Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց քա­ղա­քիս փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Շիշ­լիի «Մա­րիոթ» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, որ ան­ցաւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017

Սի­րե­լի­ներ,
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մե­րազն ժո­ղո­վուր­դին, 3 Ապ­րիլ 2017-ին Իս­թան­պու­լի Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք Բարձշ. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին հետ, ո­րուն մա­սամբ ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Գերշ. Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­նե­րու Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Պրն. Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նախ­կին պոլ­սա­հայ լրագ­րող Գէորգ Պիւ­յիւք­յա­կո­բեան, որ ներ­կա­յիս բնակ­չու­թիւն հաս­տա­տած է Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ առ­կայ փա­կու­ղիին շուրջ գրու­թիւն մը ու­ղար­կած է խմբագ­րու­թեանս։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին ուղ­ղեալ բաց նա­մակ մըն է այս մէ­կը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կը ցո­լաց­նէ հե­ղի­նա­կի անձ­նա­կան հա­յեաց­քը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյս կող­մէ ե­րա­նաշ­նորհ Շնորհք Պատ­րիար­քի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեա­կին առ­թիւ հաս­տա­տուած «Շնորհք Պատ­րիարք-100» մա­տե­նա­շա­րէն լոյս տե­սաւ գե­ղա­տիպ հա­տոր մը եւս. «Ա­ւագ Շա­բաթ»։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թավ­րան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան եւս ներ­կայ գտնուե­ցաւ հան­դիպ­ման։ Ապ­րի­լի 23-ին նա­խա­տե­սուած է այս ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հա­ճե­լի հա­ւա­քոյթ մը։ Դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ծնո­ղաց միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ, վար­ժա­րա­նի բո­լոր դա­սա­րան­նե­րէն ա­շա­կերտ­ներ ներ­կե­ցին հաւ­կիթ­ներ ու պատ­րաս­տե­ցին խմո­րե­ղէն­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Որ­քան որ ար­հես­տա­գիու­թեան մի­ջոց­նե­րը մեզ կը հե­ռաց­նեն շատ սի­րե­լի ժան­րէ մը՝ նա­մա­կա­նիէն, այն­քան հա­րա­զատ ու փայ­փա­յուած կը դառ­նայ գրա­կան այդ ժան­րը, որ դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած է կեն­սու­նակ. մե­ծե­րուն եւ պարզ մար­դոց նա­մակ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ մենք կրցած ենք տես­նել ա­նոնց ապ­րած ժա­մա­նա­կը: Որ­քան յոյ­զեր, ապ­րում­ներ, սպա­սում եւ խորհր­դա­ւո­րու­թիւն կայ թուղ­թին վրայ գրուած, պա­հա­րա­նին մէջ դրուած եւ թղթա­տա­րու­թեամբ ա­ռա­քուած նա­մակ­նե­րուն մէջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վախ»ը՝ որ­պէս զգա­ցում, մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ ըն­դո­ծին, այ­սինքն բնազ­դա­կան ո՛ւժ մըն է, որ կեան­քին ըն­թաց­քը կ՚ո­րո­շէ, կեան­քին գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման նկատ­մամբ կա­րե­ւոր դե՛ր մը կը խա­ղայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն ծրագիրը:
«Արի տուն» ծրագրի ծիրէն ներս այս տարուան առաջին երիտասարդական խումբի այցը սկսաւ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը զրուցեց ռուսական լրատուամիջոցներէ աշխատակիցներու հետ:
Ըստ Վիգէն Սարգսեանի, անհրաժեշտ է արտաքին քաղաքական կարեւոր հարցերու համապատասխանեցումը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ այ­սօր եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Հա­յաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կը հիւ­րըն­կա­լուի Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ, որ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ՝ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Էտուարտօ Էրնէքեանի «Կարաս» գինիի գործարանը կը համագործակցի ֆրանսացի յայտնի գինեգէտի հետ:
Միշէլ Ռոլան վերջին տարիներուն յաճախակիօրէն կ՚այցելէ Հայաստան՝ լրջօրէն նպաստելով այս բնագաւառի զարգացման:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այդ թուա­կան­նե­րէն ան­ցած են տա­սը «եր­կար» տա­րի­ներ: Եր­կար, ո­րով­հե­տեւ տար­բեր ա­ռում­նե­րով եր­կի­րը գե­րին կը դառ­նար քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն եւ մեծ հա­րուած կը հաս­ցուէր Լի­բա­նա­նի տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ո­լորտ­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ձե­ռամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի, Դա­րա­շամ­բի Ս. Ստե­փա­նոս Նա­խավ­կայ վան­քին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Ա­րաք­սի ա­զատ գօ­տիի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գուած ցու­ցաս­րա­հին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս ամ­փո­փեց խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւննե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւն­քը։ «Ար­մէն­փ­րէս» հա­ղոր­դում­նե­րով, քուէար­կու­թեան վեր­ջին ար­դիւն­քի ամ­փոփ­ման զու­գա­հեռ՝ յայտ­նի դար­ձաւ նաեւ, թէ նուա­զա­գոյն պատ­նէ­շը յաղ­թա­հա­րած չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը քա­նի՛ ա­թոռ պի­տի զբա­ղեց­նեն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­ցե­րորդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Խրուա­թիոյ Սփլիտ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ծան­րա­մար­տի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին այս մրցա­շար­քին շրջագ­ծով Հա­յաս­տան ա­պա­հո­վեց ոս­կէ մե­տայլ մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ երկու եկեղեցիներ դարձան ահափեկչութեան թիրախ. 44 զոհ:
Եգիպտոսի մէջ երեք ամիս ժամկէտով արտակարգ դրութիւն հռչակուեցաւ: Վեհ. Հայրապետը ցաւակից Ղպտի պատրիարքին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Ս. Զատ­կի տօ­նի սե­մին «Ա­րաս» եւ «Իս­թոս» հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պե­ցին գրքի հա­մա­տեղ տօ­նա­վա­ճառ մը։ Կա­լա­թա­սա­րա­յի Ա­յա Փա­նա­յա յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ երկ­րորդն էր իր նման­նե­րու շար­քին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Բովանդակ Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է շաբաթավերջին նախատեսուած հանրաքուէին վրայ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին հսկայ հանրահաւաքներով հանդէս եկաւ Իսթանպուլի եւ Իզմիրի մէջ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

​Է­սաեան սա­նուց միու­թեան եւ իր հո­վա­նիին ներ­քեւ գոր­ծող «Մա­րալ» հա­մոյ­թին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Յա­ւեր­ժու­թիւն» մրցոյ­թին ա­ւար­տա­կա­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։ Այս տա­րի երկ­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս պա­րի մրցոյ­թը։

Էջեր