Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մեծահանդէս արարողութիւններուն:
Սամաթիոյ ընտանիքը հոգեւոր հրճուանքով դիմաւորեց Աւագ շաբթուան շրջանը, մինչ մանուկներու օրհնութեան աւանդական կարգը համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Հա­մայն­քա­յին նա­խակր­թա­րան­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան մտա­խա­ղեր, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պուե­ցան ա­ռա­ջին ան­գամ։ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ջակ­ցե­ցան Թուրք ու­ղե­ղի խում­բը, «Akıl oyunları» եւ «Zeka oyunları» խում­բե­րը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­ւագ Շա­բա­թը, իր ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, մե­զի ցոյց կու տայ Քրիս­տո­սի օ­րի­նա­կով, թէ կեան­քը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու, յաղ­թա­նա­կի հաս­նե­լու հա­մար պէ՛տք է անց­նիլ խիստ աշ­խա­տան­քի մը ճամ­բէն, մին­չեւ իսկ չար­չա­րանք­նե­րու մէ­ջէն։ Ուս­տի Յի­սուս իր իսկ կեան­քով, մա­նա­ւանդ իր վեր­ջին օ­րե­րուն բա­ցա­յայտ կեր­պով վկա­յեց թէ՝ մարդ պէ՛տք է չար­չա­րուի որ­պէս­զի հաս­նի իր նպա­տա­կին՝ յաղ­թու­թեան եւ կա­տա­րե­լու­թեա՛ն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նան­ցի­նե­րու կա­րե­ւոր մէկ տո­կո­սին հա­մար «14 Մարտ» քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը ա­ւար­տած են ի­րենց դե­րը: 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ բա­ցուե­ցաւ «Աս­տուա­ծա­մայ­րը հայ­կա­կան պատ­կե­րա­քան­դակ­նե­րու մէջ» լու­սան­կար­չա­կան ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Աս­տուա­ծա­մօր պաշ­տա­մուն­քի պատ­մա­կա­նօ­րէն ձե­ւա­ւո­րուած ար­տա­ցո­լում­նե­րը վաղ քրիս­տո­նէա­կան շրջա­նէն մին­չեւ 18-րդ դար:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

«Զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նադ­րամ»ը Հա­յաս­տա­նի Զբօ­սաշր­ջու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին հետ հա­մա­տեղ Մա­յի­սի 7-ին Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ «Քո­նիա­քի փա­ռա­տօն», որ տեղի կ՚ունենայ Հա­յաս­տանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հովանաւորութեան ներքոյ։ Փա­ռա­տօ­նին նպա­­տակն է հայ­կա­կան քո­նիա­քի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման բարձ­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ ա­ւան­դա­կան եւ նոր շու­կա­նե­րու մէջ ա­նոր հան­րայ­նա­ցու­մը:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

«Էր Ֆրանս» օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ամ­սա­գ­րին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է Հա­յաս­տա­նը զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար գրա­ւիչ դարձ­նող տասն պատ­ճառ­նե­րու:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցի սաներուն տարեկան ուղեւորութիւնը:
Ապագայ դիւանագէտները շնչեցին Պրիւքսելի եւ Վիեննայի միջազգային կառոյցներուն մթնոլորտը:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

Հայաստանի սուրիահայերը կը խրախուսուին երկրի տնտեսութեան համարկման ճանապարհին:
Սփուռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. «Պէտք է ամէն ինչ ընել՝ խնդիրներու արագ եւ համակարգուած լուծման համար»:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

ԿՈ­ՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱ­ՊԵԱՆ

«Ա­նոնք, ո­րոնք Յի­սու­սի առ­ջե­ւէն կ՚եր­թա­յին կամ կը հե­տե­ւէին ի­րեն, կ՚ա­ղա­ղա­կէին. Ով­սան­նա՜ Բարձ­րեա­լին, օրհ­նեալ ըլ­լաս դուն, որ կու գաս Տի­րոջ ա­նու­նով. օրհ­նեա՜լ ըլ­լայ քու թա­գա­ւո­րու­թիւնդ, մեր հօր թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, որ կու գայ» (ՄԱՐԿ. ԺԱ. 9-10)։ «Եւ երբ Յի­սուս ա­ւե­լի մօ­տե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ տե­սաւ զայն, լա­ցաւ ա­նոր վրայ եւ ը­սաւ.- Գո­նէ այ­սօր գիտ­նա­յիր, թէ ի՛նչ բա­նի մէջ կը կա­յա­նայ խա­ղա­ղու­թիւնդ։ Բայց այ­լեւս պի­տի չկրնաս տես­նե­լ» (ՂՈՒԿ. ԺԹ. 41-42)։­

