Արխիւ
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
«Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական երգիծական թատրոնի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ թուրք եւ հայ երաժիշտներու համատեղ համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Սիպիլ: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Անթիլիասի աղբիւրները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Իսթանպուլի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին շուրջ մատուցած են հետաքրքրական տուեալներ։ Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին առընչութեամբ կազմակերպուած է այս ասուլիսը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աղանդ», «հերձուած» եւ «հերետիկոսութիւն»՝ այս երեքը շարժումներ են, որոնք ուղղափառ դաւանանքէ շեղած վարդապետութիւն կը մշակեն, ոչ-ուղղափառ տարբեր ուսուցումով վարդապետութիւն կը քարոզեն։ Թէեւ երեքն ալ «շեղում» են ուղղափառ վարդապետութենէ եւ դաւանանքէ, բայց իւրաքանչիւրին բնոյթը տարբեր է՝ թէ՛ ծագման, թէ՛ զարգացման եւ թէ տարածման տեսակէտէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխատասիրութիւնը աստուածային պատուիրան մըն է՝ մարդուս առաջին անմեղ վիճակին մէջ իսկ տրուած Աստուծոյ կողմէ՝ մարդ արարածին. «Եւ չորրորդ գետը Եփրատ է։ Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զանիկա մշակէ ու պահէ» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Ուրեմն, կը տեսնուի, որ աշխատանքը երբեք պատիժ մը չէ՛ մարդուն, այլ՝ կոչում մը, արարչութեան պատճառ եւ հետեւանքներէն մի՛ն։
Աւանդական բաժակի օրը երէկ սանուց միութեան երդիքին տակ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները:
Յոբելեար դասարանի ընթացաւարտները զիրար վերագտան աշակերտական տարիներու բարձր տրամադրութեամբ եւ դպրոցին նկատմամբ երախտագիտութեամբ:
Գարակէօզեան Տան Ամանորի աւանդական քէրմէսը շաբաթավերջին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացներու հիման վրայ այս քէրմէսը հանդիսացաւ բազմաթիւ թաղերէ ժամանած համակիրներու ժամադրավայրը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ հերթական անգամ նոյնացաւ մեր համայնքին հետ:
Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի ծախսերը հաւասարակշռելու համար թաղային խորհուրդը միջոց մը եւս պիտի մնայ որոնումներու մէջ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ Հայաստան։ Նորին Սրբազնութիւնը ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով եւ Զուարթնոց օդակայանին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն կողմէ դիմաւորուելէ վերջ առաջնորդուեցաւ Մայրավանք, ուր կ՚իջեւանի իր կեցութեան օրերուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները շաբաթավերջին պաշտօնապէս տեղեկացուցին, թէ 9 Դեկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի, իր երկու միաբանները՝ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Իսթանպուլ գալով մամլոյ ասուլիս մը սարքած են Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ։
Վերջին շուրջ տասը օրուան ընթացքին Արցախի ճակատին վրայ չորս հայ զինուոր նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կրակով:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի խօսքով, Պաքուի կողմէ իրավիճակի սրումը ապտակ է միջազգային հանրութեան դէմ:
Հանրապետութեան նախագահը Թիւրքմենիստանի մէջ կրկնեց, որ ահաբեկչութիւնը պիտի յաղթահարուի միասնական ջանքերով:
Աշխապատի շփումներուն շրջագծով Էրտողան տեսակցեցաւ Պերտիմուհամէտովի, Մարկվելաշվիլիի եւ Ճիհանկիրիի հետ:
«Պողազիչի» համալսարանի Իգական հետազօտութիւններու ակումբին նախաձեռնութեամբ թատերական խանդավառ երեկոյթ։
Ձեռնարկի ընթացքին բեմին վրայ տողանցեցին այն կերպարները, որոնք մանկութեան ու երիտասարդութեան շրջանին ուղեցոյց եղած էին Եսայեանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
1 Դետեմբերին «Ալ Նըսրա» ճակատին կողմէ գերի առնուած լիբանանցի տասնվեց զինուորներ ազատ արձակուեցան: Մէկուկէս տարի գերեվարուած պահուելէ ետք զինուորները վերադարձան տուն, երկրի կառավարութեան եւ Սուրիոյ պատերազմի կարեւորագոյն մասնակիցներէն համարուող՝ «Ալ Նըսրա» ճակատին միջեւ կայացուած համաձայնական գործարքով մը:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Թուրքիոյ համբերութիւնը անսահման չէ»։
Փութինի կողմէ լուրջ սպառնալիքներ։
Էրտողան. «Եթէ Իրաք ի վիճակի չէ ահաբեկչութեան դէմ միջոցներ ձեռք առնելու, ապա մենք կ՚առնենք»։
Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը տարեվերջի առթիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպեց ընթրիք մը, որ աւանդական դարձած է վերջին տարիներուն։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը պիտի այցելէ Հայաստան։ Նորին Սրբազնութիւնը կէսօրուան ժամերուն պիտի ճամբորդէ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լուսանկարչական խառն ցուցահանդէսի մը բացումը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր միութիւնը դաշնակով մը օժտելու ուղղեալ ծրագրին աջակցութիւն ապահովելու համար։
Հարպիյէի Սէն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ Այս առթիւ հանդէս եկան «Ոմանք» եւ «Սայաթ Նովա վոքալ» խումբերը։ Հայկական տոհմիկ կամ դասական գործերէն բաղկացեալ երգացանկի մը հետեւեցան ունկնդիրները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տարիքի մասին հարցերը չեն վերջանար։ Ահաւասիկ տարիքի մասին հարց մը եւս, թէ՝ որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։ Անշուշտ հարց մը՝ որուն տրուած պատասխանը կը փոխուի ամէն մէկ անձի նկատմամբ՝ իր ապրած կեանքին համեմատ։