Արխիւ
Դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ Ռուսաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ։ Հասան Ռուհանի դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Մոսկուայի Պետական համալսարանէն ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտարարեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորմամբ։ Ան այս մասին յայտնեց ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առթիւ Պաքու ուղարկած նամակին մէջ։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ արձագանգեց օր մը առաջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ստորագրութեամբ Պատրիարքարանէն հրապարակուած զեկոյցին։ Նորին Սրբազնութիւնը «Պարտադիր լուսաբանութիւն մը» խորագրեալ յայտարարութեան մէջ ներկայացուցած է վերջին հինգ-վեց ամիսներու իրադարձութիւնները։
ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ երէկ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը՝ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն համար:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք պատուոյ հիւրն էր «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընթրիքին: Ներկայ էին մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքեր:
Երէկ երեկոյեան գումարուեցաւ Թաքսիմ մարզակումբի հերթական ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն։ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի «Չոպանօղլու» փողոցի համալիրէն ներս։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ յառաջիկայ Կիրակի պիտի ժամանէ Իսթանպուլ։
Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, նախընթաց օր առաւօտեան Նորին Սրբազնութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարած էր, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի հասնի Իսթանպուլ եւ իր ժամանման հաւանական օրն է՝ Ուրբաթ։ Ըստ երեւոյթին, ընթացքին եղած են կարգ մը փոփոխութիւններ, որոնց լոյսին տակ ընտրեալ-տեղապահի ժամանման օրը ճշդուած է՝ որպէս Կիրակի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Հայր Զաքարիա Բաղումեան վերջերս արժանացաւ ծայրագոյն վարդապետի աստիճանին։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ իր թեզի պաշտպանութիւնը եւ այդ փուլը յաջողութեամբ աւարտելէ վերջ ծայրագոյն վարդապետի տասն աստիճանները իրեն շնորհուեցան Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայկական գիտական աշխարհը վերջին օրերուն ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է ակադեմիկոս Վլատիմիր Բարխուդարեան։ 90 տարեկան հասակին վախճանեցաւ ականաւոր պատմաբան Փրոֆ. Վլատիմիր Բարխուդարեան, որուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։ Իր կենսագրութիւնը դժուար թէ կարելի ըլլայ ամփոփել սահմանափակ սիւնակի մը մէջ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան երաժշտական շքեղ տօնի մը մէջ է. Մարտ 26-ին մեկնարկած է եւ տակաւին կը շարունակուի «Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնը, որ Հայաստանի լաւագոյն փառատօններէն մին է: ԺԱՄԱՆԱԿ այցելեց «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի գրասենեակը, ուր ձեռնարկի կազմակերպչական մարմնի երիտասարդ ու գործունեայ աշխատակիցները մեզի տրամադրեցին տեղեկութիւններ այս տարուան ծրագրին եւ փառատօնին մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յովհան Մանդակունի Հայրապետ ապրած եւ գործած է մօտաւորապէս 420-490 թուականներուն։ Ան եղած է «կրտսեր թարգմանիչ»ներէն՝ որպէս արժանաւոր աշակերտ Ս. Սահակ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի յաջորդած սերունդին։
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ արարողակարգին համաձայն, տարուան ընթացքին որոշ տօներու եւ սուրբերու յիշատակութիւններու օրերուն կը կատարուին ջուրի, ձէթի, կարագի եւ խաղողի օրհնութեան կարգեր: Նշեալ կարգերէն՝ ձէթի օրհնութեան կարգը ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ Ս. Քառասուն մանուկներու յիշատակութեան օրը, որ Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Մեծ պահքի հինգերորդ՝ Դատաւորի Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը։ Սա Զաւէն Պիպեռեանի գործն է, որ կը կոչուի «Անկուտի սիրահարներ»։
«Հայաստանի ներդրողներու ակումբ» պայմանագրային նորաստեղծ ֆոնտը:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շարժման կ՚անցընէ ռուսահայ գործարարներու ներուժը:
ԵԱՏՄ-ի երկիրներու կապի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի նախարարներուն առաջին հանդիպումը:
Երեւանի ժողովին մասնակիցները հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ այցելեցին Երեւան, իսկ այսօր շփումներ կ՚ունենան Արցախի ղեկավարութեան հետ:
Ըստ Ռիչըրտ Հակլընտի, սեղանի վրայ կը գտնուին խելամիտ առաջարկներ եւ երեք մասէ բաղկացեալ ծրագիր մը մշակուած է հակամարտութեան լուծման համար:
Վաղը Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Երկու երկիրներուն միջեւ մօտաւոր անցեալի ճգնաժամային կացութիւնը թէեւ յաղթահարուած է, սակայն անոնց օրակարգը միշտ կը մնայ ծանրաբեռնուած։
Եթէ նախապէս Հայաստանը կը նոյնացուէր միայն քոնիաքի հետ, այսօր, սակայն, աշխարհի մէջ իր տեղը ունի նաեւ հայկական գինին: Euromag պարբերականը խորհուրդ կու տայ մայիսեան տօները անցընել հայկական՝ կարմիր կամ սպիտակ եւ կամ վարդագոյն գինիի մէկ գաւաթի շուրջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի ընտրանին։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու աւարտին Հայաստան յաղթանակ տօնեց 2-0 արդիւնքով։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Ծիծեռնակ» ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութիւնը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Օփերայի երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին մրցանակի մը արժանացաւ նաեւ պոլսահայ մեներգչուհի Սիպիլ, որ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։
Մերազն համայնքի սիրեցեալ զաւակներ,
Հաւաքական մեր կեանքէն ներս վերստին կը դիմագրաւենք դժուարութիւններ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ալեկոծումներուն վրայ վերջին օրերուն նոր երեսակներ աւելցան՝ Հոգեւորականաց համագումարի կողմէ տեղապահի ընտրութեան փուլին։