Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Հայ քրիստոնեային կոչումն է սրբութեան մէջ դրոշմուած ընտանիքը։ Ինչպէս բոլոր ժամանակներուն մէջ, Աստուծոյ մեծ երազն է եղած սուրբ ընտանիքը, այսօր առաւել եւս, մարդկութիւնը դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող տեսիլքը պիտի մնայ սուրբ ընտանիքը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Նոր Տարիի սեմէն մուտք գործելէ անմիջապէս յետոյ կը տօնենք Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Քրիստոսի մարդեղութեան եւ իբրեւ Փրկիչ համայն մարդկութեան յայտնութեան աւետիսը մեր սրտերը հոգեւոր ուրախութեամբ կը պարուրէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022

Սուրբ Ծնունդի եւ Կաղանդի եղանակը սերտօրէն աղերսուած է «նուէր»ի գաղափարին հետ, որուն հոմանիշներն են «շնորհք», «պարգեւ» եւ մասամբ «ողորմութիւն» բառերը: Նուէրներ տալն ու առնելը վերածուած է այս եղանակին հետ առընչուած գողտրիկ աւանդութեան մը, որ ինքնին կը ստեղծէ ոգեւորութիւն ու խանդավառութիւն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ գրած ու խօսած ենք փոփոխութեան մասին. մեր կեանքին մէջ այսօր գրեթէ փոխուած է ամէ՛ն ինչ, ներառեալ տօնական ու ծննդեան այս օրերն ու անոնց արժէքը: Անցեալին իր մէջ խորհուրդ մը պարունակող այս օրերը իր արժէքներէն մերկանալով դարձած է լոկ կերուխումի առիթ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Ամանորի խնջոյքներուն միացած եկեղեցական բազմապիսի ապրումները արդէն իսկ տակաւ առ տակաւ աւետել սկսած էին, տարուան առաջին տաղաւարին մասին նախապատրաստական պատգամներ փոխանցելով եւ վեր առնելով Ս. Ծննդեան եզակի խորհուրդը, որուն մէջ կայ Յիսուս Մանուկը, Ս. Մարիամ Աստուածածինը, Յովսէփ Աստուածահայրը, թիւով բազմաթիւ կենդանիներ, լուսաւոր աստղերով ճաճանչող երկինք մը եւ անշուք մսուր մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Օրեր առաջ աշխարհը նշեց նոր տարուան մը սկիզբը: Մարդիկ ուրախութեամբ եւ տօնական տրամադրութեամբ շնորհաւորեցին ու կը շնորհաւորեն զիրար, մաղթելով քաջառողջութիւն, յաջող տարի եւ նման բազմաթիւ դրական մաղթանքներ կը փոխանակեն:

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջեւ ներկայ տարեմուտի դրութեամբ նախատեսուած է հանդիպում մը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ գերմանական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու ղեկավարներու հանդիպումը ծրագրուած է ներկայ ամսուան մէջ իսկ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Փաշինեան-Ռայիսի զրոյց. Իրան կ՚աջակցի տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման:
Թեհրան կը զօրակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան՝ անոր տարածքով անցնող բոլոր ճանապարհներով հանդերձ:

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան Ամանորի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի աղբիւրները արդէն տարածած են այս պատգամը, որու վերնագիրն է՝ «Յետահայեացք անցեալ 2021 տարուան վրայ»։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Էսաեան վարժարանի ընտանիքը բարձր տրամադրութիւնով դիմաւորեց Ամանորը։ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան 2022-ի տարեմուտը դիմաւորեց հիւանդանոցի մէջ։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր բժշկական խնամքի տակ կը գտնուի։ Թէեւ իր առողջական կացութիւնը անցնող ամիսներուն բաւական բարելաւուած է, սակայն, ան տակաւին հիւանդանոցէն դուրս գալու ի վիճակի չէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց նաեւ հոգելոյս տէր հօր թաղման կարգը։ Տարեմուտի դրութեամբ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն համար յուզումնալի էր հրաժեշտ տալ իրենց երէց հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն, որ վերջին օրերուն հիւանդանոցի մէջ հոգին աւանդած էր՝ շուրջ երկու ամիս խտացեալ խնամքի տակ մնալէ վերջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տարեվերջը նշանաւորուեցաւ Հայաստանի պեղածոյ ոսկիի մասին բացառիկ ցուցահանդէսով մը, որ տակաւին կը շարունակուի Մեծամօրի թանգարանին մէջ:

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք Իմ պատուիրաններս» (Յհ 14.15):
Երբ խոստացաւ անոնց տալ, ինչ որ խնդրեն Իր անունով, դարձեալ կը զգուշացնէ, թէ մի՛ կարծէք, թէ կատարեալ հաւատք եւ արժանաւոր գործեր չէք ստանար, թէ ինչ որ խնդրէք, կրնաք ընել, այլ՝ եթէ սիրէք զիս կ՚ըսէ, որ կը նշանակէ կատարեալ հաւատքը ստանալ եւ կ՚աւելցնէ, թէ՝ պատուիրաններս գործադրեցէք, որ կը ցուցնէ, թէ նոյնը գործով կատարեցէք, որովհետեւ կան շատեր, որոնք ուրիշներուն կ՚ուսուցանեն բարին գործել, բայց իրենք հեռու են անկէ, այլ՝ Անոր պատուիրանները գործադրելը քրիստոսասիրութեան յատուկ գործ է, ինչ բանին համար Պօղոս կ՚ըսէ. «Պատուիրաններուն գլուխը սէրն է» (Ա. Տմ 1.5):

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նկատի ունենալով որ այսօր Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան օրն է, օրուայ յօդուածս ուզեցի նուիրել իր ամենէն յայտնի գործերէն «Լռութեան», որուն մոլիներէն մէկն ալ ես եմ:

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ-ը, որուն կ՚ընկերանային շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

2022 թուականի տարեմուտի դրութեամբ Ֆրանսա ստանձնած է Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկիրը դառնալուն զուգահեռ՝ յառաջիկայ վեցամսեայ ժամանակաշրջանին Ֆրանսա կը նախատեսէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ հանդէս գալ համապատասխան նախաձեռնութիւններով՝ ֆրանսական նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն տեսանկիւնէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

Բերիոյ հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի երդիքին տակ պարգեւատրման ոգեւոր արարողութիւն:
Սփիւռքահայ յայտնի բարերար Կիրակոս Գույումճեան կը շարունակէ նոր սերունդը խրախուսելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները:

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 2022 թուականի տարեմուտին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ միեւնոյն ժամանակ, ունի կոչի մը բնոյթը։

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ վախճանած է մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեան։ Տարեմուտի դրութեամբ ցաւալի պատահար մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ հոգելոյս տէր հօր առողջական վիճակը երկար ժամանակէ ի վեր վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր եւ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր ալ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ։

Էջեր