Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

27 Յունուար Շաբաթ օր Սուրբ Սարգիսի յիշատակի տօնն է։ Այս տօնին կը յիշուին նաեւ իր որդին՝ Մարտիրոսը եւ տասնչորս զինուորները։ Սուրբ Սարգիս զօրավար մըն էր, ծնած՝ քրիստոնեայ ընտանիքէ, Կապադովկիայի՝ Քամիրքի շրջանին մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հեշտ չէր ապ­րիլ քա­ղա­քի մը մէջ ու նուի­րուիլ կրթա­կան աս­պա­րէ­զին, երբ ա­մէն օր հրթիռ­ներն ու ա­նոնց կրա­կը հա­րիւ­րա­ւոր ան­զէն մար­դոց մա­հուան պատ­ճառ կը դառ­նա­յին: 
Սար­սա­փե­լին միայն տար­բեր ճա­կատ­նե­րու վրայ պա­տա­հած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չէին, այլ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան վրայ ար­ձա­կուած՝ հա­րիւ­րա­ւոր, գու­ցէ եւ հա­զա­րա­ւոր հրթիռ­նե­րը, ո­րոնց եր­կա­թեայ տաք եւ մահ սփռող բե­կոր­նե­րը մեծ թի­ւով դե­ռա­տի մա­նուկ­նե­րու կեան­քեր խլե­ցին:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան նո­րըն­տիր վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պա­յի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն հետ։ Միու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան մեր կրթա­կան մշակ­նե­րուն մա­տու­ցուե­լիք ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թեր։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը խօսուի հացին Խորհուրդին մասին, կարելի չէ անտեսել մեր ազնիւ բարեկամ՝ բանաստեղծ եւ գրագէտ, ուսուցիչ Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահերի երկու յօդուածները՝ «Հացի ծառեր», «Հացապտղի» եւ «Կաթի ծառեր»ը՝ որոնք հրատարակուած եւ մաս են կազմած իր «Նոյն արեւուն տակ», 1996, գիրքին։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս Կարէն Կարապետեանի շփումները:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը տեսակցեցաւ զանազան երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Սթրազպուրկի մէջ օրակարգի վրայ եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առկայ փակուղին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստի ընթացքին պատասխանեց Թուղրուլ Թիւրքէշի հարցման:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

vԱրցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ կը շարունակուին ռազմական գործողութիւնները
Մոսկուա կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման գծով բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Նախագահ Էրտողան այցելեց Հաթայ՝ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու հրամանատարական կեդրոնը:
«Թուրքիա կը հանդիսանայ ՆԱԹՕ-ի անդամ այն երկիրը, որ ահաբեկչական յարձակումներու կ՚ենթարկուի առաւելագոյն չափով, մինչ այդ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն պէտք է օգտուի՝ համաչափ ուժ կիրառելով»:

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Ծած­կոցս ո՞ւր է, մա՛մ, վեր­ցու­ցե՞ր ես, չեմ կրնար ա­ռանց ա­նոր քնա­նալ, գի­տե՛ս:
Գի­շե­րուան ժա­մե­րուն ի­րա­րան­ցում մը կը ստեղ­ծուի յան­կարծ տան մէջ: Տաս­ներ­կու տա­րե­կան ման­չու­կը հեւ ի հեւ տան բո­լոր ան­կիւն­նե­րը ի­րար կ՚ան­ցը­նէ, ծած­կո­ցը կը փնտռէ:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

Հայաստանի եւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետներուն միջեւ տեսակցութիւն:
Երեւանի եւ Էրպիլի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն յարաբերութիւններու խորացման հնարաւորութիւնները:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԽԽՎ-ի ժողովին ընթացքին:
Սերժ Սարգսեան Սթրազպուրկի մէջ վճռական ոճով պատասխանեց Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ խորհրդարանականի հարցման:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

Էրտողան եւ Թրամփ երէկ անդրադարձան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերու:
Երկու նախագահները կանգ առին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն վրայ: Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ ամփոփելով «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն առաջին հինգ օրուան արդիւնքները:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Անցեալ ամառ, հայ հանրութիւնը մօտէն ծանօթացաւ Հայաստանի ապագայ նախագահի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանին, որ Լոնտոն բնակող հանրայայտ հէքեաթագիր եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է: 2017 թուականի ամրան՝ Յունիս ամսուն, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Նունէ Սարգսեանի հէքեաթներու մատենաշարին շնորհանդէսը:

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ես եմ եր­կին­քէն ի­ջած կեն­դա­նի հա­ցը», (ՅՈՀՎ. Զ 51), կ՚ը­սէ Յի­սուս, ակ­նար­կե­լով յա­ւի­տե­նա­կան այն կեան­քին, որ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հաս­նիլ միա՛յն կեան­քի հա­ցէն ճա­շա­կու­մով։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ հա­ցը խորհր­դա­նիշն է կեան­քին, եւ թէ հա­ցը հա­մա­զօր է կեան­քի։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին, ինչ­պէս միւս բո­լոր ա­ւան­դա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, յա­տուկ տեղ եւ նշա­նա­կու­թիւն կու տայ այն ա­ռա­քի­նի մար­դոց, ո­րոնք ի­րենց օ­րի­նա­կե­լի եւ սրբա­կեն­ցաղ կեանքով ար­ժա­նա­ցած են սուրբ կո­չո­ւե­լու:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

«Երեւանի եւ Փարիզի տեսակէտները գրեթէ կը համընկնին կենսական բոլոր հարցերու շուրջ»:
Մաքրոն յստակ արդիւնքներ կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան զրուցեց Փութինի եւ Մաքրոնի հետ, իսկ այսօր կը խօսի Թրամփի հետ:
Չավուշօղլու եւ Թիլըրսըն տեսակցեցան փարիզի մէջ:
Թուրքիա «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը յառաջ կը տանի՝ սերտ կապ պահելով միջազգային ընտանիքին հետ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը աւարտեցան: Իրանեան տարբեր քաղաքներու (ըստ «Ռէօյթըրզ»ի, իրանեան աւելի քան քառասուն քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցերը) մէջ եղած ցոյցերուն ընթացքին բախումներու հետեւանքով զոհերուն թիւը հասաւ 21-ի եւ ցոյցերուն մասնակցելու եւ խռովութիւններ ընելու պատճառով ձերբակալեալներունը՝ 3700-ի:

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Կա՞յ անձ մը այս երկնակամարին վրայ, որ չէ ըմպած դառնութեան կամ տառապանքի բաժակէն։ Կա՞յ գոյակ մը, որ չէ ունեցած դաժան պահեր, դառնաղէտ դժբախտութիւններ իր համակ կեանքի ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ, կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սէրը անվախճա՛ն է», (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 8)։ Այս խօսքով կը մատնանշուի այն ճշմարտութեան, թէ՝ ննջեցեալները երբեք բաժնուած չեն ապրողներէն եւ մեզ՝ ապրողներուն համար պարտականութի՛ւն է հոգեպէս ապրիլ անոնց հետ։ Քանի որ սէրը անվախճան է, ապա ուրեմն մահն իսկ չի կրնար արգելք մը ըլլալ սիրոյ։

Էջեր