Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ներքին ու արտաքին գործօններով պայմանաւորուած բազմաթիւ ազդեցութիւններու լոյսին տակ Թուրքիոյ մէջ նոր շրջան մը կը ձեւաւորուի։ Քաղաքական իրադրութիւնը էապէս կը տարբերի մօտաւոր անցեալէն։ Հաշուի առնելով երկրի առջեւ ծառացած դժուարութիւններն ու մօտաւոր անցեալին յաղթահարուած փորձութիւնները՝ հանրային կարծիքին մօտ զգալի է ընդհանուր վերապահութիւն մը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով։ Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը, ինչպէս նաեւ միջպետական կապերու ապագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Ձեռական աշխատութիւններու ծիրէն ներս աշակերտները իրենց անուններու սկզբնատառերով կերպասէ պայուսակներ պատրաստեցին ու զարդարեցին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր ընկերները։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պէյքոզի եկեղեցիէն ներս ձեռնարկուած բարեկարգման, բարեզարդման եւ ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքներուն շուրջ։
Երէկ առաւօտ Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը գումարուեցաւ՝ նախագահութեամբ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
1920-ական թուականներուն էր, երբ մարաշցիք, այլ հայերու նման ցրուեցան ի սփիւռս աշխարհի եւ օթեւան գտան ասպնջական Հալէպի հիւրընկալ ափերուն եւ Լիբանանի գեղածիծաղ աւանին մէջ։
Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորի գահակալութեան տարեդարձը երէկ նշուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Այս առթիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Պելժիոյ հիւպատոսարանին մէջ։
Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կը հիւրընկալուի՝ որպէս Թուրքիոյ հայկական վաքըֆներու միաւորման ղեկավար։
Պետրոս Շիրինօղլու Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ այսօր կը տեսակցի փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ, որ կառավարութեան կազմէն ներս պատասխանատու է փոքրամասնութիւններու հարցերով։
Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան պատրիարքական եւ համայնքային ընտրութիւններու մասին առկայ խնդիրներն ու շարք մը այլ հրատապ նիւթեր, որոնք ունին լուրջ նշանակութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ, համայն աշխարհի հանդէպ կը յայտարարէ, թէ իր միա՛կ ու միակ պարծանքը Յիսուս Քրիստոսի խա՛չն է։
Գերմանիոյ Քարլսրուէ, Էտլինկէն եւ Պատէն-Պատէն քաղաքներուն մէջ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեան ներքոյ եւ նորաստեղծ Գերմանա-հայկական երաժշտական միութեան կազմակերպութեամբ նախընթաց օր սկսան հայկական մշակոյթի օրերը։
Հանրապետութեան նախագահի Սոչիէ վերջ ուղեւորութիւնները՝ դէպի Քուէյթ եւ Քաթար:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան արաբական երկիրներու ղեկավարներուն հետ կը քննարկէ տարածքաշրջանի իրադրութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Սերկէյ Լաւրով յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Երեւան եւ Պաքու՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը:
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Թաքսիմ մարզակումբի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան աւանդական ընթրիքը։
«Հայփոստ»ի կողմէ թողարկուած դրոշմաթուղթերը Երեւանի մէջ կնքուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
«Աշխարհահռչակ հայեր. Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը» նիւթին ձօնուած հինգ նամականիշ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները տեսակցեցան՝ քննարկելով տարածքաշրջանի կացութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին համակարծիք են, թէ ստեղծուած է գետին մը՝ Սուրիայէ ներս քաղաքական լուծման վրայ կեդրոնանալու համար:
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի կազմերը արդէն բուռն պայքարի մը մէջ ներգրաւուած են ներկայ եղանակին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր այս շաբաթավերջին կը բանայ իր անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսը։ Ան երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի լուսանկարչութեամբ ու կը համագործակցի նաեւ համայնքային մամուլին հետ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը, Արամ Քալէնտէրն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։