Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ վախճանած է մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեան։ Տարեմուտի դրութեամբ ցաւալի պատահար մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ հոգելոյս տէր հօր առողջական վիճակը երկար ժամանակէ ի վեր վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր եւ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր ալ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները ամփոփեցին երկկողմանի համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ վերահաստատեցին Ռուսաստան-Թուրքիա փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան ապագայ աշխուժացման իրենց յանձնառութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւագութեան պատիւ շնորհեց Կրօնական ժողովի ատենապետին:
Տարեմուտի առթիւ գոհաբանական աղօթք տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կաղանդի նիւթը եւ Կաղանդ պապայի կերպարը տեղ գտած են հայ գրողներէն ոմանց գրութիւններուն մէջ: Այսօր ժպիտներ պարգեւող եւ առատաձեռն Կաղանդ պապաները անցեալին միշտ չէ, որ անհոգութիւն եւ երջանկութիւն բերած են:

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հին տարին անցաւ, գնաց: Այլեւս նորութիւն մը չէ: Սակայն նորութիւնը այն է, թէ իր հետ նաեւ գացին մեր բոլոր յոյսերն ու ակնկալութիւնները, սակայն ո՛չ մեր  դժբախտութիւնները:

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը մաղթեմ, որ այս նոր տարուան մթնոլորտին մէջ ամէ՛ն մանուկ առաւել կամ նուազ չափով նուէր մը ստացած ըլլայ իր ծնողներէն ու սիրելիներէն, որովհետեւ նուէրին ներկայացուցած արժէքէն աւելի անոր պատճառած հոգեկան ու բարոյական հրճուանքն ու ցնծութիւնն է, որ առ յաւէտ կը մնայ մանուկի ներաշխարհին մէջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 3, 2022

Երեսունեւերկամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, երբեմնի հոգեւոր հովուին Պաքըրգիւղի, Նառլըգաբուի, Թոփգաբուի եւ Էյուպի, Գումգաբու Դուրսի, Սամաթիոյ, Ենիգաբուի եւ Պալաթու Սուրբ Եկեղեցեաց, յետ խաթարեալ առողջական վիճակի իւրոյ կոչեցեալ հանգստեան, փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից յամին 2022, ի 2ն Յունուարի յաւուրն Միաշաբաթի, ի ժամու միջօրէի, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ վերջին օրերուն արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Դպրոցի երդիքին տակ օրեր շարունակ տիրեց բարձր տրամադրութիւն, որմէ անմասն չմնացին ինչպէս աշակերտները, այնպէս ալ կրթական մշակներն ու դպրոցի վարիչները:

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ պատուեց մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Երկանեան ամոլի բնակարանը։ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններուն տեսակէտէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը թէ՛ ուրախառիթ եւ թէ օրհնաբեր էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնական շրջանին։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ուշ գիշերին Ամանորի առթիւ խօսք ուղղեց իր աշխարհացրիւ հօտին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

2022-ի տարեմուտին նախատեսուած է դիւանագիտական գետնի վրայ բեղուն երթեւեկ՝ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու լոյսին տակ։ Համաշխարհային դերակատարները կը նախատեսեն տարեմուտի դրութեամբ հետամուտ ըլլալ նոր շրջանի վերաբերեալ իրենց առաջնահերթութիւններուն։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացը 2022-ի տարեմուտին ընդհանուր ուշադրութեան առարկայ:
Փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ. «Ռուսաստան պատրաստ է միջնորդ հանդիսանալու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ»:

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2022 տարուան յատուկ կայքերու գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք անոնցմէ ամենէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Նոր բաներ չեն ուզածներս.
Առանց վախի մարդոց մօտեցած, քիթ-ականջ իրար մէջ մտնելով խօսած, կամ խօսելու կարիք չզգալով՝ զիրար գրկած ու ջերմօրէն փաթթուած մեր հին ժամանակները կրնա՞մ խնդրել։ 

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, այսպէս կը թելադրէ կողոսացիներուն. «Շարունակ աղօթեցէք՝ արթուն հսկելով, միշտ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ» (Կղ 4.2):
Նոր տարուան՝ 2022 թուականի առաջին օրն է: Ի՜նչ զօրաւոր եւ ազդու պատգամ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար. շարունակ աղօթել՝ արթուն հսկելով, միշտ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ:

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բարով եկար նո՛ր տարի:
Անցնող հին տարուան 365 օրերու հաշուեփակը կատարած, այսօր 365 օրերու վրայ երկարող նոր էջ մը կը բանանք, որուն առաջին թերթն ես դուն՝ տակաւին անբիծ ու չմրոտուած:

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

Մխիթարեան վարժարանի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանը արժեւորուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ։ Դեկտեմբերի վերջին օրերը բնորոշուեցան տօնախմբութիւններով, որոնք թէ՛ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին դպրոցէն ներս եւ թէ աշակերտները հաղորդ դարձուցին մեր արժէքներուն։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022

Թոփգաբուի ընտանիքը տարեմուտի առթիւ համախմբուեցաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած աւանդական հանդէսին ժամանակ։ Ստեղծուած արտասովոր խանդավառութեան մթնոլորտին մէջ տղաքը յաջող ելոյթներով հանդէս եկան՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Նոր տարուան առթիւ փոխանակուած շնորհաւորական մաղթանքներու, նուէրներու, կազմակերպուած խնջոյքներու եւ տօնախմբութիւններու կողքին, կարեւոր է ստեղծել պահ մը՝ խորհրդածութեան, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ճիշդ ինն տարիներ առաջ՝ Սուրիոյ պատերազմի սկզբնաւորութեան, ընտանեօք Հալէպը լքողներու առաջին շարքերէն եղանք, ետին թողելով ամէն ինչ: Տասնամեակներէ ժառանգուած, անթեղուած անապահովութեան նորայայտ բարդոյթը մեզ մղեց նոր ափեր որոնելու պարտադրանքին:

Էջեր