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

Շուէ­տի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Սթոք­հոլ­մի մէջ ե­րէկ պա­տա­հե­ցաւ սար­սա­փե­լի դէպք մը։ 
«Ի­քոթ» պե­տա­կան հե­ռուս­տա­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, չորս ան­ցորդ­ներ սպան­նուած են, երբ մայ­րա­քա­ղաք Սթոք­հոլ­մի մէջ վրա­յեր­թի են­թար­կուած են բեռ­նա­կառ­քի մը կող­մէ:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը «Շիրինօղլու» սրահին մէջ հիւրընկալեց դպրոցի համակիրները, որոնց տրամադրութեան տակ դրուեցաւ ճոխ տեսականի մը:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­մե­րի­կեան մար­մին­նե­րու կող­մէ ձեր­բա­կա­լուե­լէն շա­բաթ­ներ ա­ռաջ Շէյխ Ապ­տիւլ Ռահ­ման ե­լոյթ մը կ՚ու­նե­նար CNN կա­յա­նէն: Այդ ե­լոյ­թով էր նաեւ, որ պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րո­ղի հար­ցու­մին կը յայ­տա­րա­րէր, որ ինք կտրա­կա­նա­պէս դէմ է զի­նեալ ո­րե­ւէ ձե­ւի գոր­ծու­նէու­թեան:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահ­քի 40 օ­րե­րը կը հաս­նին ա­հա­ւա­սիկ ի­րենց լրու­մին։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին կը բո­լո­րէ 40 օ­րուայ պա­հե­ցո­ղու­թեան շրջա­նը։ Այս շրջա­նը, ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնուի, ինք­զինք զրկե­լու, հե­ռու պա­հե­լու շրջան մըն է աշ­խար­հա­յին շատ մը սո­վո­րու­թիւն­նե­րէ, կեր­պով մը ըն­թաց­քը փո­խե­լով կեան­քին եւ ընդ­հա­նուր ապ­րե­լա­կեր­պին՝ գո­նէ մի­ջո­ցի մը հա­մար։ Այս օ­րե­րը ան­ցան նաեւ ա­ղօթ­քով, բա­րե­գոր­ծու­թեամբ, ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեամբ, ինք­նաքն­նու­թեամբ, ա­պաշ­խա­րու­թեան ան­կե՛ղծ խոս­տո­վա­նու­թեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

Համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն նահատակուած հոգեւորականներու ոգեկոչում:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յուշապատին առջեւ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի բարդ ի­րա­վի­ճա­կի մը ծնունդ կու տայ մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զօր­քե­րը ռմբա­կո­ծե­ցին Սու­րիան։ Այս­պէ­սով Ռու­սաս­տա­նէն վերջ ԱՄՆ-ն ալ աս­տի­ճա­նա­բար ներգ­րա­ւուած ե­ղաւ Սու­րիոյ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017

Վեր­ջին օ­րե­րուն հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ե­րե­ւա­նէն Ա­լեքս Գա­լայ­ճեան-Լիա­նա Գրի­գո­րեան ե­րի­տա­սարդ ա­մո­լը։ Շատ հա­ճե­լի զրոյց մը ու­նե­ցանք մեր հիւ­րե­րուն հետ, ո­րոնք մե­զի յայտ­նե­ցին, թէ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը հե­տե­ւին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին։ Ա­լեքս Գա­լայ­ճեան ծնած է Հա­լէ­պի մէջ ա­պա ան­ցած է Պէյ­րութ՝ ու­սում ստա­նա­լու Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ճե­մա­րա­նէն ներս։

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ընտրեալ-տեղապահն ու ընդհանուր փոխանորդը երէկ որոշ չափով զարգացուցին իրենց երկխօսութիւնը, սակայն չկրցան հասնիլ վերջնական արդիւնքի:
Առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ քննարկումները շարունակուեցան մինչեւ կէսօրուան ժամերը: Շօշափելի տեղաշարժի մը բացակայութիւնը օրակարգէ դուրս թողուց Իսթանպուլի կուսակալութեան հետ նոր շփումի մը պարագան: Յետմիջօրէին Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր տեսակցեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ: Նորին Սրբազնութիւնը վաղը պիտի մեկնի Մարսէյլ, ուրկէ պիտի վերադառնայ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին եւ այդ փուլին դարձեալ պիտի վերակենդանանայ գործընթացը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ինչ­պէս երէկուան յօ­դուա­ծի վեր­ջին բաժ­նին մէջ նշե­ցինք, Ե­գիպ­տո­սի «Ալ Օք­սոր» քա­ղա­քին մէջ ե­ղած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մը բա­ւա­կան ծանր հե­տե­ւանք­ներ կ՚ու­նե­նար, մին­չեւ այդ թուա­կա­նը ներ­քին խլրտում­ներ ապ­րող իս­լա­մա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու տար­բեր շեր­տե­րուն մէջ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին հո­գին ալ ի­րեն յա­տուկ ե­ղա­նակ­նե­րը ու­նի։
Ա­ռա­ջին ակ­նար­կով թե­րեւս տա­րօ­րի­նակ թուի հո­գիին ե­ղա­նակ­ներ ու­նե­նա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, բայց ու­նի՛, կեան­քի ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին մէջ մարդ­կա­յին հո­գին «ե­ղա­նակ»ներ կ՚ապ­րի՝ եր­բեմն զուարթ գա­րուն, եր­բեմն ջերմ ու ե­ռան­դուն ա­մառ, եր­բեմն տխուր եւ տրտում ա­շուն եւ եր­բեմն ալ խստա­շունչ եւ յու­սա­բե­կիչ ձմեռ…։

Էջեր