Արխիւ
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ օրակարգի առկայ տարակարծութիւնները սեղանի վրայ:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն բանակցութիւններ կը վարեն յարաբերութիւնները բնականոն հուն վերադարձնելու համար:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ համայնքային կեանքը շատ երկար ժամանակէ ի վեր հեռու է ամբողջութեամբ խաղաղ ժամանակաշրջան մը ունենալէ կամ վայելելէ։ Վերջին օրերուն համայնքէն ներս դարձեալ մտահոգիչ լուրեր շրջանառութեան մէջ մտած են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ», (ՄԱՏԹ. ԻԲ 37)։
Յիսուս, մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը համարեց ասիկա, քանի որ այս պատուիրանին մէջ է, որ կը յայտնուի «յոյս»ը, «հաւատք»ը եւ «սէր»ը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նախորդող չորս գրութիւններով անդրադարձանք աղօթքի ինչութեան մասին, մեր մտածումներուն հիմնական աղբիւր ունենալով Մատթէոսի աւետարանին մէջ արձանագրուած մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ աղօթքի մասին կատարած ուսուցումը: Այդ ուսուցման վերջին հատուածին մէջ Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցով բոլոր ժամանակներու մարդոց կը սորվեցնէ հետեւեալ աղօթքը:
Հիւսիսային Ամերիկայի խումբ մը երիտասարդներ խտացեալ դասընթացքի մասնակցեցան Անթիլիասի մէջ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ աստուածաբանութիւնը ներկայ դարուն համապատասխան դարձնելու հարցին:
«Երեխաները երեխաներու համար» եւ «Մեր պարերը եւ մենք» ծրագրերուն շրջանակներով գործակցութիւն:
Հայաստանէն «Լապտերներ» խումբը քաղաքիս մէջ: Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս ծանօթացման հաւաքոյթ:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ այսօր տեղի կ՚ունենան կարեւոր բանակցութիւններ։ Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ յառաջացած է ձգտեալ վիճակ մը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Մեւլիւտ Ույսալին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետին կողմէ, որուն յանձնեց յուշանուէր մը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութեան Մարսէյլի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը ֆրանսահայ երիտասարդներուն հետ։
Նիկոլ Փաշինեանի բերած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը խոստանար սէր ու համերաշխութիւն՝ դառնացած, մասնատուած եւ յուսախաբուած ժողովուրդին: Մթնոլորտը զտուած է եւ մարդիկ սկսած են շնչել ազատօրէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իմ շրջապատիս մէջ մեծ չէ թիւը անոնց, որոնք իրենց կեանքի կարեւոր մէկ հատուածը անցուցած են ու տակաւին ալ կ՚անցընեն երիտասարդներու հետ: Խօսք, մօտեցում, ապրում, արմատ, էութիւն, տեսակ, ինքնութիւն եւ... մանաւանդ ինքնութիւն: Այս բանալի բառերը Անահիտ Քեշիշեան-Արամունիի ամէնօրեայ ճիգին, ամէնօրեայ ապրումին մաս կը կազմեն:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ժողովրդային բարբառին մէջ տեղ գտած ասոյթները, առածները, պատկերները եւ օրինակները որքա՜ն դիպուկ են ու խօսուն, կարծես իրենց մէջ ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կը պարփակեն։ Ասոյթներ «ստեղծող»ները ընդհանրապէս ժողովուրդի համեստ խաւի մարդիկը, այս պարագային գիւղացիներն են եղած, որոնք իրենց պարզութեամբ ու հեզութեամբ եւ առանց շահադէտ նպատակի ու հասցէագրումի արտաբերած են զարմանազան ու սրտախօսիկ առածներ, որոնք առ այսօր մեր կենսընթացին իրենց այժմէականութիւնը եւ ուժգնութիւնը պահած են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ է ճիշդը եւ ի՞նչ է սուտը։ Կամ ի՞նչ է ուղիղը եւ ի՞նչ է սխալը, ինչո՞ւ որեւէ խօսք կամ գործ շիտակ է եւ ուրիշ մը՝ ծո՛ւռ։ Արդարեւ բոլոր այս հակադրութիւնները մարդկային մտքին նախապաշարումներուն արդի՞ւնքն են, թէ ոչ հիմնուած են անայլայլելի եւ մշտնչենաւոր սկզբունքի մը վրայ։ Ո՞րն է «բարի»ն եւ ո՞րը՝ «չա՛ր»։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի երկրպագութիւնը այնքան չափազանցուած է, որ ամերիկացի պլոկըր Անտրէաս Մոզըր Պաքու եւ Գանձակ կատարած իր այցելութեան ատեն ամէն տեղ բախած է «մեծ առաջնորդ»ի յուշարձաններուն եւ շէնքերուն: Մոզըր իր պլոկին մէջ գրած է երգիծական զեկոյց մը, որմէ հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ զուարճութեան համար:
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յիսուս առաջին եւ ամենէն մեծ պատուիրան որպէս կ՚անուանէ սիրոյ պատուիրանը. նախ՝ այն պատճառով, որովհետեւ այս պատուիրանին առարկան աստուածային առաջին եւ ամենէն մեծ Էութիւնն է, եւ երկրորդ՝ որ այս պատուիրանը ընդհանուր է եւ ամենապտաբեր, որ իր մէջ կը պարունակէ միւս բոլոր պատուիրանները, ինչպէս գեղեցիկ կերպով Սուրբ Օգոստինոսը կ՚ըսէ.
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Հայաստանի դրացի երկիր՝ Վրաստան, ժամանած էր աշխարհի ամենանշանաւոր ու ամենախելացի մարդամեքենան (ռոպոթ)՝ Սոֆիան: Թէ՛ վրացական, թէ՛ միջազգային մամուլը լեցուած էր Սոֆիայի այս այցին մասին նիւթերով, քանի որ Սոֆիան Վրաստան ժամանած էր ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին հրաւէրով՝ մասնակցելու Բաց կառավարութեան գործընկերութեան 5-րդ գագաթաժողովին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոս ուզեց ծնիլ եւ մեծնալ Յովսէփի եւ Մարիամի Սուրբ Ընտանիքին ծոցին մէջ։ Արդարեւ, Եկեղեցին ալ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ «Աստուծոյ ընտանիքը»։
Յաճախ իրենց «ամբողջ ընտանիքով» հաւատացեալ դարձած մարդիկը սկիզբէն իսկ Եկեղեցւոյ կորիզը կազմեցին։
Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ վերջին շրջանին աւելցած են խախտման դէպքերը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Հայաստանի ռուս սահմանապահները Արտաշատի մէջ ձերբակալած են տղամարդ մը, որ կը փորձէր ապօրինի ձեւով անցնիլ սահմանէն։
Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը 9 օգոստոսին պիտի քննէ Քոչարեանի թղթածրարը:
46 երեսփոխան ստորագրած է երաշխաւորագիր մը՝ որպէսզի նախկին նախագահը դուրս գայ բանտէն: Սասուն Խաչատրեան յայտնեց, որ չէ խախտած անմեղութեան կանխավարկածը:
Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ նախկին Սովետական հանրապետութիւններէն Վրաստանի ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալը կրնայ սարսափելի հակամարտութեան մը պատճառ դառնալ։ Մետվետեւ Մոսկուայի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Քոմերսանտ Էֆ. Էմ.» ռատիօկայանին։