Արխիւ
Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի ընթերցման տօնը եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Երկու ձեռնարկներուն ընթացքին ալ աշակերտները հանդէս եկան յաջող ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուտ»ը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ՝ խաբելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Ուստի սուտին մէջ ճշմարտութիւն չի գտնուիր։ Սուտը, այս իմաստով, ճշմարտութեան դէմ ամենէն մեծ եւ ուղղակի թշնամին է։
Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայաստան» շարժանկարի սրահի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Համալիրէն ներս տեղի ունեցած շրջայցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ 2013 թուականէն ի վեր իրականացուած վերանորոգման աշխատանքներուն։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Ա. փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տաչիչ արտայայտուած էր Պաքուի մէջ իրեն ներկայացուած առաջարկին շուրջ, որով Ատրպէյճան փափաք յայտնած է ընդլայնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն շրջագիծը եւ եռանախագահներու շարքին ընդգրկել նաեւ Գերմանիան ու Թուրքիան
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Անաթեմա» ռաք երաժշտութեան խումբի համերգը։ «Պարոնեան» թատրոնի երդիքին տակ հանդէս եկաւ «Անաթեմա»ն, որ մեծ համբաւ կը վայելէ աշխարհի վրայ։
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները անպաշտօն հանդիպում մը պիտի ունենան Մինսքի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթին նպատակը պիտի ըլլայ վերջերս Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու գագաթաժողովի արդիւնքներուն ամփոփումը։
Թուրքիա մօտէն կը հետեւի հայկական հարցին վերաբերեալ Պելժիոյ մէջ ապրուած վերջին խմորումներուն։ Տեղական մամուլը բոլորովին վերջերս տեղեկացուցած է, թէ Պելժիոյ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութեան տէր չորս կուսակցութիւններ ձեռնամուխ եղած են հայկական բանաձեւի մը ընդունման։
Իրան-Հայաստան կազամուղի վերջին հատուածը կը վաճառուի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան:
Երեսփոխան Արտակ Զաքարեանի խօսքով, սպառնալիք մը չկայ երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ:
Երեւանի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում՝ Հայաստանէ ներս հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ջանքերուն շուրջ:
Ըստ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի, խօսքի ազատութեան իրաւունքը պատրուակ կը ծառայեցուի հոգեորսութեան համար:
Համայնքին մօտ խոր յուզում յառաջացուցած է մեր արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն 42-ամեայ Նիրվա Սահիլեանի մահուան գոյժը։ Անժամանակ, անմխիթար ու եղեռնական այս կորուստը սուգի մատնած է իր սիրելիներու շրջանակը։
Պատրիարքարանի համալիրէն ներս նորաստեղծ բաժիններու ծանօթացման առթիւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիրին: Նորին Սրբազնութիւնը ընդունելութեան ընթացքին բարձր գնահատեց նաեւ համայնքային բարերարներուն կողմէ Աթոռին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութիւնը
Հայաշխարհի զանազան անկիւններէն ներս կը շարունակուին սուրիահայոց զօրակցելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ Վերջերս այս նպատակով շարժման անցան նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի երիտասարդ արհեստավարժները։
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ մեծարանք ի պատիւ մեծանուն վարպետին:
Տիգրան Մանուսրեանի ծննդեան 75-ամեակին՝ իր ստեղծագործական ուղիին ամփոփումը:
Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահին հետ:
Նալպանտեան. «Ատրպէյճան Ռիկայի մէջ ապացուցանեց, որ չէ փոխած իր ապակառուցողական դիրքորոշումը»:
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վճռած է կայուն ընթացքով տեւականացնել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութիւնը։ Երբ ներկայ կրթական շրջանը աւարտելու վրայ է, թաղային խորհուրդը փափաքած է համայնքային շրջանակները տեղեակ պահել իր այս տրամադրութեան շուրջ, որպէսզի 2015-2016 եղանակի վերամուտին ընդառաջ, մասնաւորապէս արձանագրութիւններու սեմին հանրային կարծիքին միտքը չպղտորի՝ առկայ զանազան շշուկներուն բերումով։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Սելինա Տողանը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն առաջին կարգի վրայ թեկնածու ցոյց տրուած է եւ որեւէ ռիսք չունի ընտրուելու իմաստով։ Ասով հանդերձ, նախընտրական շրջանին Սելինա Տողան կը հետեւի շատ ծանրաբեռնուած ծրագրի մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խոհեմութիւն» զգուշաւոր եւ շրջահայեաց ըլլալ, որեւէ գործի մը սկսելէ առաջ լա՛ւ մը խորհիլ եւ մէկ անգամէն որոշում չտա՛լ, կը նշանակէ։ Այս իմաստով «խոհեմութիւն»ը առաքինութիւն մըն է, յատկութիւն մը՝ որ մարդս կը պահէ շատ մը վտանգներէ եւ արգելք կը հանդիսանայ հաւանական վնասներու իրականացման։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ քահանայից տարեկան հաւաքը։ 235 հոգեւորականներու մասնակցութեամբ ժողովը գումարուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Էրեբունի» անուան տակ արտադրուած գրիչի արմատները անցեալի մէջ են, սակայն պատեանին վրայ քանդակուած՝ ապագային միտուած խորհրդանշաններ: երեք թողարկումներ՝ «Հոգեւոր», «Յաւերժ» եւ «Գրական»: Իտալական ընկերութիւն մը պատրաստած է եզակի նմոյշ մը, որ 21-րդ դարուն աշխարհին կը ներկայացն հայ ժողովուրդի հարուստ պատմութիւնը
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդ ուժերէն Աւետ Հէրկէլ վերջերս մասնագիտացած է օրթոտոնթիի վրայ։ Գարակէօզեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի նախկին սաներէն Աւետ Հէրկէլ 2002-2008 թուականներուն ուսանած է «Մարմարա» համալսարանի Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէէն ներս։