղաղարարաց,
զի նոքա որդիք Աստուծոյ կոչեսցին
(Մատթէոս, 5.9)
Գերմանա-ֆրանսական Arte հեռուստաալիքը 3 Յունուար 2016-ին պիտի տեսասփռէ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի համերգը, որ անցեալ աշնան տեղի ունեցած էր Փարիզի «Palais des Sports»ի երդիքին տակ։ Ցուցադրուելիք այս նիւթը նկարահանուած է Սեպտեմբերի 15-ին տեղի ունեցած համերգին ժամանակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եւ ահաւասի՛կ տարի մը եւս կը բոլորենք՝ բայց խնդրական է, թէ՝ տարի մը կը շահի՞նք, թէ տարի մը եւս կը կորսնցնենք։ Ուրախանալո՞ւ է որ տարի մը եւս կը շահինք մեր կեանքէն, թէ ոչ՝ տրտմելու ենք որ տարի մը եւս կորսնցուցինք մեր կեանքէն։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) 2016 թուականին իր տարեկան նստաշրջանը պիտի իրականացնէ Թիֆլիզի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժողովները տեղի պիտի ունենան 1-5 Յուլիս 2016 թուականին։ Սա պիտի ըլլայ ԵԽԽՎ-ի 25-րդ նստաշրջանը, որուն պիտի մասնակցին շուրջ 700 քաղաքական գործիչներ՝ աշխարհի 57 երկիրներէն։
2016 թուականին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի սկսի հանդիպումներ ունենալ՝ 2018 թուականին կայանալիք Ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութեան որակաւորման փուլին շրջագծով։ Եւրոպայի գօտիի E խումբին մէջ Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ռումանիա, Դանիա, Լեհաստան, Գարատաղ եւ Ղազախիստան։
2016 եւ 2017 թուականներուն յատուկ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ճշդուած հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ ընդգրկուեցան հայ ժողովուրդին կողմէ յատկանշական երկու իրադարձութիւններ։ Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666 թուական) 350-ամեակը եւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի (1817-1900) ծննդեան 200-ամեակը ընդգրկուեցան վերոյիշեալ օրացոյցին մէջ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը 2016-ին մտադիր է այցելել Հայաստան։
Հարցախոյզներու արդիւնքներով՝ մարդկութիւնը լաւ տրամադրուած է Ամանորին:
Աշխարհի բնակչութեան 54 տոկոսը 2016-ի համար ունի լաւատես ակնկալութիւն:
ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը:
Գոնկրէսականները Յունուարին պիտի անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Ճէյմս Ուորլիքի մասնակցութեամբ:
2016-ին համայն հայութիւնը պիտի նշէ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը։ Տարին յոբելենական է այս առումով։ Սեպտեմբերի 21-ին պատշաճ շուքով պիտի նշուի այս յոբելեանը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տարուան վերջին գիրը պիտի թակէ սպասումներու պարիսպին վերջընթեր դուռը: Վերջընթեր, որովհետեւ սպասումը եւ յոյսը իրարու հետ պիտի քալեն երկար ճանապարհով:
Ժողովրդական իմաստութիւնը կատարեալ կը ցոլացնէ կեանքի առարկայական ճշմարտութիւնները. դիպուկ, պարզ ու խորքային։ Ընկերային գիտութիւններու մարզին մէջ, մանաւանդ, գիտնականներու տեսութիւնները որքան որ ալ ամուր բանաձեւուած ըլլան, պատճառահետեւանքային կապերը որքան որ ալ բիւրեղացած ըլլան՝ ժողովրդական իմաստութիւնը կու գայ զանոնք լրացնել իր փորձաքարով։ Սա չափանիշ է, միանշանակ...