Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Տա­րուան վեր­ջին գի­րը պի­տի թա­կէ սպա­սում­նե­րու պա­րիս­պին վեր­ջըն­թեր դու­ռը: Վեր­ջըն­թեր, ո­րով­հե­տեւ սպա­սու­մը եւ յոյ­սը ի­րա­րու հետ պի­տի քա­լեն եր­կար ճա­նա­պար­հով:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը կա­տա­րեալ կը ցո­լաց­նէ կեան­քի ա­ռար­կա­յա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը. դի­պուկ, պարզ ու խոր­քա­յին։ Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու մար­զին մէջ, մա­նա­ւանդ, գիտ­նա­կան­նե­րու տե­սու­թիւն­նե­րը որ­քան որ ալ ա­մուր բա­նա­ձեւուած ըլ­լան, պատ­ճա­ռա­հե­տե­ւան­քա­յին կա­պե­րը որ­քան որ ալ բիւ­րե­ղա­ցած ըլ­լան՝ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը կու գայ զա­նոնք լրաց­նել իր փոր­ձա­քա­րով։ Սա չա­փա­նիշ է, միան­շա­նակ...

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, այ­սօր կէս գի­շե­րին՝ ժա­մը ճիշդ 24.00-ին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ կը կա­տա­րուի գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նռնօրհ­նէք։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ան­ցեալ տա­րե­մու­տին օ­րա­կար­գի կի­զա­կէ­տին էին հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը մնա­ցեալ ա­մէն ին­չը երկ­րոր­դա­կան հար­թու­թեան վրայ մղեց. Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան ան­ցան մեծ մրցակ­ցու­թեան մը բո­վով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015

Ա­ՐԱՔՍ ՓԻ­ԼԱՒ­ՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱ­ՐԵԱՆ

Կա­ղան­դի օ­րե­րը տա­րօ­րի­նակ թա­խի­ծով մը կը պա­տեն հո­գիս եւ սիրտս. ման­կու­թիւնս կը վե­րապ­րիմ, ումպ առ ումպ կ՚ըմ­պեմ յու­շե­րուս վառ բա­ժա­կէն:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ հեր­թա­կան ան­գամ զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած է սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը, որ կը դի­մագ­րա­ւէ մեծ ող­բեր­գու­թիւն մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար փո­խան­ցած է Դա­մաս­կո­սի Հա­յոց Թե­մին՝ Սու­րիոյ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն հա­մար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել՝ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի 24 Մա­յիս 1953 թուա­կիր Կոն­դա­կը՝ ուղ­ղուած Դպրաց Դա­սե­րուն եւ Երգ­չա­խում­բե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան զա­նա­զան ըն­դու­նե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը կազ­մա­կեր­պուին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի գլխա­ւոր դէմ­քե­րուն կող­մէ։ Այս շրջագ­ծով զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ի պա­տիւ ալ կը սար­քուին ըն­դու­նե­լու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան նաեւ յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան սպա­սում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ պատ­գամ­նե­րու փո­խանց­ման։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան դէ­պի Ռիատ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ՝ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման Պին Ապ­տիւ­լա­զիզ Էլ Սուուտ թա­գա­ւո­րի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Էլ Եա­մա­մա պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան նա­խա­գա­հին եւ թա­գա­ւո­րին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

​Հայաստանի մէջ ենթակառուցուածքային խոշոր ներդրումային ծրագրերը կ՚ամբողջանան աստիճանաբար:
Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի առաջին հատուածի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պորտիուժա եւս մտահոգուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութեան սրման պատճառով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ Գաղթականաց յանձնախումբը գործի լծուած:
Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ ընկերակիցները Եոզղատի մէջ տեսակցեցան գաղթականներուն հետ:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Հայաստանէն արտագաղթելով Գումգաբու հաստատուած երեք չարքաշ անուններ կը բանեցնեն «Լավաշ» փուռը, որու արտադրանքը արդէն ունի մեծ համբաւ:
Յակոբ Կարապետեան եւ գործակիցները վերջին շրջանին սկսած են պատրաստել նաեւ Սուրբ Պատարագի մասերը՝ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համար:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ ման­կա­պար­տէ­զի Ա­մա­նո­րի խրախ­ճան­քին առ­թիւ ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ տօ­նա­կան ցնծու­թիւն ստեղ­ծուե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րու հա­մախմ­բու­մով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

​Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը աւանդական հաւաքոյթով ողջունեց 2016 թուականը:
Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ զա­նա­զան ծրագ­րեր, ո­րոնք ա­ռիթ կ՚ըն­ձե­ռեն տօ­նա­կան օ­րե­րուն հա­սա­րա­կու­թեան հա­մեստ խա­ւե­րու գօ­տեպնդ­ման։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015

ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին «Տե­փօ», ա­պա 11-ին «g art» պատ­կե­րաս­րահ­նե­րուն մէջ բա­ցուե­ցաւ նկար­չու­հի Մե­րի Մու­նի (Ա­միր­խա­նեան) «Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ է» ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը, ուր ներ­կա­յա­ցուած էր ա­րուես­տա­գի­տու­հիին «Քա­ղաք» շար­քը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս օ­րե­րուն մեր մէջ կը գտնուի ֆրան­սա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան, հե­ղի­նա­կա­ւոր պատ­մա­բան Փրոֆ. Քլոտ Ար­մէն Մու­թա­ֆեան, որ Իս­թան­պուլ կ՚այ­ցե­լէ իր կո­ղակ­ցին հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015

Ա­ՍԱ­ՏՈՒՐ ԿԻՒ­ԶԷ­ԼԵԱՆ

Լոն­տո­նի «Սոթ­պի՚զ» հան­րա­ծա­նօթ ըն­կե­րու­թիւ­նը Մո­նա­քո­յի ար­քա­յազն Ալ­պէռ իշ­խա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պած էր ա­ճուրդ մը՝ նուի­րուած Ո­ւիս­թըն Չըր­չի­լի մա­հուան 50-րդ տա­րե­լի­ցին։ Ա­ճուր­դի գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին ար­քա­յազն Ալ­պէռ, Մո­նա­քո­յի մօտ Անգ­լիոյ դես­պան Է­վէ­լին Չեն­թա եւ Լոն­տո­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Սարգ­սեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նոր տա­րի, նոր սպա­սում­ներ... Ա­մէ­նուր կը հնչեն Նոր տա­րուան եւ Սուրբ Ծննդեան բա­րե­մաղ­թանք­ներ, ցան­կու­թիւն­ներ, ա­մէն մարդ նո­րո­վի յոյ­սե­րով եւ սպա­սում­նե­րով կը լե­ցուի Նոր տա­րուան լու­սա­ւոր օ­րե­րու առ­թիւ:

Էջեր