Արխիւ
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Եւրոպայի յառաջատար երեք երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր արժանացաւ նոր պարգեւի մը՝ այս անգամ Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին հեռաձայնով յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Նորին սրբազնութեան առաջնորդի պաշտօնէն հեռանալու որոշումը որեւէ առընչութիւն չունի Պոլսոյ վերաբերեալ իր ծանօթ մօտեցումները վերատեսութեան ենթարկելու կամ պատրիարքի թեկնածու ներկայանալու հեռանկարի մը հետ:
Հակառակ պատին վրայ գրուած լոզունգին, խնդիրը բացարձակապէս չունի քաղաքական բնոյթ մը:
Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ այս առաւօտ կար աղբի կոյտ մը, որ մաքրուեցաւ շուտով:
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ «Հէքեաթատօն» մը, որ «Փոքրիկ» կայքէջի նախաձեռնութիւնն էր։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանին առընթեր։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ուրախ Կիրակի մը ապրեցաւ թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան մը առթիւ։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժիւլիէթ Տեմիրճիօղլուն եւ Լինտա Չաղլըն։
Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի վերջերս լոյս տեսած գիրքին շնորհանդէսը։
Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ երէկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Վոսփորի ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութեան նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ աշակերտներ։ Այսպէս, Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանէն եւ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն շուրջ հինգ տասնեակ աշակերտներ ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ազգերը ընդհանրապէս կը ճանչցուին իրենց գրականութեամբ, լեզուով ու մշակոյթով։ Իսկ այն ժողովուրդները, որոնք այլեւայլ պատճառներով աղարտած են իրենց ինքնութիւնն ու ազգութիւնը, չեն կրցած պահել ու պահպանել իրենց ազգութիւնը, դատապարտուած են ձուլումի։
ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Լեզուաբաններ կը ջանան հնամենի տառերու եւ գրութիւններու ուսումնասիրութեամբ վերականգնել անհետացած լեզուներ եւ վերծանել համապատասխան ազգութիւններու պատմութիւնը։
Սակայն ըստ մասնագէտներու, այսօր աշխարհի շուրջ կը խօսուին մօտ 7 հազար լեզուներ, որոնց մօտաւորապէս կէսը պիտի անհետանայ մինչեւ այս դարու վերջաւորութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ քաղաքական նոր «ռումբեր» կը «պայթին» յառաջիկայ օրերուն, պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի Հինգշաբթի առաւօտ կատարած յայտարարութիւնը մասամբ հանդարտութեան մթնոլորտ մը բերաւ հայաստանեան ընդհանուր պատկերին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց 5-րդ Կիրակիին՝ 29 Ապրիլին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի երեւման տօնը՝ անգամ մը եւս յիշելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները, Անոր խաչելութիւնը եւ խաչի վրայ Անոր թափած անմեղ արեան շնորհիւ մարդկային ցեղի փրկութի՛ւնը։
Քորէական թերակղզիի ապամիջուկայնացման համար ի վերջոյ համաձայնութիւն:
65 տարուան լարուածութեան վերջ տալու համար նախագահներու մակարդակով հանդիպում:
Յեղափոխութեան առաջնորդը ամենայն հաւանականութեամբ վարչապետ ընտրուի յառաջիկայ օրերուն:
Նիկոլ Փաշինեան Կիւմրիի երէկուան հանրահաւաքին ընթացքին առարկայ դարձաւ համակրանքի ու զօրակցութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մայր Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Էջմիածին հրաւիրեց Հայաստանի խորհրդարանի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի 116-րդ Պատգամաւորական ժողովի ընդառաջ զգայացունց լուր:
Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան որոշած է այլեւս թեկնածու չներկայանալ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին համար:
Գալֆաեան Տան մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ մանկանց խրախճանք մը։ Սարըեէրի Rotaract ակումբին կողմէ գործադրուեցաւ այս ծրագիրը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ ստեղծուեցան մասնաւոր խաղավայրի մը պայմանները։